Կիրակոս Ազարեան

Կիրակոս Ազարեան (1878, Հիւսէյնիկ, Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1915), հայ բժիշկ։

Կիրակոս Ազարեան
Ծնած է 1878
Ծննդավայր Հիւսէյնիկ, Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ, ակնաբոյժ
Ռազմական ծառայութիւն Օսմանեան կայսրութեան զինուած ուժեր

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Կիրակոս Ազարեան ծնած է 1878 թուականին, Խարբերդի նահանգի, Խարբերդի գաւառիէ Հիւսէյնիկ գիւղի մէջ, Ֆերմանեան ընտանիքի մէջ։ Մանուկ տարիքին կորսնցուցած է հայրը։ Մայրը երկրորդ անգամ ամուսնացած է Խարբերդի նահանգի Մեզիրէ (Մեզրէ) քաղաքի աւետարանականներու հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Ազարեանին եղբօր հետ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Խարբերդի մէջ, ապա աւարտած է ամերիկացի միսիոներներու՝ քաղաքի մէջ հիմնած Եփրատ գոլէճը։ 1897 թուականին մեկնած է ԱՄՆ՝ կրթութիւն ստանալու։ Սկիզբը՝ աշխատած է գործարաններու մէջ, այնուհետեւ սովորած է Շիքակոյի, ապա՝ Սենթ Լուիզի բժշկական համալսարաններուն մէջ։ Բժշկական կրթութիւնն աւարտելէ յետոյ, կարճ ժամանակ ուսանած է նաեւ Թենեսի նահանգի Նեշուիլ քաղաքի աստուածաբանական ճեմարանի մէջ։ 1911 թուականին վերադարձած է Մեզիրէ ու ամուսնացած՝ Զապել Ազարեանի հետ։ Մեզիրէի մէջ բացած է սեփական բժշկական քլինիք։ Յետագային կրկին մեկնած է ԱՄՆ եւ Սենթ Լուիզի բժշկական համալսարանին մէջ մասնագիտացած է ակնաբուժութեան ողղութեամբ։ 1913 թուականին վերադառնալով Մեզիրէ՝ զբաղուած է համաքաղաքացիներու բուժմամբ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմն սկսելուն պէս, 1914 թուականի աշնան, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայելու՝ ուղարկուած է Կարնոյ ռազմաճակատ։ Վեց ամիս ծառայելէ յետոյ, դեռեւս նախքան Կարնոյ հայերու տարագրութիւնը, ձերբակալուած է ու բանտարկուած՝ Կարնոյ բանտին մէջ։ 1915 թուականի գարնան, իր բախտակից 250 մտաւորականներու (բժիշկներ, դեղագործներ, այլ մասնագետներ) հետ, աքսորուած է Մուշ։ Հասնելով Կարին֊Խոփ (Քոփ) լերան մօտ, բոլորը, անոնց կարգին՝ 37 տարեկան Կիրակոս Ազարեան, գնդակահարուած են։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • «Հայ բժշկութեան տուած զոհերը», ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Կարոյեան Գ. «Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները)», Պոսթըն, 1957։
  • Թէոդիկ «Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան», Բ․ տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։