Կելիեկիւզան
Կելիեկիւզան (Ընկուզաձոր, այժմ թրքերէն` Ճեւիզլիտերէ (Cevizlidere)), Արեւմտեան Հայաստանի գիւղերէն, որ կը գտնուի Բաղէշի (Պիթլիս) նահանգի Շատախի գաւառակին մէջ, Մուշ քաղաքէն 20-22 քմ հարաւ-արեւմուտք, Անտոք լերան փէշերուն, Շենիկ եւ Սեմալ գիւղերու մօտ։
Գիւղ | |
---|---|
Կելիեկիւզան | |
Երկիր | Թուրքիա |
գիւղը իր պատմական, աշխարհագրական, ռազմական ու մանաւանդ ազատագրական պայքարի մէջ ունեցած է մեծ դերակատարութիւն:
Անուան ստուգաբանութիւն
ԽմբագրելԳիւղին անունը եւ կը նշանակէ ընկուզենիներու պուրակ: Կելիեկիւզանը հարուստ եղած է ընկուզենիներով: Գիւղին անունը արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն գրուած եւ հնչուած է տարբեր-տարբեր ձեւերով, օրինակ` Կելիեկուզան, Գելիեգուզան, Գալէ կուզան, Գեալեգուզան, Գալիեգոզան, Գելի, Գելիգոզան, Գելիգուզան, Գելիեկուզան, Գիլեգուզան, Գուղ Կելեյկիւզան, Կելիկուզան:
Աշխարհագրութիւն
ԽմբագրելԿելիեկիւզանն իր վարչական տարածքով սահմանակից էր հիւսիսէն` Շենիկ, հիւսիս-արեւելքէն` Սեմալ, հարաւ-արեւմուտքէն` Տալուորիկ, արեւմուտքէն` Իշխանաձոր հայկական գիւղերուն, իսկ հիւսիս-արեւմուտքէն` Վասլնի, Պերեշ քրտական փոքրիկ գիւղերուն:
Կելիեկիւզանի տարածքը անհարթ էր ու լեռնային: Գիւղին մէջ սկիզբ կ'առնէ Խուլփի վտակ Կուս գետակը:
Տարածքի լեռնային ըլլալու հանգամանքի պատճառով տուները իրարմէ հեռու կառուցուած էին` առանձին բարձունքներու վրայ: Այդ պատճառով ալ բնակիչներուն համար գիւղը պաշտպանական լաւ հնարաւորութիւններ ընձեռած է:
Կելիեկիւզանն ունեցած է 17 թաղ` Խարձնգոմ, Տաւըրնի, Ղարիբջան, Մխիթար, Մզէրսան, Հոսըլներ, Հիւսէյնցիք, Խազոյի Մզրէ, Կավըրտիք, Դօհոլնին, Ռաշըքներ, Ամբարներ, Խոշոքներ, Մերկեր, Հարմոյի գոմեր, Փալի գոմեր, Ալուչաք, բուն գիւղ1[1]:
Բնակչութիւն
Խմբագրել1881-ին գիւղը ունեցած է 413, իսկ 1890-ականներուն 1000 հայ բնակիչ:
Ներկայիս հոն կ'ապրին շուրջ 500 հոգի եւ հիմնականին մէջ կը զբաղին գիւղատնտեսական աշխատանքներով[2]:
Պատմամշակութային կառոյցներ
ԽմբագրելԿելիեկիւզանը ունեցած է մէկ հայկական եկեղեցի` Սուրբ Կարմրաւոր եւ՝ աւերուած բերդ ամրոց մը:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Երգի Մը Պատմութիւնը. «Կելիեկիւզան Տուման Է» Սրտառուչ Երգին Անժամանցելի Պատգամը – ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ – ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»։ արտագրուած է՝ 2023-04-10
- ↑ «Զովասարը՝ Գողտրիկ Գիւղ Մը»։ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ (en-GB)։ 2022-08-04։ արտագրուած է՝ 2023-04-10