Կարտեսական Մտախոհութիւններ (Հօսարլ)


Կարտեսական Մտախոհութիւններ կամ Տէքարթական Մտորումներ կամ երբեմն ալ Գարդէսիական Խորհրդածութիւններ ամբողջական անուանումով Կարտեսական Մտախոհութիւններ՝ Երեւութապաշտութեան* Ներածութիւն (Ֆրանսերէն՝ Méditations cartésiennes: Introduction à la phénoménologie)։ Գիրք մըն է Աւստրիացի իմաստասէր՝ «Էթմունտ Հօսարլ»-ի (Գերմաներէն՝ Edmund Husserl, Գերրմանարերէն զատ լեզուներէն թարգմանուած ատեն, տառադարձութիւնը կրնա ուրիշ ձեւով կատարուիլ) գրիջով գրուած, հիմնուած Սորպոնի Համալսարանի Տեքարթի անունը կրող աստիճանաւոր սրահին մէջ, 1929-ի Փետրուարի 23-ին եւ 25-ին անոր մատուցած չորս դասախօսութիւններու վրան։ Դասախօսութեանցն յաջորդած երկու տարիներու ընթացքին «Հօսարլ»-ը՝ իր օգնական՝«Այկըն Ֆինք»-ին (Eugen Fink) հետ միասին անոնց բնագիրը մշակեց ու ընդարձակեց։ Այս ընդլայնուած դասախօսութիւնները առաջին անգամ հրատարակուեցան 1931 թուականի Ֆրանսերէն թարգմանութեամբ («Հօսարլ»-ի բնագիրը Գերմաներէնով էր) մը։

Կարտեսական Մտախոհութիւններ (Հօսարլ)
Ռընէ Տեքարթ (Գարդէսիոս)
Ռընէ Տեքարթ (Գարդէսիոս)
  • {Նայած համաբնագիրին, «Phénoménologie» եզրոյթը, բացի «Երեւութապաշտութիւն» թարգմանութենէն, կրնայ «բներեւութապաշտութիւն» կամ «Երեւութաբանութիւն» ալ թարգմանուիլ}։

Կարտեսական Մտախոհութիւնները Գերմաներէնի թարգմանուեցան միայն «Հօսարլ»-ի մահանալէն ետք։ Այս մէկը կարգ մը մեկնաբաններուն մղեց որ եզրակացնեն թէ «Հօսարլ»-ը դժգոհ էր այս աշխատութենէն, իր նպատակին չծառայելու համար որպէս «Վերանցական Երեւութապաշտութեան Ներածութիւն»։ Աշխատութիւնը կը ներկայացնէ «Հօսարլ»-ի վերանցական երեւութապաշտութեան գլխաւոր յատկութիւնները: Չորորդ խորհրդածութեան մէջ, «Հօսարլ»-ը կ՛առարկէ թէ Վերանցական Երեւութապաշտութիւնը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ Վերանցական Գաղափարապաշտութիւնը (իտէալապաշտութիւն, երբեմն ալ կը կոչուի գաղափարականութիւն)։

«Կարտեսական Մտախոհութիւններ» անուանումը կը վերաբերի «Ռընէ Տէքարթ»-ի «Մտախոհութիւններ Առաջին Փիլիսոփայութեան Մասին» գիրքին, արդ «Հօսարլ»-ը կ՛ըսէ․

Ֆրանսայի մեծագոյն մտածող՝ «Ռընէ Տէքարթ»-ը, վերանցական երեւութապաշտութեան նոր թափ մը տուաւ իւր «Մտախոհութիւններ»-ուն միջոցաւ, անոնց ուսումնասիրութիւնը ուղակի ազդեցութիւն ունեցաւ արդէն զարգացող բներեւութապաշտութեան փոխակերպութեան վրան, վերանցական իմաստասիրութեան նոր տեսակի մը։ Էթմունտ Հօսարլ[1]

Բովանդակութիւն

Խմբագրել
 
Գերմանացի իմաստասէր «Էթմունտ Հօսարլ»


Այս գործը կը բաժնուի հինգ մտախոհութիւններու (խորհրդածութիւններու)․

  1. Առաջին Մտախոհութիւնը՝ Ճանապարհ դեպի վերանցական (Ֆրանսերէն՝ Transcendantale) անձնականութիւն (Անգլերէն՝ Ego)։
  2. Երկրորդ Մտախոհութիւնը՝ Վերանցական (Անգլերէն՝ Transcendental) փորձառութեան դաշտը, եւ ատոր ընդհանուր շինուածքը։
  3. Երրորդ Մտախոհութիւնը՝ Կազմական (կառուցուածքային, hիմնարար) խնդիրները․ ճշմարտութիւն եւ իրականութիւն։
  4. Չորորդ Մտախոհութիւնը՝ Վերանցական անձնականութեան վերաբերող կազմական խնդիրներ
  5. Հինգերորդ Մտախոհութիւնը՝ Վերանցական էութիւնը որպէս մենատարրական միջենթակայականութիւն։ Կամ Ֆրանսերէն բնագրէն թարգմանուած․ Վերանցնական դաշտին սահմանումը որպէս մենատարրական միջենթակայականութիւն»։[2]


Տե՛ս Նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Կարտեսական Մտախոհութիւններ, Համացանցի Արխիւ (Անգլերէն՝ Internet Archive)
  2. Edmund Husserl (trad. Mlle Gabrielle Peiffer, Emmanuel Levinas), «Méditations cartésiennes : Introduction à la phénoménologie» [archive], sur KUPDF, J.VRIN, 1986 (ISBN 2-7116-0388-1).

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Տըրմօթ Մօրա՛ն, Րօտնի Ք․ Պ․ Փարքըր, Վաղ Երեւութապաշտութիւն, (Dermot Moran, Rodney K. B. Parker (eds.). 2016. Studia Phaenomenologica: Vol. XV / 2015. Early Phenomenology. Zeta Books. p. 150.)։