Խուլերու Միջազգային Օր

Խուլերու միջազգային օր (անգլ.՝ International Deaf Day), միջազգային օր, հիմնուած 1951-ին` Խուլերու համաշխարհային դաշնութեան (անգլ.՝ World Federation of the Deaf, WFD) ստեղծման պատուին[1]:

Ժեստերու լեզուի երկու թարգմանիչներ, որոնք կ՚աշխատին խումբի հետ

Ամէն տարի, Սեպտեմբերի վերջը ամբողջ շաբաթուան ընթացքին աշխարհի մէջ կը նշեն Խուլերու միջազգային շաբաթը, որ Սեպտեմբերի վերջին Կիրակի օրը կ՚աւարտի Խուլերու միջազգային օրով[2][3]:

Պատմութիւն Խմբագրել

Խուլերու խմբակցութեան պատմութիւնը կը վկայէ, որ շատ երկիրներու մէջ խուլերու սոցիումի կայացման եւ զարգացման սկիզբը կ՚իրականանար տարբեր հանդիպումներու եւ խուլերու դպրոցի շրջանաւարտներու շնորհիւ:

Առաւել վառ օրինակ կը ծառայէ Ֆրանսայի խուլերու ներդրումը, որոնց լեզուն զարգացած է վանահայր տէ Լ'Էպէն, խուլերու ստեղծած պարզ լեզուն վերածելով հարուստ լեզուի, որ բազմաթիւ այլ լեզուներ ծնած: Ան միմիկական մեթոդի հիմնադիրն էր, ժեստերու լեզուի մեծ կողմնակիցը:

19-րդ դարու սկիզբը, խուլերու փարիզեան դպրոցի շրջանաւարտները սկսած են տօնել Շառլ-Միշել տէ Լ'Էպէի ծննդեան օրը: Անոր պատուին կազմակերպուող խնջոյքներն ու տօնակատարութիւնները աւանդոյթ դարձան:

1912-ին մեշ շուքով տօնած են անոր 200 ամեակը:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «WebCite query result»։ www.webcitation.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2019-10-16 
  2. «WebCite query result»։ www.webcitation.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-11-23-ին։ արտագրուած է՝ 2019-10-16 
  3. «WebCite query result»։ www.webcitation.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-10-25-ին։ արտագրուած է՝ 2019-10-16