Խաղողի խխունջ (լատիներէն՝ Helix pomatia)։ Անոնց կարելի է հանդիպիլ անտառներուն մէջ եւ խոնաւ վայրերու մէջ։

Խաղողի խխունջ
Խխունջներ
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Կենդանիներ
Տիպ Փափկամարմիններ
Դաս Փորոտանիներ
Կարգ Թոքավոր խխունջներ
Ընտանիք Հելիցիդներ
Ցեղ Helix
Տեսակ Helix pomatia
Լատիներէն անուանում
Helix pomatia
Հատուկ պահպանութիւն
Արեալ
պատկեր


Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ

ITIS 77907
NCBI 6536

Կը սնանին տերեւներով՝ յատկապէս խաղողի տերեւով, ուրկէ ալ յառաջացած է անոր անունը։

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, խխունջները սկսած են տարածուիլ Կեդրոնական եւ Հարաւ-Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներէն։

Հին ժամանակներէն մարդիկ խխունջը օգտագործած են ուտելիքներու մէջ եւ անիկա հասանելի է բոլոր խաւերու ներկայացուցիչներուն։

Հռոմէացիները եւ յոյները

Խմբագրել
 

Յոյները եւ հռոմէացիները շատ կը սիրեն խխունջ ուտել: Անոնք կը հաստատեն խխունջի առաջին անասնաբուծութիւնները, որոնք կը կոչուէին քոքլէարիա: Ապա խխունջ ուտելու նորոյթը վերիվայրումներ կ'արձանագրէ:

ԺԹ. դարուն, խոհարարները կը սկսին առաջարկել «Ա լա պուրկինիոն» խոհագիրը, պատրաստուած կարագով, սխտորով, ազատքեղով եւ սոխի տեսակով մը: Այդ ժամանակէն ի վեր, խխունջ ուտելը շքեղ սովորութիւն մը դարձած է:

Գեղեցկութեան սեր

Խմբագրել
 

Այս հոգատարութեան միջոցը շատ տարածուած է Ճափոնի մէջ եւ սկսած է ընդունուիլ ամբողջ աշխարհին մէջ: Խխունջները կը դրուին դէմքին վրայ, եւ անոնց լորձունքը կը թափանցէ մորթին մէջ` զայն աւելի պայծառ եւ փայլուն դարձնելու համար:

Խխունջին լորձունքը հարուստ է ջուրով, հետեւաբար ան այդ ջուրը մորթին մէջ անցնելու յատկութիւնը ունի: Նոյն ատեն ան կնճիռներու դէմ կը պայքարի եւ զանոնք սպիացնելու կարողութիւն ունի: Իսկ անոնց համար, որոնք չեն սիրեր, որ այս սահող փոքրիկ անասունները պտտին իրենց դէմքին վրայ, կան նաեւ խխունջի լորձունքով պատրաստուած սերեր:

Լորձունքը

Խմբագրել

Խխունջը պէտք է իր ոտքերուն մէջ գտնուող մկանները կծկէ, որպէսզի քալէ, սակայն գետնին վրայ կան տեսակաւոր առարկաներ, որոնք կրնան զայն վիրաւորել:

Հետեւաբար, աւելի դիւրին սահելու եւ պաշտպանուելու համար խխունջը կ'արտադրէ մեծ քանակութեամբ լորձունք: Այս լորձունքը արտադրելու համար ան պէտք ունի ջուրի: Այս պատճառով է, որ երբ սաստիկ անձրեւ ըլլայ, խխունջները իրենց ծակերէն դուրս կ'ելլեն: Այս պատճառով է նաեւ, որ անոնք անմիջապէս կը պահուըտին երբ օդը կը սկսի տաքնալ: Անոնք կը մտնեն իրենց պատեանին մէջ` աւելի լաւ եւ անձրեւոտ օրեր սպասելով:

Սակայն խխունջին լորձունքը անոր կը ծառայէ նաեւ իր թշնամիները վախցնելու: Երբ ան ինքզինքը վտանգի մէջ կը զգայ, ան կրնայ լորձունքի պղպջակներու ամպ մը արտադրել, որպէսզի վրան չյարձակին:

Հետաքրքրական տեղեկութիւններ

Խմբագրել
  • Բնութեան մէջ խխունջը կ'ապրի միջին հաշուով 10 տարի:
  • Խխունջը կը յառաջանայ 1 վայրկեանուան մէջ 6 սմ. արագութեամբ:
  • Խխունջը ունի 4 շրթներ եւ 1 մէկ ակռայ:
  • Այդ ակռան անոր կ'օգնէ ուտելիքները բռնելու: Ապա լեզուն է, որ գործի կ'անցնի: Անիկա օժտուած է հազարաւոր մանր ակռաներով:
  • Խխունջը բերանէն չի շնչեր, այլ մորթէն: Ան այնքան բարակ է, որ խխունջը կրնայ նոյնիսկ անոր ընդմէջէն խմել:
  • Հակառակ իր շօշափուկներուն ծայրը զետեղուած աչքերուն, խխունջը ունի վատ տեսողութիւն եւ ոչ գունաւոր: Իր ճամբան գտնելու համար ան կը գործածէ յատկապէս իր հոտառութիւնը:
  • Խռնջայլներն ալ պատեան մը ունին: Սակայն ան շատ մանր է, եւ զետեղուած մորթին տակ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Carl Linnaeus (1758). Systema naturae per regna tria naturae, secundum classes, ordines, genera, species, cum characteribus, differentiis, synonymis, locis. Tomus I. Editio decima, reformata. pp. [1–4], 1–824. Holmiae. (Salvius).
  2. Խխունջները