Կարապետ Ճուհարեան
Կարապետ Ճուհարեան (ծնած էր Արաբկիր քաղաքին մօտիկ Վաղաւեր (Աղըն) գիւղաքաղաքին մէջ, 1919 - մահացած է 2010-ին Հալէպ): Իր հեղինակած դասագիրքերը իրենց համապարփակ բովանդակութեամբ եւ մանկավարժական բծախնդիր մօտեցումով, առաւելագոյն չափով կ’ամբողջացնեն մեր պահանջները, ներկայի պայմաններէն թելադրուած։ Հայերէն լեզուի ուսուցումը ամբողջական օղակաւորման հասցնելու համար, ան իր վերջին տարիներուն պատրաստած էր շարադրութեան ուսուցման յատուկ դասագիրքեր, որոնք ցարդ կը մնան անտիպ։
Կարապետ Ճուհարեան | |
---|---|
Ծնած է | 1919 |
Ծննդավայր | Արաբկիր քաղաքին մօտիկ Վաղաւեր (Աղըն) գիւղաքաղաքին մէջ |
Կարողութիւն | Գրող, հայագէտ |
Աշխատավայր | Ուսուցիչ հայագիտական նիւթերու |
Երեխաներ | Արա Ճուհարեան, Մարալ Ճուհարեան |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԿարապետ Ճուհարեան ծնած էր Արաբկիր քաղաքին մօտիկ Վաղաւեր (Աղըն) գիւղաքաղաքին մէջ, 1919 թուականին։ 1929 թուականին ապաստանած էր Հալէպ եւ յաճախած էր տեղւոյն Ազգ. Հայկազեան վարժարանը։ Աւարտելէ ետք Հայկազեան վարժարանի ուսումնական շրջանը, որպէս ուսումնատենչ պատանի, նախընտարած էր ուսուցչական ասպարէզը, որուն հանդէպ ունեցած էր սէր եւ ցանկութիւն։
1936-ին Հալէպի առաջնորդ Արտաւազդ Արք. Սիւրմելեանը ընթացք կու տայ իր փափաքին, եւ զինք կ’ուղարկէ Գամիշլի նորակերտ քաղաքի ազգային վարժարանը որպէս ուսուցիչ։
1940-1946 տարիներուն, զինք կը գտնենք Հալէպ, Զաւարեան վարժարանէն ներս։ Հոս ուսուցչական ասպարէզի նկատմամբ իր փորձառական աշխարհը կը սկսի հարստանալ։ Կարապետ Ճուհարեան կ’աւանդէ հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ գծագրութիւն։
1946-ին՝ հայրենադարձի օրերուն, ուսուցիչ է Մարաշի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, ուր պաշտօնավարած է ութ տարիներ։
1953-ին Կարապետ Ճուհարեան կ’ամուսնանայ Աստղիկ Տէրտէրեանի հետ։ Աստուած անոնց կը պարգեւէ մէկ մանչ եւ մէկ դուստր՝ Արա Ճուհարեան, Մարալ, որոնց հանդէպ կը տածէ հայրական անհուն հոգատարութիւն, սէր եւ գուրգուրանք։
1954 թուականին, Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանին հիմնադրութեան զուգահեռ կը դառնայ այն առաջին ուսուցիչներէն, որոնք մուտք կը գործեն դպրոց։ Կարապետ Ճուհարեան կը դասաւանդէ հայերէն լեզու, կը դառնայ բոլորին կողմէ սիրուած եւ յարգուած ուսուցիչ մը, որ իր պաշտօնը կատարած է մեծ բծախնդրութեամբ եւ նուիրուածութեամբ։ Այս ուսուցչական բեղմնաւոր տարիները կը շարունակուին մինչեւ հանգստեան կոչուիլը։
Հալէպի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Քարտուղար
ԽմբագրելԿարապետ Ճուհարեան վարած է Հալէպի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան քարտուղարի պաշտօնը, 14 տարիներ շարունակ, եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է զանազան վարչութիւններէ ներս՝ գործադիր մարմին, սկաուտական խորհուրդ, ուսանողական… եւ այլն։
Անդամակցութիւն
ԽմբագրելԿարապետ Ճուհարեան անդամագրուած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ արժանացած է ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան բարձրագոյն պատուագիրին, որպէս արժանաւոր եւ բազմաբեղուն կուսակցական։ Իրերայաջորդ տարիներ մաս կազմած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վերին Մարմնին եւ ստանձնած է ատենապետութիւնը Ռուբէն Հերեան Ակումբի վարչութեան։ Նաեւ Ընկ. Կարապետ Ճուհարեանին վստահուած է Թէքէեան Մշակութային Միութենէն ներս գործող երիտասարդական շարժումներու պատասխանատուութիւնը։
Կարապետ Ճուհարեան եղած է վեթերան անդամ Հ. Բ. Ը. Միութեան։
Այցելութիւններ Հայաստան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
ԽմբագրելԿարապետ Ճուհարեան իբր հայերէն լեզուի ուսուցիչ, 3 անգամ հրաւիրուած է Մայր Հայրենիք։ Ան 1992 թուականին հրաւիրուած է Միացեալ Նահանգներ, Հ. Բ. Ը. Մ.ի Մարի Մանուկեան վարժարանի հոգաբարձութեան կողմէ, հայերէն լեզուի դասագիրքերու պատրաստութեան համար եւ պարգեւատրուած է պատուագիրով։
Հեղինակ՝ 16 հատորներու ՝ Հայերէն Լեզուի Ընթերցանութեան եւ Քերականութեան դասագիրքեր
Խմբագրել1969-էն սկսեալ, Կարապետ Ճուհարեան հեղինակած է 16 հատոր հայերէն լեզուի ընթերցանութեան եւ քերականութեան դասագիրքեր, «Մրգաստան» եւ «Գրաւոր Վարժութիւն» անուններով, որոնք մեծ տարածում գտած են ԱՄՆ-ի, Եւրոպական երկիրներու, Միջին Արեւելքի, Աւստրալիոյ հայկական վարժարաններուն մէջ։
Պարգեւատրում
Խմբագրել2010-ի գարնան, Հալէպի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ, Կարապետ Ճուհարեան պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով, որպէս գնահատանք սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի զարգացման համար կատարած նշանակելի դերին համար։
Յօդուածներ
ԽմբագրելԿարապետ Ճուհարեան ունի նաեւ բազմաթիւ յօդուածներ, հայերէն լեզուի ուսուցման, սփիւռքահայ վարժարաններու իրավիճակին, մեթոտաբանական եւ մանկավարժական հարցերու շուրջ, որոնք լոյս տեսած են «Նայիրի»ի, «Զարթօնք»ի, «Շիրակ»ի, ՀԲԸՄի «Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն» պաշտօնաթերթ «Խօսնակ»ի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթ «Հասկ»ի մէջ։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ մը՝ որուն մէջ կուտակուած էր իր ժողովուրդին դարաւոր պատմութիւնը (Բազմավաստակ կրթական մշակ՝ ընկ.Կարապետ Ճուհարեանի յիշատակին) Archived 2020-10-21 at the Wayback Machine.
- Գրաւոր վարժութիւն արդի հայերէն լեզուի / Ճուհարեան, Կարապետ. Հայոց լեզու -- Ուղղագրութիւն
- Գրաւոր վարժութիւն արդի հայերէն լեզուի Կարապետ Ճուհարեան 1973
- Մրգաստան: Ա. տարի
- Մրգաստան: Ա. տարի Կարապետ Ճուհարեան 1995
- Կարապետ Ճուհարեան Մրգաստան - Ա. գիրք - Պատկերազարդ հեղինակ : Կարապետ Ճուհարեան - Տպարան ՊԱՐՔ, Հալէպ
- Կարապետ Ճուհարեան Մրգաստան - Բ. գիրք - Պատկերազարդ Մրգաստան - Բ. գիրք - Պատկերազարդ / հեղինակ : Կարապետ Ճուհարեան - Տպարան ՊԱՐՔ, Հալէպ
- Կարապետ Ճուհարեան Գրաւոր վարժութիւն արդի հայերէն լեզուի գ. գիրք Վերնագիր :Գրաւոր վարժութիւն արդի հայերէն լեզուի գ. գիրք / հեղինակ : Կարապետ Ճուհարեան - Հրատարակիչ 1973, Տպագրիչ: Տպարան Շիրազ, Հալէպ
- Կարապետ Ճուհարեան Վերնագիր: Գրաւոր վարժութիւն արդի հայերէն լեզուի գ դ հեղինակ: Կարապետ Ճուհարեան - Հրատարակիչ ՀԲԸՄ Սուրիոյ Կրթական Յանձնախումբ 1969 Հալէպ
- Bibliothèque de l'Église apostolique arménienne - Paris Կարապետ Ճուհարեան Գրաւոր վարժութիւն արդի հայերէն լեզուի
- ՀՀ նախագահը սփիւռքում կրթութեան ոլորտի մի շարք գործիչներու պարգևատրել է «Մովսէս Խորենացի» մետալով