Կենսանիւթեր
Կենսանիւթերն ու հանքային աղերը կը հայթայթուին սնունդին միջոցով[1]:
Անհատի մարմինը կենսանիւթ չ'արտադրեր, այլ անոնք առողջ կենսակերպ մը ունենալու համար հաւասարակշռուած սնունդ ունենալը անհրաժեշտ է եւ անիկա կը ներառէ բոլոր տեսակի ուտելիքները (բանջարեղէն, կաթնեղէն, ընդեղէն եւ այլն):
Կենսանիւթերը յայտնաբերուած են տարիներու ընթացքին աստիճանաբար, անոնք թիւով 13 են:
Հիմնական խումբեր
ԽմբագրելԿենսանիւթերը հիմնականօրէն բաժնուած են երկու խումբի:
Ա.- Ճարպալոյծ կենսանիւթեր ( Ա, Տէ, Էօ, Քա)
Բ.- Ջրալոյծ կենսանիւթեր (Պէ եւ իր խումբերը եւ Սէ)
- Կենսանիւթ Ա: Այս կենսանիւթը կը գտնուի այն մրգեղէններուն մէջ, որոնք դեղին գոյնը եւ դեղինի ընտանիքի այլ գոյները ունին, օրինակ (նարինջը, ստեպղինը, սեխը եւ այլն): Այս կենսանիւթին ոչ բաւարար քանակը մեր մարմնին մէջ կը պատճառէ հաւկուրութիւն կամ գիշերային կուրութիւն:
- Կենսանիւթ Օ-ն կը կոչուի մարզիկներու կենսանիւթ: Այս կենսանիւթը կը գտնուի ցորենի հատիկներուն, հաւկիթի դեղնուցին եւ կաղինին մէջ:
- Կենսանիւթ «Քա»ն անհրաժեշտ դեր ունի արեան մակարդելիութեան մէջ: Այս կենսանիւթը կը գտնուի հաւկիթի դեղնուցին, պանիրին, կանաչ տերեւ պարունակող բանջարեղէններու մէջ:
- Կենսանիւթ Տէ-ն գլխաւորաբար առնչուած է ոսկորներու կազմութեան եւ յատկապէս քալսիոմի եւ ֆոսֆորի ներծծման ու նիւթափոխանակման: Այս կենսանիւթը կը գտնուի կիտրոնին, նարինջին, ձուկին եւ այլ ուտեստեղէններուն մէջ: Բնութեան մէջ արեւի ճառագայթները մեզի կը փոխանցեն այս կենսանիւթը:
- Կենսանիւթ «Պէ» (եւ իր ընտանիքը)` «Պէ 1», «Պէ 2», «Պէ 3», «Պէ 5», «Պէ 6», «Պէ 9» եւ «Պէ 12»):
Կենսանիւթ «Պէ 1»ը ընդհանրապէս կը գտնուի պանանի, կորեկի, պրոքոլիի եւ աւոքայի մէջ: Այս կենսանիւթին անբաւարարութիւնը կը պատճառէ ախորժակի անկում, դիւրագրգռութիւն, որոնք հիմնական ախտանշանները կը հանդիսանան:
Կենսանիւթ «Պէ 12»12 կը գտնուի այն ուտելիքներուն մէջ, որոնք կենդանական ծագում ունին: Այս կենսանիւթը անհրաժեշտ է արեան կարմիր գնդիկներու կազմաւորման մէջ, այս կենսանիւթի անբաւարարութիւնը կրնայ արեան տկարութիւն պատճառել:
- Կենսանիւթ «Սէ»ն կը գտնուի կիտրոնի, նարինջի, կաղամբի եւ այլ պտուղներու մէջ:
Այս կենսանիւթը կարեւոր դեր ունի երկաթի ներծծման մէջ, ինչպէս նաեւ մարմինի ընդհանուր պաշտպանողական համակարգին աշխուժացման մէջ[2]:
Նախընտրելի է այս կենսանիւթերը ստանալ ուտելիքներէն, ոչ թէ փոխարինել զանոնք դեղահատերով, որովհետեւ ուտելիքներէն ներծծումը շատ աւելի դիւրին կ'ընթանայ:
Դեղահատի ձեւով կենսանիւթեր ու հանքանիւթեր ալ կարելի է օգտագործել, ինչպէս օրինակ՝ ձկան իւղը, որ շատ կարեւոր կը համարուի մարմինին դիմադրողականութիւնը զօրացնելու համար, բայց եթէ օրական 3 կրամէն աւելի օգտագործուի, հակառակ ազդեցութիւն կրնայ թողուլ, կը տկարացնէ մարմինին դիմադրողականութիւնը եւ նոյնիսկ արիւնահոսութիւն կրնայ յառաջացնել[3]։