Լուսաբաց (հանդէս)
«Լուսաբաց», ամէնամեայ գրական-գեղարուեստական ժողովածու։ Հանդիսացած է Վրաստանի «Հայարտան», 1929-էն՝ Վրաստանի խորհրդային գրողներու ֆետերացիայի հայկական մասնաճիւղի հրատարակութիւնը։ Լոյս տեսած է 1927-1931-ին, Թիֆլիսի մէջ։ Տպագրած է Վրաստանի մէջ ստեղծագործող հայ գրողներու արձակ եւ չափածոյ գործերը; Հանդէսին աշխատակցած են Ալեքսանտր Շիրուանզադէն, Նար-Դոսը, Մ. Արագին, Գուրգէն Մահարին, Վեսպերը եւ ուրիշներ։
Կերպարուեստի բաժինը ներկայացուցած է Մարտիրոս Սարեանի, Գ. Շարբաբչեանի Գ. Գրիգորեանի (Զիոտտօ), Գ. Գիւրջեանի, Ու. Քոչարեանի, Ս. Թարեանի եւ ուրիշներու աշխատանքները։ Երաժշտական բաժնին մէջ նոթագրուած տպագրած է Ա. Տիգրանեանի, Վ. Տալեանի, Կ. Զաքարեանի, Ա. Մանուկեանի գործերը։ Թարգմանաբար ծանօթացուցած է վրաց գրողներու ստեղծագործութիւններուն։