Լեւոն Յարութիւն Իշտոյեան, (3 Սեպտեմբեր, 1947, Գիւմրի, Հայկական ԽՍՀ, ԽՍՀՄ) խորհրդային հայ ոտնագնդակ խաղացող, խաղացած է ԽՍՀՄ-ի ֆութպոլի հաւաքականէն եւ Արարատ Երեւանէն իբրեւ յարձակող։

Լեւոն Իշտոյեան
Ծնած է 3 Սեպտեմբեր 1947(1947-09-03)[1] (77 տարեկան)
Ծննդավայր Լենինական, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
Մասնագիտութիւն ֆութպոլիստ, ֆուտբոլային մարզիչ

1971-ին եղած է մարմնամարզութեան ախոյեան։

1988-ին արտագաղթած է ԱՄՆ եւ Լոս Անճելըսի մէջ բացած է ֆութպոլի դպրոց՝ Արարատ, իսկ 2008-ին՝ Իշտոյանի ֆութպոլի ակադեմիա։

Կեանքը

Խմբագրել

Ծնած է Գիւմրի: Տարի մը մաս կազմելէ ետք «Շիրակ» խումբին, 1968-ին միացած է «Արարատ»ին, որուն հետ 1973-ին նուաճած է Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի ախոյեանութիւնը եւ երկու անգամ բաժակը:

1971-1974 թուականներուն մաս կազմած է Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի հաւաքականին, որուն հետ նշանաւոր մրցում մը ունեցած է Պոլսոյ մէջ, Թուրքիոյ հաւաքականին դէմ:

Մրցումին ընթացքին թուրք յետսապահը շատ մեծ դժուարութիւն կ'ունենայ զինք զսպելու եւ խմբակիցներէն մէկուն կ'ըսէ. «Արջի պէս մարդ է»: Իշտոյեան, որ թրքերէն գիտէր, անմիջապէս կը պատասխանէ. «Այը պապան տըր» (Արջը հայրդ է):

Յաջորդ օրուան թրքական մամուլը այս միջադէպին կ'անդրադառնայ, իսկ թրքական թերթի մը գլխաւոր վերնագիրը կ'ըլլայ. «Հայ մը թուրքի մը ա՛րջ ըսաւ»[2]:

Գիւմրեցիները իրենց յատուկ սրամտութեամբ կ'առասպելացնեն զինք:

«Արարատ» խումբը 1973-ին կը նուաճէ Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի ախոյեանութիւնը եւ բաժակը: Բաժակի աւարտական մրցումը տեղի կ'ունենայ Մոսկուայի մարզադաշտին վրայ, Տինամօ Քիեւի դէմ: Մրցումին 61-րդ վայրկեանին, իրաւարարը Տինամօ Քիեւին կը շնորհէ փենալթի մը, որ կոլի կը վերածուի: Երբ կը կարծուէր, թէ մրցումը պիտի աւարտէր ի նպաստ Քիեւի, վերջին վայրկեանին Լեւոն Իշտոյեան կը նշանակէ հաւասարութեան կոլը: Խաղը կ'երկարաձգուի: Իշտոյեան կը նշանակէ կոլ մը եւս, «Արարատ» կը նուաճէ Խորհրդային Միութեան բաժակը եւ գիւմրեցիք կ'առաջարկեն. «Երեւանի մէջ գտնուող «Բարեկամութեան ձեռքեր» յուշարձանին փոխարէն տեղադրեցէ՛ք Լեւոն Իշտոյեանի ոտքերը»:

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Գրիգորեան Ա.Գ. Լեւոն - Յարութիւնի որդին- «Ուրարտու» թերթ - թիւ 2002:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել