Լեւոն Ա․ Ռուբինեան

Լեւոն Ա Ռուբինեան (ծն.թ. անյայտ–1139), Կիլիկիայի Հայոց գահակալ իշխան 1129–1137–ին։ Կոստանդին Ա–ի որդին։ Յաջորդեց եղբօրը՝ Թորոս Ա իշխանին, որուն գահակիցն ու զօրավարն էր։ Ռազմական տաղանդի, քաջութեան համար ժողովուրդը Լեւոնին անուանած է Նոր Աժդահակ։ Լեւոնի գահակալման առաջին տարին, Թորոս Ա–ի մահէն անմիջապէս յետոյ, Կիլիկիոյ վրայ յարձակեցան հիւսիս–արեւելքէն սելճուկ թուրքերը, հարաւ–արեւելքէն՝ խաչակիր ասպետները։ Խելամտօրէն օգտագործելով սելճուկ թուրքերու ու խաչակիրներու միջեւ եղած թշնամանքը՝ Լեւոնը առանձին–առանձին ջախջախեց ու վտարեց անոնց Կիլիկիայէն։ 1132–ին Լեւոնը բիւզանդական տիրապետութենէն ազատագրեց Կիլիկիոյ ծովեզերեայ հայաբնակ շրջանները։

Լեւոն Ա․ Ռուբինեան
Ծնած է 11-րդ դար
Մահացած է 14 Փետրուար 1140
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Բիւզանդական Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն միապետ
Ծնողներ հայր՝ Կոստանդին Ա?
Երեխաներ Մլեհ, Թորոս Բ?, Ռուբեն Ռուբինյան? եւ Ստեփան Ռուբինյան?
Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն, 1135

Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն, 1135 Այնուհետեւ Լեւոնը, դաշնակցելով Եդեսիոյ կառավարիչ Ճոսլինին եւ Հալէպի Զանգի ամիրային, 1135–36–ին յաջողութեամբ կռիւներ մղեց Անտիոքի դքսութեան ու Երուսաղէմի թագաւորութեան դէմ, ընդարձակեց իշխանութեան սահմանները դէպի հարաւ–արեւելք։ Անտիոքի դուքս Ռայմոնտը Մարաշի դուքս Բաղդինի աջակցութեամբ 1136–ին խարդախաբար ձերբակալեց Լեւոնին, որ ազատ արձակուեցաւ Մամեստիա, Ատանա, Սարուանդիքար քաղաքները Թայմոնդին զիջելուց, 6000 դուկատ փրկագին վճարելէն յետոյ։ Նոյն թուականին Լեւոնը պարտութեան մատնեց Ռայմոնտին եւ վերստին գրաւեց յիշեալ քաղաքները։ Բիւզանդիայի յարձակման սպառնալիքի պայմաններուն, շուտով Լեւոնը եւ Ռայմոնտը հաշտուեցան։ Լեւոնը հերոսական դիմադրութիւն կազմակերպեց 1137–ի յուլիսին Կիլիկիա ներխուժած բիւզանդական մեծաթիւ ուժերու դէմ։ Սակայն շրջապատման մէջ իյնալով, անձնատուր եղաւ Յովհաննէս Կոմնենոս կայսրին։ Վերջինս Լեւոնին, անոր կնոջը եւ երկու որդիին՝ Ռայմոնտին եւ Թորոսին, շղթայակապ ուղարկեց Կոստանդնուպոլիս։ Այստեղ 1138–ին սպաննեցին գահաժառանգ Ռայմոնդին։ Վիշտէն վախճանեցաւ նաեւ Լեւոնը։ Իսկ Թորոսը (Թորոս Բ.) 1143–ին կարողացաւ փախչիլ գերութենէն եւ վերականգնել Հայոց ընդհատուած պետականութիւնը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։