Մլեհ
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Մլեհ (ծն.թ.անյայտ–1175), Կիլիկեան Հայաստանի Մեծ իշխան 1169-ին։ Լեւոն Ա. Ռուբինեանի որդին։ Յաջորդած է եղբօրը՝ Թորոս Բ–ին։ Հօր գերեվարութեան տարիներուն ապրած է Եդեսիոյ մէջ՝ քեռիին մօտ։ Այնուհետեւ իր եղբայր Ստեփանէի հետ աւելի քան երեք տասնամեակ գլխաւորած է հայկական բանակը, եռանդուն աջակցած է Թորոս Բ–ին՝ երկրի ազատագրման եւ պետականութեան կայունացման գործերուն մէջ։ Հռչակ ստացած է իր քաջութեամբ ու հմուտ դիւանագիտութեամբ։ 1160–ական թթ. 2 կէսին, արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն մէջ հակարակելով Թորոս Բ–ի հետ, արտաքսուած է երկրէն։ Թորոս Բ–ի մահէն յետոյ Մլեհը վերադարձած է հայրենիք, գրաւած է իշխանանիստ Վահկան եւ հռչակուած՝ Մեծ իշխան։
Մլեհ | |
---|---|
Ծնած է | 12-րդ դար |
Ծննդավայր | Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն |
Մահացած է | 15 Մայիս 1175 |
Մահուան վայր | Սիս, Կիլիկիոյ Հայկական Իշխանութիւն |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Իսլամութիւն եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցի |
Մասնագիտութիւն | միապետ |
Ծնողներ | հայր՝ Լեւոն ԱԼեւոն Ա Ռուբինեան |
1171-72–ին, երկրէն վտարելով խաչակիր ասպետները ու ֆրանկ հոգեւորականները, բռնագրաւած է Կիլիկիոյ մէջ անոնց յատկացուած կալուածները։ Պարտութեան մատնած է խաչակիրներուն աջակցող Անտիոքի դքսութեան եւ Երուսաղէմի թագաւորութեան միացեալ ուժերուն։ 1173–ին Հալէպի ամիրա Նուր ադ Դինի զինական օգնութեամբ ջախջախած է բիւզանդական զօրքը, գրաւած է Տարսոն, Ատանայ եւ Պոմպեապոլիս քաղաքները, ազատագրած է Դաշտային Կիլիկիայի մեծ մասը։ Նոյն թուականին Կիլիկեան Հայաստանի նոր մայրաքաղաքը հռջակած է վերակառուցած է Սիսը։ Մլեհը դաժանորէն պատճած է իր քաղաքական գծին ընդդիմացող հայ իշխաններուն եւ լատինամոլ կղերականներուն։ Ի վերջոյ Մլեհը դարձած է պալատական դաւադրութեան զոհ։ Ստեփանէի որդին Ռուբէն Բ. դաւադիրները դատապարտած է մահապատժի, իսկ Մլեհի դին, իր զէնք ու զրահով, ամփոփած է Մեծքար վանքը։