Հոտառութիւն, հոտառութեան կեդրոն՝ քիթի գաւիթին մակերեսը: Հոտառութեան ջիղի ծայրամասեր՝ անմիջականօրէն միշտ ենթակայ արտաքին աշխարհի ազդեցութիւններուն, որոնք ներքին քիթի մակերեսային թաղանդին մէջէն անցնելէ ետք, կը միանան իրարու, կը մտնեն ոսկրային գաւիթը, ապա կ'ուղղուին դէպի ուղեղ երկու մեծ անջատ ջիղերու կազմութեամբ. այս երկու ջիղերը կը կոչուին հոտառութեան մայր ուղեղ:

Հոտառութիւնը որո՞նց համար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ

Խմբագրել

Հոտառութիւնը անասուններուն համար աւելի մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ քան մարդոց: Կարգ մը վայրի անասուններու համար հոտառութիւնը կենսական է՝ կեանքի համար, որովհետեւ անոնք հոտառութեամբ իրենք զիրենք կը պաշտպանեն թշնամիներէ եւ կը տիրանան իրենց նախասիրած պաշարին:

Հոտառութիւնը մարդուն կը ծառայէ առաւելաբար հաճոյքի համար եւ կ'օգնէ համի զգայութեան:Բնական պայմաններու մէջ, մարդիկ կրնան զանազանել միայն հաճելի եւ անհաճոյ հոտերը: Սակայն, հոտառութեան տկարացումով կամ չգոյութեամբ, ենթական կը գանգատի համի փոփոխութենէ կամ ահամութենէ: Կերակուրի, կամ խմիչքի համը կը գնահատուի լեզուի մակերեսին վրայ գտնուող յատուկ համի զգայութեան պտկիկներու եւ հոտառութեան, ջիղի ծայրամասերու միաժամանակ գրգռութեամբ:

Յառաջացած տարիքի անձերու հոտառութեան զգացողութիւնը

Խմբագրել
 
Զգայարաններու կեդրոնները ուղեղին մէջ, իսկ կարմիրով նշուածները՝ հոտառութեան ջիղերը

Գիտական ուսումնասիրութիւններու հանրային աղբիւր` «ՓԼՈՍ»-ի մէջ լոյս տեսած վիճակագրութիւն մը, որ կատարուած է 3 հազար անձերու վրայ, ցոյց կու տայ, թէ անոնց 39 առ հարիւրը, որ շատ տկար հոտառութիւն ունի, մահացած է վիճակագրութենէն 5 տարի ետք: Իսկ նոյն ժամանակամիջոցին մահացած է սուր հոտառութիւն ունեցող անձերուն միայն 10 առ հարիւրը:

Գիտնականներ կ՛ըսեն, թէ հոտառութեան կորուստը ուղղակի մահ չի պատճառեր, սակայն կրնայ կանուխ ազդանշան մը ըլլալ:

Անոնք հոտառութեան երկարատեւ փոփոխութիւն զգացող չափահասներու կը յանձնարարեն դիմել բժիշկի խորհուրդին:

Հինգ Բոյրեր Շիքակոյի համալսարանէն ուսումնասիրողներ 57-85 տարեկան չափահասներու վրայ կատարած են հոտառութեան արագ քննութիւն մը:

Անոնք գրիչի մը ծայրը թաթխած են 5 տարբեր բոյրերու մէջ եւ քննութեան մասնակցողներէն խնդրած են զատորոշել զանոնք:

Օգտագործուած են անանուխի, ձուկի, նարինջի, վարդի եւ կաշիի բոյրեր:

Քննութենէն 5 տարի ետք չափահասներուն 39 առ հարիւրը, որ ամէնէն ցած նիշերը արձանագրած է (4-5 սխալով), արդէն մահացած է: Հոտառութեան միջին կորուստէ տառապող անձերուն 19 առ հարիւրը մահացած է, իսկ 0-1 սխալ արձանագրած առողջ հոտառութեան տէր անձերուն` միայն 10 առ հարիւրը:

Թէեւ նկատի առնուած են տարբեր գործօններ, ինչպէս` տարիք, սննդառութիւն, ծխելու սովորութիւններ եւ աղքատութիւն, բայց եւ այնպէս ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ ամէնէն տկար հոտառութիւն ունեցող անձերը ամէնէն աւելի ենթակայ կը մնան մահուան վտանգին:

Աղբիւր

Խմբագրել