Գերսամ Ահարոնեան

Գերսամ Ահարոնեան (9 Նոյեմբեր 1916(1916-11-09)[1], Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 20 Յունուար 1981(1981-01-20), Պէյրութ, Լիբանան), լիբանանահայ խմբագիր, հրապարակագիր, մանկավարժ, ազգային-քաղաքական գործիչ։

Գերսամ Ահարոնեան
Ծնած է 9 Նոյեմբեր 1916(1916-11-09)[1]
Ծննդավայր Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 20 Յունուար 1981(1981-01-20) (64 տարեկանին)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Ազգութիւն Հայ[1]
Կրօնք Հայ Աւետարանական Եկեղեցի
Ուսումնավայր Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն
Մասնագիտութիւն հրապարակախօս, մանկավարժ, հանրային գործիչ
Աշխատավայր Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն[1]
Անի (ամսագիր)[1]
Զարթօնք[1]
Երվանդ հյուսիսային հայագիտական հիմնարկ?[1]
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր
Անդամութիւն Թէքէեան Մշակութային Միութիւն[1]
Կուսակցութիւն Ռամկավար ազատական կուսակցութիւն[1]
Ամուսին Սոնա Վարդապետեան
Ծնողներ Փանոս Ահարոնեան
Երեխաներ Շահէ, Անահիտ-Նուարդ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Գերսամ Փանոսի Ահարոնեան ծնած է 9 Նոյեմբեր 1916-ին, Մարաշ, զէյթունցի ընտանիքի մէջ։ Եղբայրն է Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Յովհաննէս Ահարոնեանի։ Ան յաճախ կը շեշտէր իր զէյթունցի ըլլալը, որովհետեւ կ՛ուզէր իր անունը կապել Կիլիկիոյ հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի մէջ իր հայրենակիցներունՙ զէյթունցի ազատամարտիկներու հայրենասիրութեան[2]:

Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, ընտանեօք կ՚ապաստանին նախ Ատանա, ապա՝ Ալէքսանտրէթ, ուրկէ կը տեղափոխուին Հալէպ։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ վարժարանին, իսկ երկրորդականը՝ Ալեփփօ Գոլէճին մէջ 1929-էն 1935։ 1935-էն 1937 կ՚ուսանի Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Վարժապետանոցի բաժինին մէջ, տեսուչ ունենալով Վահան Թէքէեանը, իսկ տնօրէն՝ Դոկտ. Յակոբ Թոփճեանը։ Աւարտելէն ետք, մինչեւ 1942 կը դասաւանդէ նոյն Հաստատութեան մէջ։

Պէյրութ վերադառնալով, ան կը դառնայ British Mission-ի մամլոյ կցորդ, միեւնոյն ժամանակ Միջազգային եւ Հայոց Պատմութիւն կը դասաւանդէ ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններուն մէջ, գրեթէ 30 տարի[3]։ 1966-էն կը դասաւանդէ ՀԲԸՄ-ի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկէն ներս, աւանդելով Հայոց Պատմութիւն եւ Հայաստանի Պատմական Աշխարհագրութիւն։

1948-ին կը ստանձնէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Զարթօնք» պաշտօնաթերթին խմբագրապետի պաշտօնը, որ կը վարէ մինչեւ մահը՝ 1981։

1969-ին Նիւ Եորքի Միջազգային Ակադեմիան, Գ. Ահարոնեանին կը շնորհէ Պատուակալ Դոկտորի կոչում։

Գերսամ Ահարոնեան կը մահանայ 1981 Յունուար 20-ին, Պէյրութի մէջ։

Ազգային գործունէութիւն

Խմբագրել

1942-ին, Գերսամ Ահարոնեան կ՚անդամակցի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան։ Տարբեր տարիներու եւ տարբեր հանգամանքներով անդամակցած է ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան։

Ահարոնեան հիմնադիրներէն է նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան (1947)։

Անդամակցած է նաեւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբին, որուն ատենադպիրը եղած է երկար տարիներ։ 1961-ին կ’արժանանայ «ՀԲԸՄ-ի Վեթերան»ի վկայականին[3]։

Հեղինակութիւններ

Խմբագրել
  • «Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ» 1964
  • «Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի 1915-1965» (խմբագրակից Նազարէթ Թօփալեան) 1965, 1987
  • «Հայկական Հարցի Արաբ Ժողովուրդի Հանրային Կարծիքին Առջեւ» (Արաբերէն) 1965
  • «Խոհեր Յիսնամեակի Աւարտին (Զարթօնքի Խմբագրականներու Շարք» 1966
  • «ՌԱԿ-ի Խօսքը» 1971
  • «Հատընտիր Խմբագրականներու» կազմեց՝ Անդրանիկ Տագէսեան, 1996

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել