Կապոյտ Մրջիւն
Կապոյտ Մրջիւն, Հնդկաստանի հիւսիս-արեւելքը գտնուող մրջիւններու նոր տեսակ մը: Անոնք կապոյտ են:
Ասիկա հազուադէպ երեւոյթ մըն է միջատներու աշխարհին մէջ: Այդ մրջիւններուն տրուած են «Փարափարաթրեքինա Նիլա» անունը. Նիլա կը նշանակէ «կապոյտ» հնդկական բազմաթիւ լեզուներու մէջ[1]:
Այս կապոյտ մրջիւնը շատ փոքր է. անոր երկարութիւնը հազիւ 2 միլիմեթր է: Շատ քիչ թիւով անասուններ կապոյտ կ'ըլլան: Այս գոյնին կարելի է հանդիպիլ յատկապէս թռչուններուն, ձուկերուն եւ գորտերուն մօտ[2]:
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Էգ կապոյտ մրջիւն
-
Կապոյտ էգ մրջիւն
-
Կապոյտ արու մրջիւն