Խաչիկ Ճանոյեան
Խաչիկ Ճանոյեան (Ծնած է Մուսուլ, Իրաք): Համայնքային գործիչ, խմբագիր, Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութեան ատենապետ եւ հիմնադիրներէն մէկը: Հիմնադիր եւ ղեկավար Հայ Ընտանեկան Շաբաթօրեայ վարժարանին:
Խաչիկ Ճանոյեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Մուսուլ, Իրաք |
Ազգութիւն | Հայ |
Կարողութիւն | Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութեան ատենապետ |
Մասնագիտութիւն | Լեզուագիտութիւն՝ Սպաներէն, Հայագիտութիւն: |
Աշխատավայր | Ուսուցիչ, Ղեկավար Հայ Ընտանեկան Շաբաթօրեայ վարժարանին |
Երեխաներ | երեք զաւակ եւ հինգ թոռնիկ: |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԽաչիկ Ճանոյեան շատ փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ մայրն ու հայրը: 1956-ին կը տեղափոխուի Պաղտատ, Իրաք: 1966-ին կ՛աւարտէ Պաղտատի պետական համալսարանը, վկայուելով լեզուագիտական Քոլէճի սպաներէնի բաժինէն:
Պաղտատի մէջ եղած է գործօն անդամ ՀԲԸՄ-ի:
1968-ին անցնելով Պէյրութ, Լիբանան հայագիտական ուսումը կը ստանայ Երուանդ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկէն եւ նոյն տարիներուն:
1972-ին կը վերադառնայ Պաղտատ, որպէս հայերէնի ուսուցիչ:
1973-ին կ՛անցնի Արժանթին, ուր կը վարէ ՀԲԸՄ-ի Պուէնոս Այրեսի մասնաճիւղի վարիչ քարտուղարի պաշտօնը:
1975-էն ի վեր կ՛ապրի եւ կը գործէ Լոս Անճելըսի մէջ:
35 տարի շարունակ հիմնած եւ ղեկավարած է անվճար Հայ Ընտանեկան Շաբաթօրեայ վարժարանը:
1979թ. ապրիլին հիմնուեցաւ Իրաքահայերու միութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ։ Միութեան գլխաւոր նպատակն էր, եւ մինչեւ այսօր կը գործէ նոյն համոզումով, ծառայել հայ ժողովուրդին ուր որ կարիքը կայ. մեր նիւթական եւ բարոյական միջոցներով: Որովհետեւ մենք խորապէս կը հաւատանք, որ հայկական միութիւնները կեանքի կը կոչուին եւ իրենց կեանքը կիմաստաւորեն ծառայութիւններ մատուցանելով: Այսպէս, 1979թ. ի վեր մինչեւ այսօր միութիւնը կե պահէ ԱՆՎՃԱՐ շաբաթօրեայ վարժարան մը: 38 տարիներու ընթացքին 1600-է աւելի փոքրիկներ մեր դպրոցը յաճախած են եւ հայերէն լեզու, երգ, պար, եւ ասմունք սորված են: - Խաչիկ Ճանոյեան
|
Մեծապէս նպաստած է գաղութահայ մշակութային եւ գրական կեանքին:
Ամուսնացած է, ունի երեք զաւակ եւ հինգ թոռնիկ:
Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութիւն
ԽմբագրելԽաչիկ Ճանոյեան, հիմնադիրներէն է եւ ատենապետը 1979-ին հաստատուած Իրաքահայերու միութեանը:
Պատուագիր
Խմբագրել2010-ին, Խաչիկ Ճանոյեան՝ Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութեան ատենապետ յատուկ պատուագիր մը կը ստանայ Հայաստանի կառավարութեան սփիւռքի նախարարութենէն, անոր եւ միութեան հայրենաշէն գործունէութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերը ամրապնդելուն համար:
Ան նաեւ արժանացած է շարք մը այլ գնահատագիրներու:
Պատուոյ քաղաքացիութիւն
Խմբագրել1996-ին, Հայաստանի իշխանութիւնները, Խաչիկ Ճանոյեանի 60րդ տարեդարձին առիթով, անոր շնորհած են Հայաստանի պատուոյ քաղաքացիութիւն:
Անդամակցութիւն
Խմբագրել1969էն ի վեր անդամակցած է ՌԱԿին: Ան նաեւ անդամ է ՀԲԸՄին: Խաչիկ շատ գործօն տարր մըն է Լոս Անճելըսի մէջ։ ՀԲԸՄ-էն, ԹՄՄ-էն եւ ՌԱԿ-էն ներս տարած է եւ կը տանի բազմաբեղուն աշխատանք:
Ուսուցչական ասպարէզ
Խմբագրել1968-ական տարիներուն, Խաչիկ Ճանոյեան Պէյրութ, Լիբանանի մէջ կը զբաղի ուսուցչութեամբ: Խաչիկ Ճանոյեան եղած է ՀԲԸՄ վարժարաններուն մէջ ուսուցիչ ու հայկական բաժնի պատասխանատու: Ան ատենապետն է «Թէքէեան»ի Հայ ընտանեկան միութեան Շաբաթօրեայ վարժարանի հոգաբարձութեան
1972-ին, Պաղտատին մէջ կը պաշտօնավարէ որպէս հայերէնի ուսուցիչ:
1973-ին, Խաչիկ Ճանոյեան մաս կը կազմէ Արժանթինի Մարի Մանուկեան վարժարանի հիմնադրմանը դառնալով անոր հիմնադիրներէն մէկը:
Խրճիթներէն Մինչեւ բազմայարկ շէնքեր Արժանթինահայ վարժարաններուն ծագումն ու զարգացումը Վարդան Մատթէոսեան
Խմբագրական աշխատակցութիւններ
ԽմբագրելԽաչիկ Ճանոյեան խմբագրած է Հարաւային Ամերիկայի, Պուէնոս Այրեսի ՀԲԸՄ միութեան եռամսեայ «Լուսաբաց» պաշտօնաթերթը: Ան կ՛աշխատակցի «Նոր Օր» եւ «Նոր Կեանք» թերթերուն: Ան եղած է «Նոր Օր»ի վարչական պատասխանատու, խմբագիրի օգնական եւ խմբագրական կազմերու անդամ:
«Հայաստան» համահայկական հիմնարկ
ԽմբագրելԽաչիկ Ճանոյեան մաս կը կազմէ «Հայաստան» համահայկական հիմնարկին:
1979-ին հաստատուած Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութիւնը, ղեկավարութեամբ Խաչիկ Ճանոյեանի, միշտ օժանդակութեան ձեռք երկարած է Հայաստանին, ներառեալ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Խրճիթներէն Մինչեւ բազմայարկ շէնքեր Արժանթինահայ վարժարաններուն ծագումն ու զարգացումը Վարդան Մատթէոսեան էջ 305 Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.
- Ներգաղթի մեծ աշխատանքը փոքր գաղափարներէ եւ աշխատանքներէ կրնայ ծնունդ առնել եւ պտուղներ տալ Archived 2017-07-26 at the Wayback Machine.
- Խաչիկ Ճանոյեան Կը Պարգեւատրուի Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.
- Խաչիկ Ճանոյեան Archived 2017-10-28 at the Wayback Machine.
- Երեխաներու Հիմնադրամի Տարեկան 17-րդ Թելեթոնը
- ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ ՆՊԱՍՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.
- Իրաքի Հայերը Գիտաժողով Conference on Armenians of Iraq Խաչիկ Ճանոյեան, «Իրաքահայերը Մ. Նահանգներու մէջ»