Մենատարր (Իմաստասիրութիւն)

Մենատարր կամ Միաւոր (Հին Յունարէնով՝ μονάς (մօնաս) այսինքն «միութիւն», եւ μόνος (մօնօս) «առանձին» կամ «միայնակ») կամ կը կոչուի Պիւթագորեան Միաւոր (Յունարէն՝ Πυθαγόρεια Μονάδα, Փիթակորիյա Մօնատա):[1]Այս եզրոյթը կը վերաբերի ամէնահիմնական ու սկզբնատիպ նիւթին, եւ կը գործածուի «տիեզերական իմաստաիրութեան (փիլիսոփայութեան)» ու «տիեզերածնութեան» մէջ (Անգլերէն՝ Cosmogony, երբեմն ալ «աշխարհագործութիւն», զոր կ՛ուսումնասիրէ տիեզերքի ծագումը, ի տարբերութիւն «Տիեզերագիտութեան» զոր կը զբաղի ներկայիս տիեզերքի շինուածքն ու փոփոխութիւնները եւ Անգլերէնով կը կոչուի Cosmology)։ Ըստ Պիւթագորականներու սկզբնաւորական ընկալումին, Մենատարրը գերագոյն էութիւնն է, աստուածութիւնը, կամ ամէն ինչի ամբողջութիւնը։ Ըստ վաղ-արդի դարաշրջանի իմաստասէրներէն (փիլիսոփաներէն), արժանայիշատակ «Կօթթֆրիթ Վիլհէլմ Լայպնից»-ին (Գերմաներէն՝ Gottfried Wilhelm Leibniz, երբեմն կը տառադարձուի՝ Գոթֆրիդ Վիլհելմ Լայբնից) անսահման Միատարրեր գոյութիւն ունին, որոնք աղկազմային են, եւ աննիւթական տարրական մասնիկներն են, կամ ամէնապարզ միաւորներն են, որոնք կը կազմաւորեն տիեզերքը։[2]

Պատմական Ակնարկ

Խմբագրել
 
Կլորով պատուած կէտը գործածաուած էր Պիւթագորականներուն եւ Յոյներուն կողմէն ներկայացնելու առաջին բնազանցական (Անգլերէն՝ Metaphisical) էութեան՝ Մենատարրը, կամ բացարցակը (կատարեալը)։

Ըստ Հիպողիտոս Հռովմէացիի (Կամ՝ Հիպողիտոս Հռովմայեցի, Յունարէն՝ Ιππόλυτος Ρώμης), այս աշխարհայեացքը ներշնջուած էր Պիւթագորականներուն կողմէն, որոնք առաջին գոյացած բանը անուանեցին «Մենատարր» (Մօնատ), ինչը ծնունդ տուաւ «Զոյգ»-ին (Յունարէն՝ δυάδα, Անգլերէն՝ Dyad, Տիատ), ինչը ծնունդ տուաւ թիւերուն, ինչը ծնունդ տուաւ կէտին, ծնունդ տալով գիծերուն եւ սահմանափակութեան (Անգլերէն՝ Finiteness) եւ այլն․․․[3] Ատիկա (Մենատարրը) կը նշանակէր Աստուածութիւնը, առաջին էութիւնը, կամ բոլոր էակներուն ամբողջութիւնը, այլազանութեամբ յղում ընելով տիեզերածնութեան (արարումի եւ ստեղծումի տեսութեանց) մէջ մեկուսի գործող աղբիւրին (սկզբնապատճառին), եւ/կամ անտեսանելի սկզբնաղբիւրի մը եւ hամարժէք բաղդատիչներու։[4]

Պիւթագորական եւ Պղատոնական իմաստասէրները (Յունարէն՝ Փիլիսոփաները), որոնցմէ կարելի է յիշել Պղոտինն ու Պորփիւրը դատապարտեցին Ճանաչականութիւնը (Անգլերէն՝ Gnosticism, Գոնիստիկեանութիւն) Միատարրին հետ իր վերաբերմունքին համար։  

Իր Լատիներէնով գրուած «Ընդարձակ Աստուածաբանութիւնը» (Լատիներէն՝ Maximae theologiae, Մաքսիմայէ Թիօլօճիէ) մատեանին մէջ «Ալան Լիլեցի»-ն (Ֆրանսերէն՝ Alain de Lille) կը պնդէ թէ «Աստուած դիւրիմաց ոլորտ մըն է, որուն կեդրոնը ամէն տեղ է, եւ որուն շրջագիծը ոչ մէկ տեղ»։ Ֆրանսացի իմաստասէր «Ֆրանսուա Րապըլէ»-ն (Ֆրանսերէն՝ François Rabelais) այս խօսքը վերագրեց «Հերմէս Եռամեծ»-ին:

Այս խորհրդանշութիւնը ազատ մեկնութիւն մըն է կապուած Քրիստոնէական Երրորդութեան։[5] «Ալան Լիլեցի»-ն կը յիշատակէ «Եռամեծ»-ին «Քսանչորս Իմաստասէրներուն Գիրքը», ուր ան (եռամեծը) կ՛ըսէ թէ Միատարր մը կրնայ եզական կերպով ուրիշ Միատարրի մը ծնունդ տալ: Այս գաղաբարին մէջ Քրիստոնէութեան հետեւորդները տեսան Որդի Աստուծոյ յառաջացումը Հօր Աստուծմէ, թէ ծննունդի եւ թէ արարումի միջոցով։[5]

«Քսանչորս Իմաստասէրներուն Գիրքը» կ՛ամբողջացնէ համապատկերը աւելցնելով թէ երկրորդ Միատարրի տենչանքը առաջին Միատարրի հանդէպ Սուրբ Հոգին կ՛ըլլայ։[6] Անիկա կը փակէ մարմնական (ֆիզիքական) կլորը տրամաբանական եռանկիւնի մը մէջ (կծկումով ՝ ուսողական /մաթեմաթիկական իմաստով, Անգլերէն՝ Retroaction)։

«Կեդրոնացեալ ոլորտ»-ի Եւկլիտեան խորհրդանշութիւնը կը վերաբերի նաեւ տիեզերքի կեդրոնի գոյութեան աշխարհիկ բանավէճին։

Միատարրին գաղափարը արտացոլուած է նաեւ «Տիմուրկոս»-ին (կամ կը կոչուի «Երկրորդ Պատճառ») մէջ․ այն գաղափարը որ մէկ բարձրագոյն էութիւն մը ստեղծեց տիեզերքը։

Պիւթագորեան հասկացողութիւն

Խմբագրել

Պիւթագորականներուն համար, թուային յաջորդութիւններուն յառաջացումը կապուած էր երկրաչափութեան ինչպէս նաեւ տիեզերածնութեան առարկաներուն հետ։[7] «Դիոգինէս Լայերտացի»-ին (Յունարէն՝ Διογένης Λαέρτιος) «Միատարր»-էն յառաջացաւ «Զոյգ»-ը, անորմէ՝ թիւերը, թիւերէն՝ կէտերը, ետքը՝ գիծերը, երկտարածական էութիւնները, եռատարածական (3D) էութիւնները, մարմինները, հասնելով գագաթնակէտին՝ չորս սկզբնատարրերը (հող, ջուր, կրակ եւ օդ), որոնցմէ կառուցուած է մեր աշխարհին մնացեալը։[8]

Արդի Իմաստասիրութեան մէջ

Խմբագրել

Մենատարր եզրոյթը Յունական իմաստասիրութենէն (փիլիսոփայութենէն) որդեգրուեցաւ արդի իմաստասէրներ՝ Ճորտանօ Պրունօ Իտալերէն՝ Giordano Bruno, Ա՜ն Քօնուէյ (Անգլերէն՝ Anne Conway, Անգլիացի), Կօթթֆրիթ Վիլհէլմ Լայպնից (Գերմաներէն՝ Gottfried Wilhelm Leibniz, Միատարրաբանութիւն, կամ Մօնատաբանութիւն), Ճօն Տիի (Անգլերէն՝ John Dee, Անգլիացի), եւ այլք․․․

«Մենատարր»-ի հասկացողութիւնը իբր ընդհանրական hիմունք (Անգլերէն՝ Universal Substance) առաջին անգամ ըլլալով նաեւ գործածուած է Աստուածիմաստականներուն (Անգլերէն՝ Theosophists, Աստուածի մաստութեան տեսութեան հաւատացողներուն) կողմէն որպէս հոմանիշ Սանսքրիթ «Սւապհաւա» (Տեւնակարի այբուբենով՝ स्वभाव) եզրոյթին։ «Մահաթմա Նամակներ»-ը (Անգերէն՝ Mahatma Letters) յաճախակիօրէն կը գործածեն զանոնք։[9]

Տե՛ս Նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Oxford English Dictionary»։ www.oed.com (անգլերեն)։ Oxford University Press։ արտագրուած է՝ 17 August 2022 
  2. Leibniz, Gottfried Wilhelm, Freiherr von (2005). Discourse on metaphysics, and the monadology. Mineola, N.Y.: Dover Publications. ISBN 978-0486443102.
  3. Diogenes Laërtius, Lives and Opinions of Eminent Philosophers.
  4. Fairbanks, Arthur, Ed., "The First Philosophers of Greece". K. Paul, Trench, Trubner. London, 1898, p. 145.
  5. 5,0 5,1 Gilson, Etienne (February 15, 2019). "From Scotus Eriugena to Saint Bernard"[permanent dead link]. History of Christian Philosophy in the Middle Ages. Washington DC: Catholic University of America Press. p. 174,809. ISBN 9780813231952. OCLC 1080547285.
  6. Gilson, Etienne (February 15, 2019). "From Scotus Eriugena to Saint Bernard"[permanent dead link]. History of Christian Philosophy in the Middle Ages. Washington DC: Catholic University of America Press. p. 174,809. ISBN 9780813231952. OCLC 1080547285.
  7. Sandywell, p. 205. The generation of the series of number is to the Pythagoreans, in other words, both the generation of the objects of geometry and also cosmogony. Since things equal numbers, the first unit, in generating the number series, is generating also the physical universe. (KR: 256) From this perspective 'the monad' or 'One' was readily identified with the divine origin of reality.
  8. Diogenes Laërtius,  Lives of Eminent Philosophers.
  9. Barker, A. Trevor. The Mahatma Letters to A.P. Sinnett. ISBN 1-55700-086-7.