Կարպիս Թիւլպէնտճեան

Կարպիս Թիւլպէնտճեան (1894, Բաբերդ - 1927, Մարսէյ), հայ բժիշկ։

Կարպիս Թյուլպենտճյան
Ծնած է 1894
Ծննդավայր Բա­բերդ
Մահացած է 1927
Մահուան վայր Մարսէյլ
Կրթութիւն Կա­րին քա­ղա­քի Կար­միր վա­նուց ժա­ռան­գա­ւո­րաց վար­ժա­րա­ն
Կեդ­րո­նա­կան, նաեւ Էսա­յան վար­ժա­րան
­Կ. Պոլ­սոյ Օս­մա­նեան կայ­սե­րա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի դե­ղա­գոր­ծա­կան բաժ­ին
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Աշխատավայր Բե­րա թա­ղա­մա­սի դե­ղա­գործ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Կարպիս Թիւլպէնտճեան ծնած է 1894 թուականին, Կարնոյ նահանգի Բա­բեր­դի գա­ւա­ռի կեդրոն Բա­բերդ քաղաքին մէջ։ 1896 թուականին՝ ջարդի ժամանակ, կորսնցուցած է ծնողները։ 1903 - 1906 թթ. յաճախած է Կարին քաղաքի Կարմիր վանուց ժառանգաւորաց վարժարանը։

1906 թ. փոխադրուած է Կ. Պոլիս եւ ուսանած է Կեդրոնական, ապա Էսայեան վարժարաններուն մէջ։

Ուսանած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական համալսարանի դեղագործական բաժինին մէջ։ Նիւթական պայմաններու պատճառով ուսումը ձգած է թերաւարտ։ Կ. Պոլսոյ Բերա թաղամասին մէջ որպէս դեղագործ աշխատած է։ Եղած է ՀՅԴ-ի անդամ։

1914 թուականին դաշնակցական ըլլալուն պատճառով, ենթարկուած է թուրքական ոստիկանութեան հետապնդումներուն։ Սկիզբը՝ թաքնուած է ոստիկանութիւնէն, ապա գործած է կեղծանունով։

1914 թուականին, Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ Մաքրի գիւղին մէջ (Պաքըրքէոյ) զինվորական դեղագործ ծառայել։

1918 թուականին, պատերազմն աւարտվելէ ետք, իր հօրեղբօրորդի Ա. Բաբերդեանի եւ Պ. Եմենիճեանի հետ լծուած է որբահաւաքութեան ազգանուէր, սակայն յոյժ վտանգավոր գործին, որ վարում էր Ա. Չագըրյանը։

1922 թուականի վերջերուն Կ. Պոլսէն անցած է Ֆրան­սա, ուր որպէս դեղագործ աշխատել է։ Քայքայուած առողջութիւնը վերականգնելու եւ կազդուրուելու նպատակով որոշ ժամանակ ապրած է Կիպրոս։

Մահացած է 1927 թուականի Փետրուար 23-ին, Մար­սէյի մէջ՝ 33 տարեկան հասակին։

Գրականութիւն

Խմբագրել

Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, 1928, Փարիզ, 1929։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։