Կայուն զարգացման նպատակներ
Կայուն զարգացման նպատակները (ԿԶՆ-եր) կազմուած են ապագային վերաբերող թիրախներէն միջազգային զարգացում: Անոնք ստեղծուածեն Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ եւ առաջ կը մղեն իբրեւ Գլոբալ նպատակներ կայուն զարգացման համար։ Անոնք փոխարինել են Հազարամեակի զարգացման նպատակներուն, որոնց ժամկէտը կը լրանայ 2015-ի վերջը։ ԿԶՆ-երը (SGDs) իրականացուելու են 2015-էն մինչեւ 2030-ը։ Կայ 17 նպատակ եւ 169 իւրայատուկ թիրախ այդ նպատակներուն համար[1]:
Կայուն զարգացման նպատակներ (ԿԶՆ), «Կայուն զարգացման 2030 օրակարգին մէջ» ներառուած 17 նպատակ, որոնք ընդունուեցան աշխարհի երկիրներու առաջնորդներու կողմէ Սեպտեմբեր 2015-ին կայացած ՄԱԿ-ի պատմական գագաթնաժողովի ժամանակ եւ պաշտօնապէս ուժի մէջ մտան 1 Յունուար 2016-էն: Առաջիկայ 15 տարիներու ընթացքին՝ առաջնորդուելով բոլորին վերաբերող այս նոր նպատակներով, երկրները կը համախմբեն իրենց ջանքերը՝ վերացնելու աղքատութիւնը իր բոլոր ձեւերով, պայքարելու անհաւասարութիւններու դէմ եւ լուծելու կլիմայի փոփոխութեան հետ կապուած խնդիրները՝ միաժամանակ հետեւելով, որ ոչ ոք անտեսուի[2]:
Նպատակներ
ԽմբագրելՕգոստոս 2015-ին 193 երկիր համաձայնութեան եկան հետեւեալ 17 նպատակներու շուրջ՝ [3]
Նպատակ 1
ԽմբագրելՈչ աղքատութեան - Ամէնուրէք վերացնել աղքատութիւնը՝ իր բոլոր դրսեւորումներով ու ձեւերով,
Նպատակ 2
ԽմբագրելՈչ սովին - Վերացնել սովը, հասնիլ պարենային ապահովութեան եւ բարելաւուած սնուցման, խթանել գիւղատնտեսութեան կայուն զարգացումը,
Նպատակ 3
ԽմբագրելԱռողջութիւն եւ բարեկեցութիւն - Ապահովել առողջ կեանք եւ խթանել բարեկեցութիւն բոլորի համար՝ անկախ տարիքէ,
Նպատակ 4
ԽմբագրելՈրակեալ կրթութիւն - Ապահովել ներառական ու համապատասխան որակեալ կրթութիւն բոլորի համար եւ խթանել ողջ կեանքի ընթացքին ուսման հնարաւորութիւններ,
Նպատակ 5
ԽմբագրելՍեռային հաւասարութիւն- Հասնել սեռային հաւասարութեան եւ զօրացնել բոլոր կանանց եւ աղջիկներուն,
Նպատակ 6
ԽմբագրելՄաքուր ջուր եւ առողջապահական պայմաններ - Ապահովել հասանելիութիւն եւ կայուն ձեւով կառավարել ջուրն ու առողջապահական պայմանները բոլորի համար,
Նպատակ 7
ԽմբագրելՄատչելի եւ մաքուր ներուժ- Ապահովել բոլորի համար մատչելի, յուսալի, կայուն եւ ժամանակակից ներուժի հասանելիութիւն,
Նպատակ 8
ԽմբագրելԱրժանապատիւ աշխատանք եւ տնտեսական աճ - Խթանել կայացած, ներառական եւ կայուն տնտեսական աճ, լիարժէք եւ արտադրողական զբաղուածութիւն եւ արժանապատիւ աշխատանք բոլորի համար,
Նպատակ 9
ԽմբագրելԱրդիւնաբերութիւն, նորարութիւն եւ ենթակառուցուածք - Ստեղծել դիմակայուն ենթակառուցուածքներ, աջակցիլ ներառական եւ կայուն արդիւնաբերութեան զարգացման եւ խթանել նորարարութիւնը,
Նպատակ 10
ԽմբագրելԿրճատուած անհաւասարութիւն - Կրճատել անհաւասարութիւնը երկիրներուն եւ անոնց միջեւ,
Նպատակ 11
ԽմբագրելԿայուն քաղաքներ եւ համայնքներ - Քաղաքները եւ մարդկային բնակավայրերը դարձնել ներառական, դիմակայուն, անվտանգ եւ կայուն,
Նպատակ 12
ԽմբագրելՊատասխանատու սպառում եւ արտադրութիւն - Ապահովել սպառման եւ արտադրութեան կայուն մոդելներ,
Նպատակ 13
ԽմբագրելԳործողութիւն՝ ի նպաստ կլիմայի - Ձեռնարկել անյապաղ գործողութիւններ՝ պայքարելու կլիմայի փոփոխութեան եւ անոր ազդեցութիւններու դէմ,
Նպատակ 14
ԽմբագրելԿեանքը ջուրի տակ - Ապահովել ովկիանոսներու, ծովերու եւ ջրային պաշարներու պահպանութիւնը եւ կայուն օգտագործումը յանուն կայուն զարգացման;
Նպատակ 15
ԽմբագրելԿեանքը ցամաքին վրայ - Պահպանել, վերականգնել եւ խթանել ցամաքային էկոհամակարգերու կայուն օգտագործումը, ապահովել անտառներու կայուն կառավարումը, պայքարիլ անապատացման դէմ, դադարեցնել եւ շրջադարձել հողերու վատթարացումը, կասեցնել կենսաբազմազանութեան կորուստը,
Նպատակ 16
ԽմբագրելԽաղաղութիւն, արդարութիւն եւ ամուր հաստատութիւններ - Խթանել խաղաղ եւ ներառական հասարակութիւններու կառուցումը՝ յանուն կայուն զարգացման, բոլորի համար հասանելի դարձնել արդարութիւնը, բոլոր մակարդակներուն ստեղծել արդիւնաւէտ, հաշուէտու եւ ներառական հաստատութիւններ,
Նպատակ 17
ԽմբագրելՀամագործացութիւն՝ նպատակներու համար - Ուժեղացնել կայուն զարգացման իրագործման միջոցները եւ աշխուժացնել գլոբալ գործընկերութիւնը յանուն այս նպատակի:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Home .:. Sustainable Development Knowledge Platform»։ sustainabledevelopment.un.org (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-10-13-ին։ արտագրուած է՝ 2015-10-19
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-03-21-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-21
- ↑ «The Global Goals For Sustainable Development»։ Global Goals։ արտագրուած է՝ 2 September 2015