Խաչիկ Թէօլէօլեան
Փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան (ծնած է Հալէպ, 30 Օգոստոս 1944-ին)[1]: Գրականագետ, հրապարակախօս, սփիւռքագէտ: Ան սփիւռքագիտութեան բնագաւառի հիմնադիրներէն մէկն է: Ան Զօրեան Հիմնարկի տնօրէններու խորհուրդի անդամ է: Արձակագիր, հրապարակագիր ու խմբագիր, կրթական մշակ եւ կուսակցական գործիչ Մինաս Թէօլէօլեանի որդին է:
Խաչիկ Թէօլէօլեան | |
---|---|
Ծնած է | 30 Օգոստոս 1944 |
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Քաղաքացիութիւն | ԱՄՆ |
Ազգութիւն | Հայ |
Ուսումնավայր |
Հարուըրտ Համալսարան Ռոտ Այլընտի Համալսարան Պրաուն Համալսարան Ուեսլեական համալսարան? Հարուարտ քոլեճ |
Կարողութիւն | գրականագէտ, հրապարակախօս |
Մասնագիտութիւն | Գիտնական, մասնիկային (մոլեքիւլային) կենսաբանութեան, Harvard համալսարան, «Brown» համալսարանէն՝ տոքթորական գիտութիւններու թեկնածու՝ համեմատական գրականութեան մէջ |
Աշխատավայր | Դասախօս «Wesleyan University»ի մէջ |
Ծնողներ | Մինաս Թէօլէօլեան |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՓրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան ծնած է Հալէպ, Պոլսահայերու ընտանիքի մէջ։ Ան Ապրած է Պոլիս, Գահիրէի, ապա Պէյրութ: 16 տարեկանէն ի վեր կը բնակի ԱՄՆ֊ի մէջ։[2]
Բարձրագոյն Ուսում
ԽմբագրելԱն ստացած է մասնիկային (մոլեքիւլային) կենսաբանութեան պաքալորէայի աստիճանը Հարվըրտի համալսարանէն, իսկ «Brown» համալսարանէն՝ տոքթորական գիտութիւններու թեկնածու՝ համեմատական գրականութեան մէջ:
Համալսարանի Դասախօս
ԽմբագրելԱն դասաւանդած է Միացեալ Նահանգներու, Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Հայաստանի մէջ։ Իսկ ներկայիս կը դասաւանդէ Ամերիկայի անձնական Ուէսլիըն «Wesleyan University» Համալսարանի մէջ,(wɛsliən/ WESS-lee-ən)։
Հրապարակագրութիւն, գիտական ամսագրի հիմնադիր-խմբագիր
ԽմբագրելՓրոֆ.Թէօլէօլեան յօդուածներ հրապարակած է բազմաթիւ նիւթերով, ինչպէս՝ ամերիկացի վիպասան Թոմաս Փինչընի եւ անոր ստեղծագործութեան «Pynchon Notes», ահաբեկչութեան, պատմութեան, ազգայնականութեան եւ սփիւռքի մասին։
Փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան 1991 թուականէն ի վեր հիմնադիր-խմբագիրն է՝ «Diaspora: A Journal of Transnational Studies» գիտական ամսագրի հանդէսին: Ան ուսումնասիրած է բնակչութեան եւ մշակոյթներու շարժունակութիւնը, ինչպէս նաեւ գաղթի մակարդակի բարձրացումը Արեւմուտքի մէջ, թէ ինչպէ՞ս այդ կը դառնայ էթնիք եւ սփիւռք եւ ինչպէ՞ս իրենց հերթին կը վերակազմաւորուին ազգերու, պետութիւններու գրականութիւնը, մշակոյթը եւ քաղաքականութիւնը:
Ան նաեւ հիմնադիր-խմբագիրն է՝ անգլերէն «Սփիւռք. Անդրազգային հետազօտութիւններու պարբերաթերթի»ն:
Երկեր
ԽմբագրելՕմար Խայեամ: Քառեակներ, 1976: տիտղթ. (Առաջաբանը՝ Խաչիկ Թէօլէլեանի): Սփիւռքի մէջ = «Dia-spores 1980» Սփիւռքահայութիւն- Պատմութիւն [3]
Հայերէն հրատարակեր է 100֊էն աւելի յօդուածներ Փարիզի Յառաջ թերթին մէջ, որոնցմէ ընտրանի մը հրատարակած է գիրքով՝ «Սփիւռքի մէջ»( Յառաջ Haratch Press, Փարիզ, 1980)։
Հրատարակութիւն
Խմբագրել- Tölölyan Khachig (1996)։ «Rethinking diaspora(s): Stateless power in the transnational moment»։ Diaspora 5 (1): 3–36։ doi:10.1353/dsp.1996.0000
- Tölölyan Khachig (1991)։ «The Nation-State and Its Others: In Lieu of a Preface»։ Diaspora 1 (1): 3–7։ doi:10.1353/dsp.1991.0008
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Հայ գիրք
- ↑ «Ինքնագիր գրական հանդէս Խաչիկ Թէօլէօլեան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-07-17-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-15
- ↑ ՀԱՅ ԳԻՐՔ
- ↑ «Khachig Tölölyan»։ Google Scholar
Աղբիւրներ
Խմբագրել- ԽԱՉԻԿ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ. «ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱԳԵՑՈՒՄԸ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ Է, ԲԱՅՑ ՇԱՏ ՅԱՃԱԽ՝ ԱՐԻՒՆՈՏ…»
- Սփիւռքի Քաղաքականութեան Ռազմավարութեան Հայեցակարգը. Նախագիծ 2019 թ.
- Սփիւռքի Քաղաքականութեան Ռազմավարութեան Հայեցակարգը. Նախագիծ 2018 թ.
- Lebanon to the US, Professor Khachig Tölölyan Refl ects on 34 Years of Change
- Խաչիկ Թէօլէօլեան | սփիւռքները եւ սփիւռքագիտութիւնը վերջին տասնամեակին Archived 2020-07-15 at the Wayback Machine.