Կանչ (թերթ, Պէյրութ)
«Կանչ», քաղաքական, հասարակական եւ գրական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1971 թուականէն, Պէյրութի մէջ։ Հրատարակութեան պատասխանատուն էր Հ. Մատէեանը։
Կանչ | |
---|---|
Տեսակ | թերթ |
Լեզու | արեւմտահայերէն, արաբերէն |
Հիմնադրուած է | 1971 |
Հրատարակիչ | Հ. Մատեյան |
Երկիր | Լիբանան |
Գրասենեակ | Պէյրութ, Լիբանան |
OCLC | 61385969 |
Լիբանանի կոմունիստական կուսակցութեան քաղաքականութեան արտայայտիչն էր։ Կը լուսաբանէր Լիբանանի եւ միջազգային կոմունիստական շարժումը, ԽՄԿԿ եւ Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութեան գործունէութիւնը, կ՚արծարծէ արաբ ժողովուրդի սոցիալական եւ տնտեսական, ազգային-ազատագրական պայքարի հարցեր։
Լայն տեղ յատկացուցած է Խորհրդային Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, կը գովազդէ հայրենիքի մշակութային եւ տնտեսական վերելքը։ Աշխատելով սփիւռքահայութեան համախմբել հայրենիքին շուրջը, անոր մտահոգող հարցերու լուծումը «Կանչ» թերթի գլխագիրը կը կապէր հայրենիքի պետականութեան հետ։
Ջատագոված է հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը։ Օգտուած է ՏԱՍՍ-ի եւ Արմէնփրեսի հաղորդագրութիւններէն, արտատպած խորհրդահայ գրողներու ստեղծագործութիւններ եւ մշակոյթի գործիչներու յօդուածներ։ Տպագրած է գրական էջեր, արուեստի հարցերուն նուիրուած նիւթեր, մարզական լուրեր։
Հանդիսացած է Լիբանանի կոմունիստական կուսակցութեան «Ալ-Նիտա» արաբերէն օրաթերթի յաւելուածը։