Կարմիր Դրօշակ (թերթ, Մոսկուա)
«Կարմիր Դրօշակ», խորհրդային շրջանի հասարակական-քաղաքական թերթ, Հայկական գործերու կոմիսարիատի հրատարակութիւն։ Հանդիսացած է «Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութեան» օրգանը։ Լոյս տեսած է 1919 թուականին, Մոսկուայի մէջ։ Խմբագիր՝ Արտաշէս Կարինեան։ Լուսաբանած է Կոմունիստական կուսակցութեան գործունէութիւնը, խորհրդային գաղափարախօսութեամբ ներկայացուցած է Անդրկովկասի, մասնաւորապէս Հայաստանի քաղաքական իրավիճակը։ Դէմ արտայայտուած է հայ ազգայնական շարժումներուն, անդրադարձած Ռուսաստանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին։
Տպագրած է Գուրգէն Հայկունիի «Պրոլետարական յեղափոխութիւնը եւ Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութիւնը», «Բանուոր Հայկ» ծածկանունով Հայկ Բժշկեանի (Գայ) «Բարձրագոյն զինուորական կազմը», «Կարմիր բանակ» յօդուածները։
Թերթին աշխատակցած են Վահան Տէրեանը, Աննա Յովհաննիսեանը, Ալեքսանտր Աթաբեկեանը, Սերգէյ Մարտիկեանը եւ ուրիշներ։