Լեւոն Փաշալեան
Լեւոն Փաշալեան (1863, Սկիւտար, Թուրքիա - 1943), հայ գրող։
Լեւոն Փաշալեան | |
---|---|
Ծնած է | 1863 |
Ծննդավայր | Սկիւտար, Թուրքիա |
Մահացած է | 1943 |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԻրապաշտներու գրականութեան հասրակաց գիծը՝ կեանքէն պատկերներ, կը կազմէ նաեւ Փաշալեանի պատմուածքներուն նկարագիրը։ Սակայն, գրագէտէն անկախ, անիկա նաեւ կազմուած հրապարակագիր մը եւ քրոնիկագիր մըն է, որուն քիչ էջերուն մէջ, այդ սեռերուն մէկ վարպետը կայ (Քիչ՝ որովհետեւ Փաշալեան ամէնեն անցողիկ գրագէտներէն մէկը եղաւ մեր մէջ, պարզապէս անոր համար՝ որ, արժանիքներ ունենալով հանդերձ, գրականութեան կիրքը կամ հաւատքը չունեցաւ):
Իր ամէնէն սրտայոյզ պատմուածքներուն իսկ ճամբով («Նոր զգեստը», «Վերջին համբոյր»ը, «Դրացուհին»), Փաշալեան նախ հոգեկան մեծ տրտմութիւններու արտայայտիչն է։ Կը սիրէ թանձր տխրութիւնները, ողբերական ըլլալու չափ ծանր թախիծը՝ երբ տիպարներ կ՛առնէ մեր ժողովուրդէն՝ անոնց տուներէն, սրտերէն եւ ապրումներէն ներս փնտռելու եւ գտնելու համար պարտկուած կամ լռութեամբ հասունցած վիշտեր։ Մարդկային ըլլալէ երբէք չի դադրիր այդ տխրութիւնը։ Երբ կը կարդաս իր պատմուածքները, բնազդդ քեզի կ՛ըսէ թէ ու՛ր պիտի հասնի վախճանը պատումին։ Անոր համար՝ որ անբռնազբօս ու եղերականօրէն իրական բաբախումով մը կ՛ապրին իր տիպարնենը ու կեանքէ՛ն մեզի տրուած են, եւ ոչ՝ երեւակայութենէն։
Գործեր
ԽմբագրելՔանի մը ուրիշ պատմուածքներու մէջ («Ցեղին ձայնը», «Ղալաթիոյ Րեսթը», «Տէրտէրին Ուխտը») տարբեր գծով մը ի յայտ կու գայ Փաշալեանի դիտելու եւ պատմելու մեծ շնորհը․- Ասոնց մէջ, հայ հոգին կամ նկարագիրը իրենց առհաւական, ժառանգական, անփոխելի կարգ մը բնութագծերով կը յատկանշուին։ Յամառ հայրենասիրութիւնը, ցիղայնութիւնը, տոկունութիւնն ու չարքաշութիւնը, արժանապատուութեան զգացումը՝ շօշափելի իրողութիւններ են իր տիպարներուն մէջ, որոնք Հայեր են․ յամառ Հայեր։
Ինչպէս առհասարակ բոլոր իրապաշտներուն՝ բայց մանաւանդ իր քով շեշտուած կերպով կեանքի հակադրութիւններուն սեւեռելու մղումը կայ։ Իր տիպարները ազնիւին ու անազնիւին, չարին ու բարիին, բախտաւորին ու դժբախտին, տկարին ու զօրաւորին հակադրութիւնը կը պատմեն, միշտ մեր սրտին հետ հաշտ ընթացքով մը։ Առհասարակ արցունք կը բերեն անոնք իրենց հետ, որովհետեեւ կեանքի մէ՛ջ իսկ արցունքով եւ խորին տրտմութեամբ վերջ կը գտնեն բոլոր այդ պայքարները կամ ճակատագրական բախումները։ Զօհրապները, Կիւրճեանները, Արփիարեանները եւ Փաշալեանները ուրիշ բան չըրին, բայց եթէ փնտռել Հայուն տառապանքի ու վշտի աղբիւրները՝ իր առօրեայ, ընտանեկան եւ ընկերային կեանքին մէջ, — շուկային մէջ, տան մէջ, ազգին մէջ․ սիրոյ ճակատին վրայ, ընտանեկան շրջապատի մէջ, մեր հաւաքական կեանքին մէջ։ Կարդացէ՛ք անոնցմէ որեւէ մէկը, ու պիտի հաստատէք որ անոնք կեցած են կեանքի խաղերուն ու դաւերուն առջեւ՝ մեր միամտութիւնը, կուսութիւնը, բարութիւնը կամ գաղափարականութիւնը հակադրելու համար աշխարհի չարիքներուն, կեղծին եւ ունայնութեան։
Ծնած է Սկիւտար (Պոլիս) եւ յաճախած է Պերպերեան վարժարան։ Թարգմանութիւններով մուտք գործեց գրական ասպարէզ, 1884-ին։ Տարի մը ետք, նոյն տարուան գրական հրատարակութիւններուն մասին իր կողմէ ստորագրուած տեսութիուն մը՝ կը գրաւէ ուշադրութիւնն Եղիա Տեմիրճիպաշեանի, որ հետեւեալ կերպով կ՛ուղջունէ զինք «Երկրագունտ»ի էջերէն[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։