Խաչիկ Սէրայտարեան

Խաչիկ Սէրայտարեան (անյայտ, Սեբաստիա, Սեբաստիոյ նահանգ - 1915, Եւդոկիա/Զիլէ), հայ դեղագործ։

Խաչիկ Սէրայտարեան
Ծննդավայր Սեբաստիա, Սեբաստիոյ նահանգ
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Եւդոկիա
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն Եւդոկիոյ դեղագործական դպրոց
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Սեբաստիոյ նահանգի կեդրոն՝ Սեբաստիա քաղաքին մէջ։ Աւարտած է Եւդոկիոյ դեղագործական դպրոցը։ Եղած է Եւդոկիոյ անուանի դեղագործներէն մէկը։ 1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ իբրեւ զինուորական դեղագործ ծառայած է։ Սպանուած է 1915 թուականին՝ Եւդոկիոյ/Զիլէի մէջ։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Ալպօյաճեան Ա., Պատմութիւն Եւդոկիոյ հայոց, Գահիրէ, 1952։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965 թթ.), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
  • Հայրապետեան Վանիկ, Էջեր Հայաստանի դեղագործութեան պատմութիւնից, Երեւան, 1990։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • Խաչատրեան Լուսինէ եւ Բաբլումեան Արփինէ (կազմողներ), Ցուցակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի (1915-1923 թթ.), գիրք 1, Սեբաստիայի նահանգ, Երեւան, 2004։

Աղբիւր

Խմբագրել

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։