Լեւոն Արսլանեան

Արսլանեան Լեւոն Միքայէլի (գրուած նաեւ՝ Ասլանեան, բժշկը կոչուած է նաեւ՝ Լեւոն Արսլան, 1867, Մեզիրէ, Խարբերդի գավառ, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1915, Գյումուշխանե, Գյումուշխանեի գավառ, Տրապիզոնի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բժիշկ։

Լեւոն Արսլանեան
Ծնած է 1867
Ծննդավայր Մեզիրէ, Խարբերդի գավառ, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Գյումուշխանե, Գյումուշխանեի գավառ, Տրապիզոնի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Լեւոն Արսլան ծնած է 1867 թուականին, Խար­բեր­դի նա­հան­գի Խար­բեր­դի գա­ւա­ռի Մե­զի­րէ քաղաքին մէջ՝ կաթոլիկ ծնողներու բազմազավակ ընտանիքի մէջ։ Բժիշկներ՝ Զարեհ Պօղոս, Արտաշէս ու Հրանդ Արսլանեաններու եղբայրն է։

Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրի հայ կաթոլիկներու ծխական դպրոցին մէջ, այնուհետեւ սորված է Մեզիրէի Սուլթանիէ (պետական) երկրորդական վարժարանին մէջ։ 1905 թուականին աւարտած է Կ. Պոլ­սոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը։ Երկար տարիներ Տրա­պի­զո­նի թաղապետական բժիշկ աշխատած է եւ հայ, յոյն ու թուրք բնակչութեան շրջանին մէջ մեծ յարգանք վայելած է։ Ամուսնացած եւ 2 զաւակ ունեցած է՝ Հիլտա եւ Կայել։

1915 թուականի Մայիսին, ընտանիքի անդամներուն եւ եղբօր՝ Արտաւազդ Արսլանեանին հետ տեղահանուած է։ Եղած է Տրապիզոնի առողջապահական տնօրէն՝ բժիշկ Ալի Սայիպի, սադրանքներու զոհը։ Այդ վայ-բժշիկին կոչած են նաեւ «Երե­խա­ներ թու­նա­ւո­րող»։ Այդ ընթացքին հիւանդացած է ժան­տախ­տով, ապա ապաքինուած։ 1915 թուականին Յունիսին/Յուլիսին, Կա­րն­ոյ զինուորական հրամանատարէն հեռագիր ստացած է, թէ՝ զինուորական հիւանդանոցի բժիշկ նշանակուած է։ Մի քանի օրէն եղբօր՝ Հրանդի եւ այլոց հետ իր վարձած կառքով ճամփայ ելած է դէպի Կարին։ Կիւմիւշխանէ հասնելուն պէս, Օսմանեան բանակի զինուորները Ալի Սայիպի հրամանով՝ անոր, Հրանդ եղբօրը եւ միւս ճամփորդներուն ախոռ մը են տարած ու սպանելու պատրաստուած են։ Բժիշկը խնդրածէ իրեն սպանել մէկ գնդակով, սակայն թուրքերը՝ 48 տարեկան Լեւոնին ու եղբօրը, սրախողխող սպանած են։ Ականատես զինուորներէն մէկը, ազգութեամբ յոյն, բժիշկ եղբայրներուն գիշերը գաղտնօրէն տարած եւ թաղած է փոսի մը մէջ։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Սահակեան Լիլիկ, Ոճրագործները չխնայեցին նոյնիսկ մարդու կեանքը փրկողներին, «Առող­ջա­պա­հու­թիւն», Երեան, 1965, թ. 4։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
  • Հայրապետյան Վանիկ, Էջեր Հայաստանի դեղագործության պատմությունից, Երեւան, 1990։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մեջ եւպատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • Խաչատրեան Լ., Բաբլումեան Ա., Ցուցակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու (1915-1923 թթ.), հ. 2, Խարբերդի նահանգ, Երեւան, 2004։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։