Խրիսթոս Ղալիլէաս
Խրիսթոս Ղալիլէաս (1975, Թեսաղոնիկէ, Յունաստան), ջութակահար, Միացեալ Նահանգներու Ճորճիա նահանգի պետական համալսարանի դասախօս։
Խրիսթոս Ղալիլէաս | |
---|---|
Ծնած է | 1975 |
Ծննդավայր | Թեսաղոնիկէ, Յունաստան |
Մասնագիտութիւն | ջութակահար |
Կեանք եւ գործունէութիւն
ԽմբագրելԾնած է Թեսաղոնիկէ։ Ան զաւակն է հանրածանօթ երաժիշտ Գոզմաս Ղալիլէասի եւ Տիրուհի Գալֆայեան-Ղալիլէասի։ Ջութակի իր առաջին դասերը, չորս տարեկանին, հօրմէն ստացած է․ ապա ուսումը շարունակած է փրոֆ․ Սթելիոս Քաֆանթարիսի քով: 1994-ին Աթէնքի երաժշտանոցը աւարտելէ ետք արժանացած է առաջին մրցանակի եւ ոսկէ մետալիՙ իր բացառիկ երաժշտական ընդունակութիւններուն համար[1]:
Իր երաժշտական բարձրագոյն ուսումը կատարած է Միացեալ Նահանգներու համբաւաւոր համալսարաններէ ներս։ 2005-ին ստացած է դոկտորայի տիտղոս։ Իբրեւ անուանի ջութակահար, ան բարձրացած է աշխարհի ծանօթ բեմերու վրայ, գործակցած է եւրոպական եւ համաշխարհային համբաւ ունեցող նուագախումբերու հետ, իսկ յատկանշական են անոր ներկայացումները Հայաստանի «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահէն ներս եւ 1994-ին ելոյթ ունեցած է Հայաստանի ֆիլարմոնիկ նուագախումբին հետ, Լորիս Ճգնաւորեանի ղեկավարութեան տակ[2]:
Հիմնած է սենեկային նուագախումբ մը, որ իրագործած է աւելի քան 35 ներկայացումներ ամերիկեան ցամաքամասին վրայ։
2015-էն ի վեր, ստանձնած է Թեսաղոնիկէի «Անաթոլիա» գոլէճի գեղարուեստական տնօրէնի պաշտօնը։
Անդամ է «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղին եւ գործուն անդամ՝ քաղաքի հայ համայնքին[3]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Christos Galileas: ‘I Feel 100% Greek and 100% Armenian'»։ The Armenian Mirror-Spectator (անգլերէն)։ 2020-12-17։ արտագրուած է՝ 2023-06-23
- ↑ ««Ազատ Օր»ի հարցազրոյցը շնորհալի ջութակահար Խրիսթոս Ղալիլէասի հետ»։ archive.azator.gr։ արտագրուած է՝ 2023-06-23
- ↑ «Հայազգի Խրիսթոս Ղալիլէաս նշանակուեցաւ Թեսաղոնիկէի համերգասրահի տնօրէն»։ Azat Or։ 2021-01-07։ արտագրուած է՝ 2023-06-23