Վարդ, մարդու ձեռքով աճող, Մասրենի (լատ.՝ Rósa) կոչուող վարդազգիներու խումբին պատկանող ներկայացուցիչներու տեսակներու եւ տարատեսակներու հաւաքական անուանում:

Կարմիր վարդ
«Վարդեր ծաղկամանին մէջ», ֆրանսացի նկարիչ Հանրի Ֆանթեն-Լատուրի նաթիւր մորթը

Ստուգաբանութիւն

Խմբագրել

Հին յունական բառ (*ϝρόδον - *wródon) կապուած հայ.՝ վարդ - vard - *ṷṛda: Հոսկէ ալ պարս․՝ gul - «վարդ»:

Պատմութիւն

Խմբագրել
  • Առաջին անգամ վարդեր սկսած են աճեցնել Հին Հռոմի մէջ: Հին հռոմէական գրողներու ստեղծագործութիւններուն մէջ կը հանդիպինք շուրջ 10 տեսակի վարդերու նկարագրութիւններու:
  • Հերոդոտոս արդէն (Ք.Ա.) 5-րդ դարուն իր «Պատմութեան» մէջ կը նկարագրէ Մակեդոնիոյ մէջ գտնուող Միթոս արքային այգիները եւ կը յիշէ այդտեղի բամպակէ վարդը:
  • Թէօֆրաստոս (Ք.Ա.) 300-ին կը նկարագրէ Յունաստանի այգիները եւ կը նկարագրէ 15, 20 եւ նոյնիսկ 100 թերթիկներ ունեցող վարդեր[1]:
  • Պոմպէյի հրաշալի խճանկարին վրայ, որ կը գտնուի Նափոլի թանգարանին մէջ, կարելի է տեսնել նաեւ դամասկոսեան վարդեր (Rosa×damascena)[2], որոնց հայրենիքը անկասկած արեւելքն է, ուրկէ ալ անոնք յայտնուած են Հարաւային Իտալիոյ այգիներուն մէջ:
  • Հռոմէական կայսրութեան անկման հետ միատեղ այգեգործութիւնը կը տարածուի վանքերուն մէջ: Քարլոս Մեծ Capitulare de villis կալուածատան կառավարման իր հրամանագիրին մէջ նշած է բոյսեր, զորս անհրաժեշտ է աճեցնել եւ որոնց մէջ վարդեր կային: Ժամանակին այգիներուն մէջ բոյսեր կ'աճեցնէին դեղորայք պատրաստելու նպատակներով, ինչպէս նաեւ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէին անոնց գեղեցկութեան վրայ:
  • Ծաղկեպսակներու եւ այլ զարդարանքներու համար կը հաւաքուէին միայն դաշտային ծաղիկներ: Վարդերու թուփերը կ'արժանանային յատուկ ուշադրութեան եւ կ'աճէին այգիներուն մէջ:
  • Վերածննդեան դարաշրջանին հռչակաւոր իտալացի նկարիչներու նկարներու վրայ կարելի է տեսնել վարդեր, որոնք կ'աճէին այդ օրերու իտալական այգիներուն մէջ, որոնց հայրենիքը Իտալիան է: 1309-ին Քլիմենթ Ե. պապը իր արքունիքով Հռոմէն կը տեղափոխուի Ավինյոն, ուր կաթոլիկ եկեղեցւոյ կեդրոնը կը դառնայ մինչեւ 1377: Ինչպէս պատմաբանները կը վկայեն, արդէն այդ ժամանակներէն ալ պապական արքունիքին տարածքներուն մէջ վարդեր կ'աճէին:
  • ԺԷ. դարու սկիզբը Էյխշթեդտի եպիսկոպոսին այգիին մէջ կ'աճէին վարդի 21 տեսակներ, որոնք Կ.Պոլիսէն Եւրոպա բերուած էին:
  • Միննեզանգներու ատեն գոյութիւն ունեցած են հիասքանչ այգիներ կարմիր եւ սպիտակ վարդերով:
 
  • Ներկայիս գոյութիւն ունեցող վարդերու տեսակներու մեծ բազմազանութիւնը ձեւաւորուած է վայրի մասրենիի քանի մը տեսակներու խաչասերման եւ ընտրութեան ճամբով: Զբօսայգիներուն մէջ աճող բազմաթիւ բազմաթերթ վարդերու տեսակները յառաջացած են Կալիեան վարդերէն (Rosa gallica), որ ստացած է այս անուանումը իր լայն տարածման համար Ֆրանսայի մէջ: Այս վարդին մշակոյթը եւ անոր հիման վրայ ձեւաւորուած վարդերու տեսակները սկիզբ կ'առնեն Հնագոյն Բաբելոնէն եւ Հնագոյն Հռոմէն, իսկ ԺԳ. դարէն նաեւ Ֆրանսայէն եւ վարդերու պատմութեան մէջ կազմած են ամբողջ ժամանակաշրջան մը մինչեւ ԺԸ. դար: Կալիան վարդերու եւ այլ վարդերու տեսակներու խաչասերման ճամբով ստեղծուած են դամասկոսեան (Rosa ×centifolia) եւ սպիտակ վարդեր:
  • Վարդերու տեսակներու խաչասերման միջոցը նշանաւոր եղած է Եւրոպայի մէջ Հռոմէական կայսրութեան ժամանակաշրջանին:
  • Պարտէզի վարդերու պատմութիւնը սկսած է ԺԸ. դարու վերջէն մինչեւ ԺԹ. դարու սկիզբը ինկած ժամանակաշրջանին, երբ հարաւ արեւելեան Ասիայէն Եւրոպա բերած (սկիզբը Անգլիա, յետոյ՝ Ֆրանսա) մշտադալար ու ջերմասէր վարդերու տեսակներ, որոնց թերթիկները ունէին թէյի հոտ ունեցող յատուկ բոյր։ Այս վարդերը օժտուած էին նոր յատկութիւններով՝ կաշենման փայլուն տերեւներով, կոկոններու իւրայատուկ ազնուական ձեւերով ինչպէս նաեւ կարեւոր յատկութիւններով, օրինակ՝ վերակենդանանալու ունակութեամբ, այսինքն՝ բազմաթիւ շարունակական ծաղկման ունակութեամբ։
     
    Արհեստական միջոցներով յառաջացած Կապոյտ վարդ
  • Վարդերու առաջին գիտական բնութագրումը տուած է հին յունական բնախոյզ, փիլիսոփայ եւ բուսաբան Թէօֆրաստոսը։ Ան բաւական մանրամասն նկարագրած է վայրի եւ դաշտային վարդերը, հիմնաւորած է անոնց մշակման եւ բազմացման ձեւերը։
  • Ռուսաստանի մէջ վարդերու աճեցման մասին առաջին յիշատակութիւնը կը վերաբերի ԺԶ. դարու սկիզբը։ Կ'ենթադրուի, որ անոնք յայտնուած են Ռուսաստանի Պալքանեան սլաւոնական տոհմերու միջոցով։ Զանգուածային տարածում ստացած է Կատարինէ Բ․-ի օրով միայն։
  • ԺԹ. դարու վերջը սկսած են վարդեր աճեցնել Ռուսաստանի ամբողջ եւրոպական մասին մէջ:

Բուսաբանական նկարագրութիւն

Խմբագրել
 

Թուփին ձեւը կրնայ ըլլալ սկսեալ ճիւղատարածքէն մինչեւ նեղ բրգաձեւ։ Բազմամեայ վարդերու խումբը կ'ընդգրկէ իր մէջ հիւսքի ձեւով եւ աղեղնաձեւ փռուած ընձիւղներ, 2,5-էն մինչեւ 6 մեթր երկարութեամբ։

Դաշտային վարդերու ծաղկացօղուններու երկարութիւնը կը տատանի 10-էն մինչեւ 80 ս.մ.։ Վարդերու ծաղկացօղունները կը զարմացնեն իրենց բազմազանութեամբ։ Անոնց չափերը կը տատանին 1,8-էն մինչեւ 18 ս.մ., թերթիկներու քանակը կրնայ կազմել 5-էն 128, գոյութիւն ունին ծաղկացօղունի տասնեակ տարբեր ձեւեր։ Շատ բազմազան է գունային գամման՝ չկայ միայն մաքուր կապոյտը։


Ստացուած է կանաչ վարդի տեսակը, բայց անիկա հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ միայն բուսաբաններուն։ Բացի միագոյն վարդերէն գոյութիւն ունին նաեւ երանգներու տարաբնոյթ համակցութեամբ, ինչպէս նաեւ աճման ժամանակ գոյներ փոխող վարդեր։ Բացի դամասկոսեան վարդի կայուն բոյրէն, գոյութիւն ունին վարդեր մրգայինէն եւ կիտրոնազգիէն մինչեւ անուշահոտութեան բոյրը։

Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին վարդի 30.000 տեսակներ[3]:

 
Վարդի փուշ

Դամասկոսեան վարդը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ժառանգութեան ցանկին մէջ

Խմբագրել
 
Դամասկոսեան Վարդ

Դամասկոսեան վարդը տարածուած է Արեւմտեան Անդրկովկասի, Թալիշի, Եւրոպայի (կը մշակուի յատկապէս Պուլկարիոյ), Միջին Ասիոյ, Իրանի եւ Իրաքի մէջ։ Հայաստանի մէջ կը մշակուի ամէնուր։ «Մարախ» գիւղին մէջ Դամասկոսեան վարդի մշակման ձեւերը եւ ուղեկից արհեստները ներառուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական ժառանգութեան ցանկին մէջ: Գիւղը կը գտնուի Դամասկոսէն 65 քմ. դէպի հիւսիս՝ լեռնային շրջանի մը մէջ: Վարդը եւ անոր մնացեալ մասերը կ'օգտագործուին տարբեր նպատակներով. գեղադեղերու, բուրումնաւէտ իւղերու, դեղորայքի, ինչպէս նաեւ քաղցրաւենիներու եւ անուշներու պատրաստութեան համար: Դամասկոսի շուկաներուն մէջ առանձնայատուկ ժողովրդականութիւն կը վայելէ վարդի ծաղիկներով թէյը, որ բարերար ներգործութիւն ունի շնչառական համակարգին վրայ: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի տուեալներով՝ միայն «Մարախ» գիւղին մէջ «վարդի եղանակ»ին կը հաւաքեն շուրջ 60-70 թոն ծաղիկ: Արտադրանքը կ'արտահանուի աշխարհի տարբեր երկիրներ: Ծաղկման եղանակը կը սկսի Մայիսին: Ամէն տարի Դամասկոսեան վարդի փառատօն կը նշուի: Վարդի ծաղիկներու վերամշակումով զբաղողները իրենց արտադրանքը կը տարածեն «Դամասկոսեան վարդ, ոսկիէն թանկարժէք եւ նաւթէն յարատեւ» կարգախօսով[4]:


Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել