Կաղնի
Կաղնի
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Բոյսեր
Տիպ Ծաղկաւորներ
Դաս Երկշաքիլաւորներ
Ընտանիք Հաճարազգիներ
Լատիներէն անուանում
Quercus
 L. 1753 


Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ




Կաղնի (լատ.՝ Quércus), հաճարազգիներու ընտանիքի մշտադալար կամ տերեւաթափ ծառերու, հազուադէպ՝ թփերու առանձին ցեղ է։ Յայտնի են 500 (այլ տուեալներով՝ 600) տեսակներ։

Անուանում

Խմբագրել
 
Պատկերազարդումը Օթթո Թոմէի բուսաբանական[1] գիրքէն

Ցեղին լատիներէն անունն է Verkus, որ կը նշանակէ գեղեցիկ ծառ։ Հին Յունաստանի մէջ ան նուիրուած էր գիտութեան, արեւի եւ արուեստի աստուած Ապոլլոնին։ Կաղնիի ճիւղը կը համարուէր հզօրութեան նշանաբան, զայն կը պարգեւէին մարդոց կեանքը փրկողներուն, զինուորական սխրանքներ գործողներուն եւ այլն։ Հռոմեացիներու քով ան նուիրուած էր Իւպիտերին։ Պլինիոս Աւագը հիացած այս ծառով, գրած է.

Aquote1.png Կաղինները… դարերէն անձեռնմխելի, տիեզերքին հասակակից, կը հասցնեն իրենց գրեթէ անմեռ կացութեամբ, որպէս աշխարհի վեհագոյն հրաշք։ Aquote2.png

Սլաւոնները կաղնին համարած են սուրբ ծառ. ան նուիրուած եղած է կայծակի եւ որոտի աստուած Պերունին, իսկ հնդկիները ծառը անուանած են «տեւադարա», որ բառացի կը նշանակուի «աստուածածառ»։

Կենսաբանական Նկարագիր

Խմբագրել

Միատուն ծառ է, բարձրութիւնը՝ 40-50 մ։ Տերեւները հերթադիր են, կոշտ, կաշենման, բլթակաւոր կամ ամբողջական, ատամնաեզր, կարճ կոթուններով, խաւոտ կամ մերկ։ Ծաղիկները միասեռ են, մանր։ Կը ծաղկին Ապրիլ-Մայիսին։ Պտուղը միասերմ կաղին է։ Կը պարունակէ աղաղանիւթեր, C վայթըմին, օսլայ եւ այլն։ Տարածած է կաղնիի 6 հիմնական տեսակ՝ արեւելեան կամ խոշորառէջ, արաքսեան, վրացական, ծակոտիաւոր եւ այլն։ Միատուն ծառ է, բարձրութիւնը՝ 40-50 մ։ Առաջին 80 տարին կաղնին կ'աճ1 դէպի վեր՝ հասնելով մինչեւ 50 մ բարձրութեան, իսկ յետոյ ամբողջ կեանքի ընթացքին կը շարունակէ աճիլ լայնքով (հաստութեամբ)։ Տերեւները հերթադիր են՝ կոշտ, կաշենման, բլթակաւոր կամ ամբողջական, ատամնաեզր, կարճ կոթուններով, խաւոտ կամ մերկ։ Ծաղիկները մանր են, միասեռ։ Պտուղը միասերմ կաղին է՝ յաճախ ամփոփուած բաժականման փայտէ պտղակալի մէջ։ Կաղնին կ'ապրի 500-600 (երբեմն՝ մինչեւ 1000 եւ աւելի) տարի։

Ծաղիկին բանաձեւը՝    եւ   [2].   [2]։

Կաղնին լուսասեր է, որոշ տեսակներ երաշտակայուն են, ցրտադիմացկուն, հողի նկատմամբ՝ քիչ պահանջկոտ։

Տարածում

Խմբագրել

Հիւսիսային կիսագունդի բարեխառն, արեւադարձային եւ մերձարեւադարձային գօտիները կ'աճէ կաղնիի 500 (այլ տուեալներով՝ 600) տեսակ։

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ

ՀՀ-եան մէջ տարածած է Լոռիի, Կոտայքի, Տաւուշի, Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի, Սիւնիքի եւ այլ մարզերու մէջ, կ'առաջացնէ ինքնուրոյն եւ խառնանտառներ (հաճարենու, հացենու, բոխիի հետ։ Կաղնուտները Հայաստանի մէջ կը գրաւեն շուրջ 116 հազար հեկտար։ Կաղնի խոշորառէջ՝ տարածուած է Հայաստանի անտառային բոլոր շրջաններուն մէջ՝ աճելով ծովի մակարդակից 1200-1400 մ-էն մինչեւ 2400-2600 մ բարձրութիւններու վրայ։ Լուսասեր է խոնավասեր, ցրտադիմացկուն, հողի նկատմամբ պահանջկոտ։ Կաղնի վրացական՝ տարածուած է հիւսիսային անտառային շրջաններուն մէջ եւ Զանգեզուրին մէջ՝ ծովի մակարդակից 550-էն մինչեւ 1200-1400 մ բարձրութիւններու վրայ։ Լուսասեր է, միջին չորադիմացկուն, ջերմասեր, կը գերադասէ հզոր, սննդանիւթերով հարուստ հողեր։ Կաղնի արաքսեան՝ տարածուած է Սիւնիքի հարաւը՝ անտառի ստորին գոտիին մէջ, մինչեւ 900 մ բարձրութեան վրայ։ Ջերմասեր է, լուսասեր, չորադիմացկուն, հողի նկատմամբ ոչ այնքան պահանջկոտ[3]։ Կաղնի գետափնեայ՝ առանձին ծառերով կամ փոքր խումբերով կը հանդիպի Դեբեդ, Հախում, Աղստեւ, Ողջի գետերու ափերուն մինչեւ 1000 մ բարձրութեան վրայ։ Ջերմասեր, խոնաւասեր եւ հողի նկատմամբ պահանջկոտ է։

 
 
 

Կաղնի ոսկեփայլ՝ կը հանդիպի հիւսիսային Հայաստանի մէջ առանձին ծառերու ձեւով՝ վրացական կաղնիէ կազմաւորուած ծառուտներուն մէջ։

Առաւել Յայտնի Տեսակներ

Խմբագրել

Տարածուած է կաղնիի 6 հիմնական տեսակ՝ արեւելեան կամ խոշորառէջ, արաքսեան, վրացական, ծակոտիաւոր եւ այլն։ Միատուն ծառ է, բարձրութիւնը՝ 40-50 մ։ Առաջին 80 տարին կաղնին կ՝ աճի դէպի վեր՝ հասնելով մինչեւ 50 մ բարձրութեան, իսկ յետոյ ողջ կեանքի ընթացքին կը շարունակէ աճիլ լայնքով (հաստութեամբ)։ Կաղնի միակ տարածքը կը համարուի Հիւսիսային կիսագունդը։ ՀՀ-ի մէջ՝ 6 տեսակ՝ կաղնի արեւելեան կամ խոշորառէջ (Q.macranthera), կաղնի արաքսեան (Q.araxina), կաղնի ոսկեզօծ (Q. hypochrysa),. կաղնի վրացական (Q. iberica) եւ այլն։

Քիմիական կազմ

Խմբագրել

Մատղաշ ճիւղերու կեղեւը կը պարունակէ 10-20% պիրոգալոլային խումբի դաբաղանիւթեր, գալաթթու, էլլագաթթու, պենտոզան, պեկտին, կվերցետին, կվերցիտ, լեւուլին, օսլա, լորձ, ֆլոբաֆէն, պտուղները՝ մինչեւ 40% օսլայ, 5-8% դաբաղանիւթեր, մինչեւ 5% ճարպաիւղ, շաքար եւ սպիտակուցային նիւթեր։

Օգտակարութիւն

Խմբագրել

Կաղնին կ՝ առաջացնէ մաքուր եւ խառնանտառներ (հաճարենի, հացենիի, բոխիի հետ)։ Կաղնիի անտառները ունին հողապաշտպան, ջրհաւաք եւ ջրակարգաւորիչ նշանակութիւն։

Կիրառութիւններ

Խմբագրել

Բուժման նպատակով հիմնականին կ'օգտագործեն երիտասարդ բունի (տրամագիծը 10 սմ-էն ոչ աւելի) եւ ճիւղերու հարթ կեղեւը, որոշ դեպքերուն նաեւ պտուղները եւ տերեւները։ Կեղեւը կը հանեն Ապրիլէն մինչեւ Յունիս, կատարելով մօտ 30 սմ իրարմէ հեռու, օղակաձեւ կտրուածքներ, որոնք յետոյ ուղիղ գիծով իրար կը միացուին եւ կ'անջատեն կեղեւը։ Զայն կը չորցնեն անմիջապէս արեւի եւ միջանցիկ քամիի տակ։ Պատրաստի հումքը կը պահեն պարկերու մեջ։ Պտուղները կը հաւքեն լրիւ հասուննալէ ետք, կը չորցնեն արեւի տակ։ Չորցած կեղեւը դուրսէն գորշ մոխրագոյն է կամ գորշաւուն, ներսէն՝ դեղնաւուն կամ գորշ կարմրաւուն, անհօտ, ուժեղ տտիպ համով։

Երաժշտութիւն Կախարդական ֆլեյտան Մացարտի օփերային մէջ փորագրուած է հազարամեայ կաղնիի փայտին։

Կաղնիի սուրճ Պտուղներէն պատրաստուած են մինչեւ հիմա ալ իր նշանակութիւնը չկորսնցուցած կաղնիի սուրճ, որ ոչ միայն համեղ է, այլեւ բուժիչ։ Վերջինս յաճախ կը համեմեն եղերդակի ու տատրակի արմատներով եւ կ'օգտագործուի կաթի ու մեղրին հետ։ Կաղնիի պտուղները հիանալի կեր են ընտանի եւ վայրի կենդանիներու ու թռչուններու համար։ Պտուղներէն կը ստանան օսլայ։

 
Լայնակի կտրուածք Quercus suber

Լեհաստանի մէջ կաղնիի կեղեւը կը համարուի որպէս արդիւնավէտ մածող միջոց եւ կը կիրարկուի միզուղիներու հիւանդութիւններու, արգանդային արիւնահոսութիւններու, թութքի եւ վերքերու բուժման նպատակով։ Պուլկարիոյ մէջ կաղնիի կեղեւը հանրայայտ է որպէս ստամոքսաղիքային տրակտի կատարի, դիզենտերիայի, մաշկային որոշ հիւանդութիւններու, լնդերու բորբոքումներու, վերքերու, արիւնահոսող թութքի, կանանց սպիտակաթորանքի, անգինայի, բերանի վատ հօտի եւ ցրտահարուած վերջոյթներու բուժման հուսալի միջոց։ Կեղեւի եփուկը՝ խառնելով կարմիր գինիի հետ, կու տան արիւնահոսութիւններու, դիսպեպսիաներու, առատ դաշտանի, միզապարկի բորբոքման, սուսանակի ժամանակ եւ այլն։

Կաղիւ փայտէն պատրաստուած շինութիւն

 
կաղնիի փայտով պատրաստուած շինութիւն

Ռուսական ժողովրդական բժշկութեան մեջ կեղեւի եփուկը լայնօրէն կիրառուած է արիւնային լուծի, խոլերայի, ստամոքսային եւ աղիքային արիւնահոսութիւններու, առատ դաշտանի, լնդախտի, ռախիտի, սնկային եւ ծանր մետաղներու աղերով թունաւորումներու, լէարդի եւ փայծաղի հիւանդութիւններու, հատկապէս պառկելախոցերու ժամանակ եւ այլն։ Միջին Ասիոյ ժողովրդական բժշկութեան մեջ դեղաբոյսի պատրաստուկները յայտնի են որպէս ջերմ իջեցնող, ատամնացաւը եւ լուծը դադարեցնող միջոց։ Ն. Պ. Իորիշի ցիտումով, ըստ Կ. Ապինիսի, կաղնիի տերեւներէն եւ պտուղներէն մեղրով թէյը հիանալի միջոց է թոքերու, ստամոքսի եւ լէարդի շարք մը հիւանդութիւններու դէպքին մէջ։ Նոյն ցիտումով, ըստ Էրտելի եւ Բաուերի, կաղնի պտուղներէն եւ կեղեւէն պատրաստուած մեղրով թէյը օգտակար միջոց է գեղձախտով հիւանդներուն։ Ն. Գ. Կովալեւան կաղնու կեղեւը կ՝ առաջարկէ նեւրալգիաներու եւ տրիխոմոնադային կոլպիտներու բուժման համար։ Որոշ տեղերուն կեղեւի եփուկով կը բուժեն գլխու ճարպային սեբորեան։ Ժողովրադական բժշկութեան մեջ բուժական լայն կիրառում ունի կաղնիի պտուղներէն պատրաստուած սուրճը, որ կը նշանակուի գեղձախտի եւ նեարդային ցնցումներու ժամանակ։

Տեքորաթիւ Շագանակատերեւ կաղնին գեղազարդիչ նպատակներով կ՝ աճեցուի այգիներուն եւ պուրակներուն մէջ։ Երեւանի շրջակայքի անտառաշերտերուն կան կաղնիի ներմուծուած տեսակներ։

Շինարարութիւն Բնափայտը ամուր է, դիմացկուն, նախշաւոր, կը կիրարկուի նաւաշինութեան, ատաղձագործութեան՝ կահոյքի եւ մանրատախտակի արտադրութեան,, տակառներու պատրաստման եւ այլ բնագաւառներուն մէջ, խցանակաղնիի կեղեւէն կը պատրաստեն խցան։

ԲժշկութիւնԿաղնիի բնափայտը եւ կեղեւը կը պարունակեն աղաղանիւթեր, վիտամին C, օսլա եւ այլն։ Բժշկութեան մեջ կեղեւի պատրաստուկները կ՝ օգտագործուին որպէս կապող եւ հականեխիչ միջոց։

 
Կաղնիի ճիւղերը Էսթոնիոյ զինանշանին վրայ

Հետաքրքիր փաստեր

Խմբագրել
  • Արաքսեան եւ ծակոտիկաւոր կաղնիները գրանցուած են ՀՀ Կարմիր գիրքին մէջ։
  • Կաղնին հայոց մեջ ընկալուած է նաեւ որպէս սրբազան ծառ, երկարակեցութեան, ուժի եւ հզորութեան խորհրդանիշ։
  • Կաղնին պատկերուած է շատ երկրներու եւ քաղաքաներու դրօշներու վրայ։

Զինանիշագիտություն

Խմբագրել

Կաղնիի ճիւղերը կը գտնուին Էսթոնիոյ զինանշանին վրայ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Prof. Dr. Thomé, Otto Wilhelm — Flora von Deutschland, Österreich und der Schweiz — in Wort und Bild für Schule und Haus.
  2. 2,0 2,1 Андреева И. И., Родман Л. С. Ботаника. — 3-е, перераб. и доп. — М.: Колос, 2005. — С. 407. — 528 с. — ISBN 5-9532-0114-1
  3. Կաղնու մասին Հայանտառ կայքի բառարանում