Խոզուկ կամ ունկնախտ (մանկական վարակ)

Խոզուկ կամ ունկնախտ (վրաց.՝ mumps) ունկնագեղձի (parotid gland) ժահրային փոխանցիկ վարակ մը։

Խոզուկ կամ ունկնախտ
Տեսակ Վարակիչ հիւանդութիւն

Ունկնագեղձերը

Խմբագրել

Ունկնագեղձերը երկու հատ են, իւրաքանչիւրը կը գտնուի դէմքին մէկ կողմը, ականջի յառաջամասին եւ ծնօտին վրայ, եւ կազմուած է երկու մասէ՝ մակերեսային եւ խորունկ բլթակներէ (lobe)։ Այս երկու բլթակներուն մէջէն կ'անցնին դէմքի մկաններուն շարժման մայր ջիղերը եւ անոնց բաժանմունքները։ Ունկնագեղձի լորձունքը բերնին մէջ կը հոսի խողովակով մը, որ կը բացուի վերի ծնօտին երկրորդ աղօրիք ակռային դիմաց։

Վարակում

Խմբագրել

Ունկնախտը կամ գայլացաւը հետեւանքն է ժահրի մը, որ կը փոխանցուի ուղղակի լորձունքի միջոցով եւ կամ օդին մէջ տարածուելով: Անիկա կը փոխանցուի հազալով, փռնգտալով եւ կամ հիւանդին պնակն ու դգալ-պատառաքաղը գործածելով[1]։ Անիկա փոխանցիկ վարակ մըն է:

Վարակումէն ետք ժահրը կը մնայ լորձունքին մէջ մէկ շաբաթ, ապա տեղի կ'ունենայ գեղձին ծաւալումը. ժահրը կրնայ թափանցել արեան, մէզին եւ ուղեղաջուրին։

Ախտանշաններ եւ դարմանում

Խմբագրել

Ունկնակը կը պատահի ընդհանրապէս գարնան եւ ձմրան եղանակներուն. անիկա ընդհանրապէս երկկողմանի է, կը տեսնուի որեւէ մէկ տարիքի, առանց սեռի խտրութեան, սակայն՝ առաւելաբար 5-10 տարիքի միջեւ եւ մանչերուն յատկապէս։ Վարակումէն 7-14 օր ետք անհատը կ'ունենայ գլխացաւ, ախորժակի կորուստ, յոգնածութիւն եւ մեղմ ջերմ, հարբուխանման վիճակ, փորի ցաւ, երեսի ուռեցք, ջերմութիւն, բերնի չորութիւն, ուտելու եւ կլլելու դժուարութիւն. յաճախ տղաք կ'ունենան նաեւ ամորձիքներու ուռեցք, ցաւ եւ բորբոքում։

ժահրը կրնայ յարձակիլ մարմինի այլ գործարաններու վրայ, մասնաւորապէս՝ ուղեղին, ամորձիներուն (testicles), ձուարաններուն (ovaries), ներքին ականջին եւ թոքերուն՝ յառաջացնելով բորբոքումներ։

Այս ժահրը հիւանդին արեան մէջ կը զարգացնէ հակամարմիններ, որոնցմով հիւանդը կ'ունենայ երկարատեւ դիմադրողականութիւն (immunity), այսինքն ան երկրորդ անգամ նոյն հիւանդութիւնը չ'ունենար իր ամբողջ կեանքին ընթացքին։

Դարմանումը կ'ըլլայ՝ ֆիզիքապէս հանգիստ ընելով, առատ հեղուկ խմելով եւ հակաջերմ դեղեր առնելով։ Շրջան մը ետք գեղձը կը ծաւալի բարձր ջերմի եւ ցաւի հետ միատեղ։ Ընդհանրապէս գեղձը կը վերագտնէ իր բնական երեւոյթը 2-3 շաբաթներու ընթացքին։

Ունկնակը կրնայ կրկնուիլ 2-3 շաբաթներ ետք, մանաւանդ եթէ հիւանդը ֆիզիքապէս հանգիստ չընէ եւ շուտով աշխատանքի վերսկսի։ Նախընտրելի է, որ ունկնակ ունեցող անհատը մասնակի մեկուսացում ունենայ առողջ անձերէ, մինչեւ որ գեղձը վերագտնէ իր բնական երեւոյթը[2]։

Ունկնախտը կանխարգելի է յատուկ պատուաստով մը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Մանկական Յաճախակի Վարակներ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2010-03-20։ արտագրուած է՝ 2022-01-26 
  2. Ունկնախտը