Ծովափի բազկաթոռ (Strandkorb)

Ծովափի բազկաթոռ (գերմ․`strandkorb)․ ծովեզերեայ ամառանոցի իւրայատուկ նստարան։ Կը գործածուի հովէն, արեւուն ճառագայթներէն, անձրեւէն եւ աւազէն պաշտպանուելու համար։

Ծովափի բազկաթոռ

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Խմբագրել
Տեսերիզ․ կը ցուցադրէ ծովափի բազկաթոռի գործադրութիւնը

«Strandkorb» ծովափի բազկաթոռը Հիւսիսային եւ Պալթեան ծովերու ծովափներուն խորհրդանիշն է։ Այժմ տարածուած է նաեւ Եւրոպա եւ Նոր Զելանտա։

1882-ին գերմանացի Վիլհեմ Պաթըլման (Wilhelm Bartelmann) կողովագործը գոհացնելու համար իր յաճախորդներէն Էլֆրիտ Մալթցան (Elfriede Maltzahn) կը հնարէ ոզորիէ շինուած ծովափի նստարան-բազկաթոռը։ Էլֆրիտ Մալթցան յօդացաւերէ կը տառապէր եւ Վիլհեմ Պաթըլմանէն ապսպրած էր «արեւէն եւ հովէն պահպանող ծովափի պատշաճ նստարան մը»։

Ժամանակի ընթացքին ծովափի նստարան-բազկաթոռը կը բարելաւուի։ Կ՛ունենայ բարձեր, դարաններ, արմնկակալ եւ վարագոյր մը։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

[1] [2]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Ծովափի բազկաթոռ(անգլերէն)