Կառնա

Արեւմտեան Հայաստանի գիւղերէն։

Կառնա, Արեւմտեան Հայաստանի գիւղերէն, որ կը գտնուէր Պիթլիս վիլայէթի Խիզան գաւառակին մէջ՝ համանուն  վտակի հովիտին մէջ:

Գիւղ
Կառնա

Եղած է հայաբնակ գիւղ մը, տարածքը՝ լեռնային, մեծ մասամբ անտառապատ, մշակելի հողերը քիչ եղած են, սակայն ունեցած է փարթամ արօտավայրեր:

Բնակչութիւնը զբաղած է անասնապահութեամբ, հողագործութեամբ եւ արհեստներով:

Կառնան եղած է գրչութեան կեդրոն: Տեղի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ կից գործած է ծխական դպրոցը:

1880-ական թուականներուն գիւղը միացուած է  Մամրտանքի  գիւղախումբին։

Հայ բնակչութեան համար յատկապէս ծանր հարուած էր 1877-1878 թուականներու շէյխ Ճալալէտտինի աւերիչ արշաւանքը, որ ամայացուց Մամրտանքի շատ գիւղեր: Իսկ  1895-1896 թուականներուն  տեղի 2 տասնեակ հայկական գիւղեր, այդ թուին՝ Կառնան, Շէնաղբիւրը, Գուզենցը, Գոմերը, Սենամերիկը եւ այլն, թուրքերու կողմէ  ենթարկուած են ցեղասպանութեան։ Այդտեղ համատարած բնոյթ ստացած էր բռնի կրօնափոխութիւնը, որուն հետեւանքով բնիկ հայ բնակչութիւնը հարկադրաբար գաղթած է հայրենի բնօրրանէն։

Հայ բնակչութեան մեծ մասն ալ թուրքերու ձեռքով կոտորուած է 1915 թուականին՝  ցեղասպանութեան ժամանակ: Կոտորածէն փրկուած հայերու մէկ մասը 1918 թուականին  գաղթած եւ հաստատուած է Ուրմիոյ լիճէն հիւսիս–արեւմուտք՝  Իրանի Սալմաստ գաւառը, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Հայաստան[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Ճանչնանք Արեւմտեան Հայաստանը․ գիւղ Կառնա»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2022-12-13։ արտագրուած է՝ 2023-04-04 

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Հայաստանի և հարակից շրջանների տեղանունների բառարան», 2-րդ հատոր, էջ 957։