Լոյս (հանդէս, Պոլիս)

«Լոյս», կրօնական, բարոյական եւ ընտանեկան կիսամսեայ հանդէս (hետագային՝ շաբաթաթերթ)։

Լոյս
Լույս
Տեսակ հանդէս
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1874
Երկիր  Օսմանեան Կայսրութիւն
Գրասենեակ Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն

Պատմական ակնարկ

Խմբագրել

Լոյս տեսած է 1874-1885 թուականներուն, Կ. Պոլսոյ մէջ։ Խմբագիրներ՝ Հ. Դիմաքսեան, Մ. Գափամաճեան։ Կրօնական քարոզներու, բարոյական եւ այլ խրատներու միջոցով աւանդած է Աւետարանի սկզբունքները։ Տպագրած է յօդուածներ Հայաստանի պատմական անցեալի, ազգային խնդիրներու, երեխաներու դաստիարակութեան վերաբերեալ։ Վերջին շրջանին կարեւոր տեղ յատկացուցած է երգիծանքին որպէս հասարակական կեանքի արատները վերացնելու միջոց։ Տպագրած է նաեւ Կ. Պոլսոյ ազգային վարչութեան, պատրիարքականի, դպրոցներու, ուսումնական խորհուրդներու գործունէութեան մասին, բանաստեղծութիւններ, տնտեսագիտական զրոյցներ։ Թերթին աշխատակցած են Յ. Պարոնեանը (1879 թուականէն), Գ. Մալէզեանը, Ա. Ֆածէկեանը, Դ. Սթիմարաճեանը եւ ուրիշներ։ 1882 թուականէն հրատարակուած է համանուն շաբաթաթերթ «Գաւառական թերթ» ենթավերնագիրով՝ նախատեսուած գաւառական թղթակիցներու համար[1][2]։

1895-1908 թուականներ

Խմբագրել

1895-1908 թուականներուն շարունակած է լոյս տեսնել: խմբագիրներն էին՝ Մ. Սուլթանեան, Հ. Մարք։ Ունեցած է կրօնաբարոյախօսական ուղղութիւն։ «Լոյս»ը հիմնականին մէջ տպագրած է դաստիարակչական բնոյթի նիւթեր։ Թարգմանաբար, երբեմն նաեւ բնագրով, ներկայացուցած է նմուշներ եւրոպական եւ թուրք, գրականութենէն։ Ազգային կեանքի վերաբերեալ նիւթերը գերակշռաբար նուիրուած են դպրոցական-կրթական խնդիրներուն եւ սորվողներուն գործնական գիտելիքներով զինելու անհրաժեշտութեան։ Ծանօթացուցած է նաեւ ժամանակի քաղաղաքական անցուդարձին։ Վերջին շրջանին «Լոյս» վերածուած է՝ կանանց նուիրուած պարբերականի, որ բացառապէս անդրադարձած է ընտանիքի մէջ կնոջ դերի բացայայտման ու նոր սերունդի դաստիարակութեան հարցերուն, հրատարակած չափածոյ եւ արձակ գեղարուեստական գործեր։ Աշխատակցած են Զ. Մոմճեանը, Մ. Փափազեանը, Հ. Արշակեանը, Տ. Կիւլպէնկեանը եւ ուրիշներ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Վիեննայի մենաստանին մամուլին շտեմարանը- ԼՈՅՍ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-26 
  2. «Համահայկական թվանշային գրադարան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-12-26-ին։ արտագրուած է՝ 2023-01-10 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։