Ծիսական գիրքերը իրենց մէջ մասնաւոր կանոնադրութեամբ խմբագրուած կ'ունենան եւ կը սահմանեն եկեղեցւոյ ծէսին կարգն ու կանոնը: Այս գիրքերը կը գործածուին եկեղեցիէն ներս զանազան առիթներով եւ որոնք զանազան բովանդակութեամբ կ'ամփոփեն եկեղեցւոյ ծէսն ու ծիսակատարութիւնը:

Աւետարան

Խմբագրել

Նոր Կատակարանի առաջին չորս գիրքերը կը կոչուին Աւետարան: Չորս Աւետարաններուն հեղինակներն են Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս: Մատթէոս եւ Յովհաննէս Յիսուսի 12 առաքեալներուն մաս կը կազմէին, իսկ Մարկոս եւ Ղուկաս Պօղոս Առաքեալի գործակիցներն էին: Ղուկաս հեղինակն է նաեւ Գործ Առաքելոց գիրքին: Աւետարանական ընթերցումները անցեալին եւ այսօր կը կազմեն գլխաւոր բաժինները ծիսական արարողութեանց: Անոնք լուսանցք կը  կազմեն, հիմնական կապը՝ մեզ դէպի յաւերժական լոյսին առաջնորդող, ակնաղբիւրը՝ անմահական ջուրին: Սակայն այս ընթերցումները կարգաւորուած եւ մասնաւոր կանոնի վերածուած են եկեղեցւոյ Հայերուն կողմէ: Արդ, աւետարանական հատուածներու ընթերցումները պատահական ընտրութիւններ չեն, այլ՝ արարողական առիթներուն համար ճշդուած ընթերցումներ: Այդ  ընթերցումները ամփոփուած են Աւետարան Ս. Մատեանի մը մէջ, որ կը կոչուի Ատենի Աւետարան:

Ատենի Աւետարան

Խմբագրել

Այս Ս. Մատեանը մնայուն կերպով տեղադրուած կ'ըլլայ եկեղեցւոյ բեմին ձախակողմը՝ Ատենի ժամագիրքի կողքին: Կը բովանդակէ լրիւ չորս Աւետարանները: Վերջաւորութեան աւետարանական ընթերցումներու ցանկ մը կը ճշդէ հետեւեալ պահերուն ընթեռնելի հատուածները.-

Հանգստեան Աւետարաններ

Խմբագրել

Աւետարանական այս հատուածները կը բնորոշեն Քրիստոսի կողմէ հաստատուած յաւիտենական թագաւորութիւնը, ուր առակներու ընդմէջէն՝ ընդհանրապէս կը ներկայացուի ապրուած կեանքի մը անդրադարձը յաւիտենական կեանքին մէջ, ինչ որ կ'իմաստաւորէ մարդկային կեանքը նախ այս աշխարհին եւ ապա հանդերձեալ կեանքի մէջ: Այս աւետարանը կը կարդացուի Գիշերային ժամերգութեան ընթացքին, հանգստեան շարականներու երգեցողութեան աւարտին:

Տաճարի Աւետարաններ

Խմբագրել

Կը ներկայացնեն Սողոմոնի շքեղ տաճարին գեղեցկութիւնը եւ անոր կործանման կործանման կանխասացութիւնը Յիսուսի կողմէ: Աւետարանական հատուածներ, որորնց ընդմէջէն քարեղէն տաճարին զուգահեռ կը բացայայտուի հոգիի տաճարին կարեւորութիւնն ու յաւիտենական հանգամանքը, որ ճշմարտուեցաւ Քրիստոսի թաղման եւ յարուցաեալ կեանքին հրաշապատում խորհուրդներով:

Բժշկութեան Աւետարաններ

Խմբագրել

Իւրաքանչիւր հաւատացեալ ցաւ մը ունի, աղերսանք ունի: Բժշկութեան աւետարանի դրուաքները հոգեկան խաղաղութիւն կը պարգեւէ, կ'ամոքէ հաւատացեալին ներքին ցաւերը ու յոյզերը, եւ կը բժշկէ անոր վիշտերն ու հիւանդութիւնները:

Խաչելութեան Աւետարաներ

Խմբագրել

Այս Աւետարանը կը կարդացուի Մեծ Պահոց ընթացքին, Հանգստեան Աւետարանին տեղ: Քառասնօրեայ պահեցողութեան այս շրջանը զղջումի եւ ներհայեցողական կեանքի կ'առաջնորդէ հաւատացեալը: Ասուածորդւոյն տնօրինական կեանքի աւարտին՝ չարչարանքներուն ու խաչելութեան յիշատակումը աստուածային անհուն եւ անսահման սիրոյ որպէս արտայայտութիւն՝ հաւատացեալը կ'առաջնորդէ Խաչին ու Խաչեալին, Ապաշխարութեան խորհուրդով իմաստաւորելու պահեցողութեան օրերը:

Իւղաբերից Աւետարան

Խմբագրել

Իւղաբերից Աւետարանը այն հատորն է, որ իւղաբեր կիներու հրեշտակէն ստացած աւետիսը կը փոխանցէ ժողովուրդին թէ՛ «Ինչո՞ւ ողջ մեռելներուն մէջ կը փնտրէք: Հոս չէ՛ Ան յարութի՛ւն առաւ» (Ղկ. 24.5): Այս Աւետարանը իր մէջ կ'ամփոփէ չորս աւետարանիչներու կողմէ նկարագրուած Քրիստոսի Թաղումն ու հըրաշափառ Յարութիւնը: Այս Աւետարանը կը կարդացուի Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին «Արի» շարականէն ետք:

Ճաշու Աւետարան

Խմբագրել

Այս Աւետարանը կը կարդացուի Ս.Պատարագի ճաշու բաժինին մէջ: 365 օրերու Ճաշու աւետարանական ընթերցումները ամփոփուած են այս հատորին մէջ, եւ ամէն Ս. Պատարագի սկզբնաւորութեան աւետարանական հատուածի մը ընթերցումով հաւատացեալները հոգեպէս կը պատրաստուին մեծ խորհուրդին՝ Ս. Հաղորդութեան: Ճաշու Աւետարանը մնայուն կերպով կ'ըլլայ Ս. Սեղանին կեդրոնը եւ վերաբերումէն ետք կը կարդացուի:

Փոքր Աւետարաններ

Խմբագրել

Արծաթապատ այս փոքր Աւետարանները առհասարակ որպէս Ս. Սեղանի զարդ կը գործածուին եւ Անդաստանի արարողութեան ընթացքին օրհնելու համար աշխարհի չորս կողմերը:

Աւագ Շաբաթ

Խմբագրել

Այս գիրքը կը բովանդակէ Ղազարոսի յարութենէն մինչեւ Ս. Զատիկ երգուելիք բոլոր շարականները, Աղօթքները եւ Սաղմոսները: Աւագ Շաբթուան բոլոր արարողութիւնները ամփոփուած են տօնացոյցին մէջ: Սակայն, Մկրտիչ Խրիմեան Կաթողիկոսին օրով, առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէ Աւագ Շաբաթ խորագիրով հատոր մը: Աւագ Շաբաթ ծիսական այս հատորը, իր մէջ կը ներառնէ այդ շաբթուան բոլոր մարգարէական ընթերցումները, առաքելական գիրքերը, աւետարանական հատուածները, քարոզները, շարականներն ու Շնորհալի Հայրապետին երգերը, որպէսզի հեզասահ ընթանան այդ շաբթուան կատարուելիք ծէսը:

Օրացոյց

Խմբագրել

Այս գիրքը ցոյց կու տայ թէ՛ թուականը եւ թէ՛ օրուան ծիսակարգը: Կը յուշէ տէրունի տօները իրենց ծիսակարգով, կը յիշատակէ օրուան սուրբին կամ սուրբերուն անուները, կ'արձանագրէ պահեցողութեան օրերը եւ ըստ այնմ կը ճշդէ օրուան Ձայներն ու շարականերու երգեցողութիւնը:

Ժամագիրք

Խմբագրել

Եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին ամէնէն շատ գործածուող գիրքը ժամագիրքն է: Բառը ինքնին ցոյց կը բացայատէ անոր դերն ու ինքնութիւնը (ժամ + գիրք = ժամագիրք): Անցեալին ժամ բառը կը գործածուէր իբրեւ հոմանիշ եկեղեցի բառին: Ժամագիրքը, հետեւաբար, ուղեցոյցն է եկեղեցւոյ ժամերգութիւններուն: Ներկայիս չորս տեսակ ժամագիրքեր կը գործածուին եկեղեցւոյ յարկին տակ:

Ատենի Ժամագիրք

Խմբագրել

Այս ժամագիրքը կը դրուի եկեղեցւոյ բեմի եզրին, յատուկ գրակալի մը վրայ, Ատենի Աւետարանին կողքին: Այս ժամագիրքը կը կազմէ եկեղեցական արարողութեանց գլխաւոր առանցքը, որովհետեւ ամբողջ եօթը ժամերգութիւնները կը բովանդակէ, անոնց սաղմոսներով, քարոզներով, աղօթքներով եւ այլն:

Դասերու Ժամագիրք

Խմբագրել

Միջակ մեծութեամբ հատոր մըն է, որ կը դրուի դասերուն գրակալներուն վրայ:

Առձեռն Ժամագիրք

Խմբագրել

Այս ժամագիրքը Ատենի ժամագիրքին կրկնօրինակ է, փոքր ծաւալով հրատարակուած, որպէսզի ժամարար եկեղեցականը կարդայ մաղթանքները եւ դպիրները հետեւին արարողութեան:

Փոքրիկներու Ժամագիրք

Խմբագրել

Այս մէկը պատրաստուած է յատուկ փոքրիկ դպիրներուն համար՝ ամփոփ կերպով, որպէսզի դպիրները երգեն եւ մասնակից դառնան արարողութիւններուն:

Խորհրդատետր կամ Պատարագամատոյց

Խմբագրել

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան մէջ, մասնաւոր տեղ կը գրաւէ խորհրդատետրը կամ պատարագամատոյցը, որ Ս. Սեղանին ձախակողմը գտնուող փոքր գրակալի մը վրայ դրուած կ'ըլլայ, ուրկէ պատարագիչ եկեղեցականը աղօթքները կը կարդայ, որոնք կ'ըլլան կամ ծածուկ եւ կամ ձայնաւոր:

Ճաշու գիրքը հաստ եւ մեծածաւալ գիրք մըն է, որ իր մէջ կ'ամփոփէ ամէնօրեայ Սուրբ Գրային եւ աւետարանական ընթերցումները: Այս գիրքը կը ներկայացնէ մարգարէական ընթերցումները, իմաստութեան գիրքերը, առաքելական թուղթերը եւ աւետարանական հատուածները: Ճաշոց գիրքին մէջ կը գտնուի նաեւ Քրիստոնէական Ընդհ. Եկեղեցւոյ եւ Հայց. Եկեղեցւոյ մեծ դէմքերուն գրութիւնները: Ինչպէս նաեւ իր մէջ կը խտացնէ եկեղեցւոյ ամբողջական տօնացոյցը, սաղմոսներու, շարականներու եւ բացառիկ ծիսակատարութեանց կիրարկման արձանագրութիւններով:

Մաշտոց

Խմբագրել

Եկեղեցւոյ Եօթը Խորհուրդներու կատարումը բովանդակող գիրքը կը կոչուի Մաշտոց կամ Ծիսարան: Այս գիրքը երեք մասերու կը բաժնուի.

Փոքր Մաշտոց

Խմբագրել

Անիկա կը բովանդակէ քահանային կողմէ կատարուող եկեղեցական կարգ մը խորհուրդները՝ Մկրտութիւն, Դրոշմ, Պսակ, թաղմանական կարգ երեք հանգրուաններով (Տան, Եկեղեցւոյ եւ Գերեզմանի): Ան նաեւ կը բովանդակէ զանազան արարողութիւններ ինչպէս՝ մատաղի, եկեղեցական սպասներու, սկիհի, ջրհորի, արտի եւ հնձանի, նոր տան,  դիւահարի, բժշկութեան, Ս.Ծննդեան եւ Յարութեան տնօրհնէքի արարողութիւնները եւ այլն: Այս գիրքը յաճախ կը տպագրուի յատկապէս քահանայ հայրերուն գործածութեան համար:

Մայր Մաշտոց

Խմբագրել

Այս գիրքը ընդհանրապէս հաւաքածոն է այն ծիսակատարութեանց, որոնք եպիսկոպոսին կողմէ կը կատարուին ինչպէս՝ ձեռնադրութիւն, վարդապետական գաւազանի տուչութիւն, նոր եկեղեցւոյ օծում, սրբապատկերներու օծում, քահանայաթաղ եւ այլ կարեւոր օրհնութիւններ: Մայր Մաշտոցը միայն մէկ անգամ տպագրուած է Ս. Էջմիածինի մէջ 1807-ին: Բայց, գործնական ըլլալու համար, առանձնակի տպագրուած է ձեռնադրութեան բաժինը, թէ՛ Ս. Էջմիածինի եւ թէ՛ Անթիլիասի մէջ: Իսկ քահանայաթաղը՝ Երուսաղէմի մէջ:

Հայր Մաշտոց

Խմբագրել

Այս գիրքը կը պարունակէ կաթողիկոսներու կողմէ կատարուող ծիսական արարողութիւնները, ինչպէս՝ կաթողիկոսի, թագաւորի եւ եպիսկոպոսի օծումները, միւռոնօրհնէքը եւ այլն:

Տաղարան

Խմբագրել

Այս գիրքը կ'ամփոփէ մեր եկեղեցւոյ տաղերը, մեղեդիները, ստեղիները եւ զանազան գանձեր եւ հոգեւոր նկարագիրով երգեր: Անցեալին աւելի լայն գործածութիւն ունէր Տաղարանը, սակայն ներկայ ժամանակներուն, զգալի կերպով նուազած է անոր գործածութիւնը, եւ հիմնական գործածութիւնը դարձած է միայն Ս.Պատարագի ատեն, որովհետեւ կը բովանդակէ մեղեդիները, թափօրի, ճաշու շարականները, ժամամուտները, սաղմոսներն ու ալէլուքները եւ սրբասացութիւնները:

Յայսմաւուրք

Խմբագրել

Այս գիրքը կը պարունակէ եկեղեցւոյ բոլոր սուրբերուն վարքերն ու վկայութիւնները: Գիրքը կոչուած է Յայսմաւուրք, որովհետեւ անցեալին ամէն երեկոյեան ժամերգութենէ առաջ կը կարդացուէր օրուան սուրբին կեանքը, վկայաբանութիւնը եւ նահատակութիւնը: Այդ ժամանակներուն, այս ընթերցումները կը սկսէին «Յայսմ աւուր յիշատակ է... (Այսօր յիշատակն է...) նախադասութեամբ»: Այսօր սակայն, Յայսմաւուրքի գործածութիւնը դադրած է եկեղեցիներուն մէջ:

Սաղմոսարան կամ Սաղմոսագիրք

Խմբագրել

Այս գիրքը Աստուածաշունչէն անջատուած Սաղմոսներու հատորն է, որոնց մեծամասնութիւնը կը պատկանի Դաւիթ Թագաւորին: Սաղմոսերգութիւնը եկեղեցւոյ ծէսին մէջ մուտք կը գործէ եկեղեցւոյ կազմակերպութեան առաջին օրերէն: Սաղմոսագիրքը, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ Ս. Աւետարանի եւ Նարեկի Մատեան Ողբերգութեան կողքին, փնտռուած եւ ընթեռնելի հատոր մը եղած է: Անցեալին, Սաղմոսարանը կը ծառայէր նաեւ իբրեւ դասագիրք:

Տօնացոյց

Խմբագրել

Եկեղեցական տօներուն շարժական կամ անշարժ ըլլալը կը գիտնանք Տօնացոյցէն, որ երկու հատորներէ կը բաղկանայ: Տօնացոյցին դերը միայն տօներու ճշդումը չէ, այլեւ՝ մարգարէական ընթերցուածներու, առաքելական գիրքերու եւ աւետարանական հատուածներու յաւուր պատշաճի (օրուան յարմարող) տեղադրումը, ընդհանրապէս շարականներու երգեցողութեան դասաւորումը եւ յատկապէս եկեղեցական տէրունի օրերուն ծիսակարգի ղեկավարումը:

Շարական

Խմբագրել

Շարական կը կոչուին թէ՛ գիրքը եւ թէ գիրքին բովանդակութիւնը եղող երգերը: Շարականները կը ներկայանան ութ կանոններու կամ ձայներու դասակարգումով մը, որոնք կ'երգուին յատուկ սկսուածքներով եւ փոխերով: Շարական անուան ներքեւ, այսօր գոյութիւն ունին երկու հատորներ.

  • Ձեռաց, որ փոքր հատոր մըն է, սակայն կը բովանդակէ բոլոր շարականները:
  • Ձայնաքաղ, որ աւելի մեծածաւալ գիրքը եւ բաժնուած 12 հատորներու, որովհետեւ կը պարունակեն շարականներուն նօթաները:

Աղբիւր

Խմբագրել

Ծիսական Գիտելիքներ, Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, Մոնթրէալ, 2014