Խաչատուր Միսաքեան
Խաչատուր Միսաքեան, ծնած է Սկիւտարի մէջ (Պոլիս):
Խաչատուր Միսաքեան | |
---|---|
Պատկեր:Khacatur Misakyan.jpg | |
Ծնած է | 1815 |
Ծննդավայր | Սկիւտար (Պոլիս) |
Մահացած է | 1895 |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Ֆրիստինիա |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՄանկութեան օրերէն իսկ ապրած է վանատուներու եւ եկեղեցիպերու նտերմութեան մխջ։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ սկիւտարի հոգետան եւ դպրոցին մէջ, եւ կրռնաշունչ երաժշտութեան իր սէրը՝ զինք կապուած կը պահէ միշտ ս« Կարապետ եկեղեցիին։ Հոգետան վանականներէն եւ Վենեսիկեաններու Սեղբոսեան գրադարանէն կ՝ օգտուի, ընթերցումի իր սիրոյն գոհացում տալու համար։ Կ՝աձանագրենք այս մանրամասնութիւնը՝ ընդգծել տալու համար կրօնաշունչ գործերու, բանասիրական փորձերու, գրաբարին եւ ւրաբար քերթութեան իր ախորժին ծագումը։ Միսաքեանի համար ըսուած է, թէ «առեղծուած» մըն է մնաղած իր գիտութեամբ, խառնուածքով, մտաւորական մարդու անհատականութեամբ։ Պէտք է հաւատալ, որ հոգիով տրամադրուած էր գրին եւ գրականութեան, տեսակ մը ծարաւ էր մատեաններու պաշտամունքը իրեն համար, թէեւ համապատասխան վաստակ մը ձգած չըլլայ մեր կեանքին մէջ,-յաճաակ՝ աննշմար, քիչ անգամ՝ երեւնամլու չափ յանդուգն ոպ համարձակ։ Ժամանակակիցնհերու վկայութեան համաձայն, հայերէն մասնաւոր դասերու հետեւած է Կարնեցի Գրիգոր Շէքէրեան անունին քով «Պուէտ» վերնագիրը կու տայ այն օրէն, երբ, հազիւ քսան տարու քսան տարու, Ճեմարանի բացումին առիթով կ՝ արտասանէ վրթին գրաբարով ինքնագիր քերթուած մը, եւ ամիրայի մը կողմէ հրապարակային փայփայանքի կ՝ արժանանայ.-«Շատեր արդէն կը կոչուին վարժապետ անունով, եւ որովհետեւ դուն լաւ ստանաւոր ալ կը գրես՝ արժանի ես պոցէտ տիտղոսին: Ասկէետքը պուէտ պիտի անուանենք քեզ»:
1838-ին ուսուցչութեան կը կանչուի Ճեմարանի մէջ, իբրեւ հայկաբան։ Իրեն կ՝ աշակերտին «Մասիս»ի ապագայ խմբագիրը՝ Կարապետ Իւթիւքժճեան եւ բժիշկ-ժողովականներ՝ Ֆերուխան Բարունակ եւ Ստեփան փաշա Արսլանեան: 1840-ին կը հրաժարի Ճեմարանի ուսուցչական պաշտօնէն եւ մասնաւոր դասեր կու տայ ջոջերու զաւակներուն: 1845-ին, հօր մահէն ետք, մայրը կը վերամուսնանայ: Այս պարագան խորհապէս կ՝ազդէ իր հիգիին: Կը հեռանայ հօրենական տունէն, կ՝ապրի առանձին, կը դառնայ մարդախոյս ու մենասէր, եւ կը վորհանայ բանասիրական աշխատանքներու մէջ։ Մինչեւ 1848, երբ կը մեկնի Փարիզ, իբրեւ հսկիչ Պետրոս աղա Խորասանքժճեանի ուսանող զաւակներուն, մխրճուած է ձեռագիրներու եւ մատեաններու մէջ։ Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ, մօտաւորապէս երկու հազար էջ ձեռագիր կը պատրաստէ հանդէսի մը համար՝ զոր ծրագրած էր հրատարակել յակոբ Կրնիկեանի նիւթական աջակցութեամբ: Այս երազը իրականութիւն չի դառնար, ինչպէս բազմաթիւ տարբեր ծրագիրներ՝ որոնք գրաւած են միշտ իր միտքը: Մինչեւ 1858, երկու գրքոյկներ միայն հրատարակած է,- «Եպիմենդէս ի Վոսփոր» եւ «Կուրաց դաստիարակութիւն»: աւէլի ուշ, կը հրատարակէ «Տքնուլիւն հայրենասիրի» հատորը, որ գաղափար մը կու տայ Մոսաքեանի միտաքը մ իտքը տանջող մտածումներու, ապրումներու եւ յուշերու մասին: Հատաենք անմիջապէս, որ Միսաքեան հուետան տագնապի մը գերին դ աւելի քան քսանհինգ տարի, Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէչ իր բնակութեան ընթացքին: Քէն ըրած է մարդոց դէմ, դառնութիւն կուկակուած է իր հոգիին մէջ, չ՝ուզեր ու չի փնտռեր բարեկամութիւնն ու մտերմութիւնը իր անմիշական շրջանակին: Աւլի կը մտածէ կը զգայ, կը ծրագրէ ու կ՝երազէ՝ քան կը գործէ: Կեաքի վախը ունի:
1892-ին «Մասիս»ին մէջ հրատարակած է հատուած մը «Սոփիա» անուն վէպէ մը, զոր գրած է սակայն չէ հրատարակած: «Դիպուածը» խորագրուած այդ հատուածը՝ հրատարակուած է նաեւ Ղ. Աղաեն, Յովհ. Թումանեան, Վ. Փափազեանի խմբագրատութեամբ «Հայ Գրողներ»ու Բ. Հատորին մէջ (137-168): Վիպամոլիկ-րոմանդիք հակամիտութիւններով, պատմելու եպ դէմքեր ու դէպքեր փոխանցելու նախնական ձեւով մը, Միսաքեան ի յայտ կը բերէ սակայն լէզուական որոշ շնորհներ, բաղդատաբադ 1850-1860ական թուականներու հասարակաց, ընթացիկ լեզուն։ Կարելի չէ ըսել թէ վէպ մըն է Միսաքեանի «Սոփիա»ն. Վիպականացում է հրապարակագրական ներքին թելադրանքներու եւ անհատական տըսակէտներու, խորհրդական բնոյթով եւ որող հետաքրքրականութեամբ։
Միսաքեան մէկն է Զարթօնքի սերունդի առաջին ներկայացուցիչներէն, բազմերախտ ուսուցիչ եւ մտաւորական մարդ, որուն բարիի, գեղեցիկի եւ ճշմարիտի պաշտամունքը՝ հետագային կեանքի հանգանակ պիտի դառնայ Պերպերեանի համար։
1871-ին կը վերադառնայ Պոլիս, միջոց մը ուսուցչական պաշտօն կը վարէ սկիւտարի եւ Գատըգիւղի վարժարաններուն մէջ, կ՝ենտրուը ազգային երեսփկոխան ու դիրք կը ճշդէ նորերու դէմ (ուրկէ իր տարակարծութիւնները՝ Ռուսինեանի եւ ուրիշներու հետ): Կը մեռնի 1891-ին[1]:
Ծանռօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Ա (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 2005։