Կովկասեան արշաւանք


Կովկասեան արշաւանք, Առաջին Համաշխարհային պատերազմի Կովկասեան արշաւանք, Կովկասեան ճակատ, Օսմանեան կայսրութեան եւ Ռուսական կայսրութեան միջեւ ռազմական հակամարտութիւն էր, հետագային ներառելով նաեւ Ատրպէյճանը, Հայաստանը, Կեդրոնական Կասպիական Բռնապետութիւնը եւ Բրիտանական կայսրութիւնը։

Կովկասեան արշաւանք
Առաջին համաշխարհային պատերազմ

Վերը` աւերուած Կարին քաղաքը; ձախ վերը` ռուսական ուժերը; ձախ ներքեւը` մուսուլման փախստականներ; աջ վերը` թրքական ուժեր; աջ ներքեւը` Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ` Վանի հերոսամարտի ընթացքում Վան քաղաքում ապաստան գտած հայ փախստականներ
Թուական 24 Հոտկեմբեր, 191430 Հոկտեմբեր, 1918
Վայր Հայկական լեռնաշխարհ, Փոքր Ասիա
Արդիւնք * Արեւմտեան Հայաստանի ժամանակաւոր ռազմակալում Ռուսական կայսրութեան կողմէն
Տարածքային
փոփոխութիւններ
Օսմանեան կայսրութեան մասնատում; ըստ Սեւրի պայմանագրի Արեւմտեան Հայաստանի մեծ մասի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անցումը
Հակառակորդներ
Կաղապար:Դրօշաւորում/Օսմանեան կայսրութիւն

Կաղապար:Country data Ատրպէյճան Ատրպէյճանի Տեմոկրատական Հանրապետութիւն
Գերմանական կայսրութիւն

Կաղապար:Դրօշաւորում/Ռուսական կայսրութին (1914–1917)

Արեւմտեան Հայաստան
Մեծ Բրիտանիա Մեծ Բրիտանիա
Կաղապար:Դրօշաւորում/Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Կենդրոնական Կասպիական Բռնապետութիւն

Համազասպ Սրուանձտեանի ղեկավարած հայկական զօրաբանակի 3-րդ գումարտակը էջմիածնի մէջ, 1914 թ.

23 Փետրուար 1917 թուականին, Ռուսաստանի յեղափոխութենէն ետք ռուսական զօրքի առաջխաղացումը դադրեցաւ, այնուհետեւ ցրուեցաւ ռուսական կովկասեան բանակը, որուն փոխարինեցին հայկական կամաւորական ջոկատները եւ ֆիտայական ջոկատները։ 1918 թուականին ստեղծուեցաւ Կեդրոնական Կովկասեան բռնապետութիւնը եւ լեռնային Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

3 Մարտ 1918 թուականին, Ռուսաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ հաշտութիւն կնքուեցաւ Պրեստ-Լիտովսկի պայմանագրով եւ 4 Յուլիս 1918 թուականին Օսմանեան կայսրութիւնը ստորագրեց Պաթումի պայմանագիրը Հայաստանի հետ։ Սակայն զինուած հակամարտութիւնը Կեդրոնական Կովկասեան բռնապետութեան, Լեռնային Հայաստանի եւ Բրիտանական զօրքերու միջեւ շարունակեց մինչեւ 30 Հոկտեմբեր 1918 թուական։

Հակամարտութեան պատճառներ

Խմբագրել

Օսմանեան կայրութեան հիմնական նպատակն էր վերականգնել Կովկասի մէջ իր տարածքները։ Այս տարածները թուրքերը կորսնցուցած էին 1877-1878 թուականներուն Ռուս-թուրքական պատերազմի ընթացքին։ Օսմանեան զօրքերու հիմնական նպատակն էր վերադարձնել Արդվինը, Արտահանը, Կարսը եւ Պաթումի նաւահանգիստը։ Այս արշաւանքի յաջողութիւնը կը բերէր ռուսական զօրքերու թուլացման լեհական եւ գալիսիական ճակատներուն[1]։ Կովկասեան արշաւանքները կը շեղէին ռուսական զօրքերու հիմնական ռազմաճակատներէն։ Այս ծրագիրը արժանացաւ գերմանական կայսրութեան հաւանութեանը։ Գերմանիա օժանդակեց օսմանցիներուն աղբիւրներով եւ մարդկային ուժով։ Պատերազմի նախարար Էնվեր փաշա յոյս ունէր ճամբայ բանալ Պիթլիս եւ միաւորել բոլոր կովկասեան մուսուլմանները, ռուսական կայսրութեան դէմ։ Օսմանեան զօրքերու հիմնական նպատակն էր կտրել Ռուսաստանի կասպիական նաւթէն։

Ռուսաստանի համար Կովկասեան ռազմաճակատը կը համարուէր երկրորդային, Արեւելեան ռազմաճակատ։ Ռուսական կայսրութեան հիմնական ուժերը կեդրոնացած էին Արեւելեան ռազմաճակատին մէջ։ Ռուսաստանին կը պատկանէին Կարս ամրոցը եւ Պաթումի նաւահանգիստը։ Մարտ 1915 թուականին Ռուսական կայսրութեան արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Սազոնովը հանդիպեցաւ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն եւ քննարկեցին Թուրքիոյ մայրաքաղաքի, Վոսփորի եւ Տարտանելի նեղուցները գրաւելու հարցը։ Ցարական Ռուսաստանը նաեւ կը ծրագրէր աքսորել մուսուլմաններուն Իսթանպուլէն եւ զանոնք բնակեցնել խազախներով[2]։

Հայ ֆիտայական շարժումը կը ձգտէր ստեղծել անկախ Հայաստան։ Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւնը իրականացուց այս ձգտումը եւ 1918 թուականին ստեղծեց Հայաստանի առաջին հանրապետութինը 1918 թուականի Մայիսին։ Բացի աստի, 1915 թուականի դրութեան Արեւմտեան Հայաստանի մէկ մասը եւ Լեռնահայաստանի հանրապետութիւնը կը գտնուէին հայերու տիրապետութեան տակ, բացի ասկէ, Անդրկովկասեան բռնապետութիւնը նոյնպէս ստեղծուած էր հայերու մասնակցութեամբ։ Այս պետութիւններէն ոչ մէկը երկար գոյատեւեց։

Բրիտանացիները ռուսական յեղափոխական զօրքերու հետ կը պայքարէին, որպէսզի չիրականանայ Էնվեր փաշայի նպատակը՝ տիրանալ Կովկասի նաւթին։ Անգլո-իրանական նաւթային ընկերութիւնը դէմ էր օսմանեան կիրքերուն։ Ընկերութեան կը պատկանէին Պարսկական կայսրութեան ամբողջ տարածքին նաւթի արտահանման իրաւունքը, բացի Ատրպէյճան, Գիլիան, Մազենդարան, Աստրապատ եւ Խորասան գաւառներու։ 1914 թուականին, պատերազմէն առաջ Բրիտանիայի կառավարութիւնը պայմանագիր կնքած էր կազմակերպութեան հետ, որպէսզի ապահովուի իր նաւատորմի նաւթային կարիքները։

Բանակներ

Խմբագրել

Տարածաշրջանին մէջ տեղակայուած էր օսմանեան 3-րդ բանակը։ 1916 թուականին այստեղ ղրկեց նաեւ 2-րդ բանակը։ Օսմանեան կայսրութեան հրամանատարական կազմը ուսանած էր դաշնակիցներու միջոցով։ Հակամարտութեան սկիզբը օսմանցիները ռազմաճակատին վրայ կեդրոնացուցած էին 100.000-էն 190.000 զօրք, հիմնականին տկար պատրաստուած։

Մինչեւ պատերազմի սկիզբը ռուսական կովկասեան բանակը ունէր 100.000 զինուոր, որուն հրամանատարը նշանակուած էր Գեներալ Վորոնցովը։ Բայց իրական հրամանատարը Գեներալ Նիկոլայ Նիկոլաեւիչ Եուդենիչն էր։ Սակայն պատերազմի ընթացքին ռուսերը ստիպուած էին բանակին մէկ մասը տեղափոխել Պրուսիայի ռազմաճակատ քանի մը ճակատամարտերուն վրայ կռուելու համար՝ ձգելով ընդամէնը 60.000 զինուոր։ Հայ գեներալներ Նազարբեկովի, Սիլիկեանի եւ Պիրումովի զօրքերը մնացին Կովկասին մէջ։ 1917 թուականին յեղափոխութենէն ետք ռուսական զօրքերը ձգեցին ռազմաճակատին վրայ։ Երբ ռուսական բանակը կազմակերպուեցաւ 1917 թուականին, բանակը 110.000-120.000 զինուոր ունէին հայկական նախնիներ[3]։ Այս թիւը շուտով հասաւ 150.000-ի երբ միացան Մերձաւոր Արեւելքի հայկական ջոկատները[4]։

1914 թուականի ամառէն ետք Հայ կամաւորական ջոկատները մտան ռուսական զօրքերու հրամանատարութեան տակ։ Որպէս հայ-ռուսական բարեկամութեան նշան հայ կամաւորները ուղարկուեցան նաեւ եւրոպական ռազմաճակատ: Այս ջոկատները կազմաւորուած էին հայերէ, բայց որոնք պարտաւոր չէին ծառայել ռուսական կայսրութեան։ Այս ջոկատները ինքնակազմաւորուած խումբեր էին, որոնց նպատակն էր ստեղծել անկախ Հայաստան։ Այս ջոկատներու հրամանատարներն էին՝ Անդրանիկ Օզանեանը, Դրաստամատ Կանաեանը, Արշակ Գաֆավեանը եւ Սարգիս Մեհրաբեանը։ Սկիզբը անոնց զօրքը 20.000 էր, սակայն հակամարտութեան ընթացքին այս թիւը աճեցաւ։ 1916 թուականի վերջին՝ Եուդենիչը որոշեց այս ջոկատները ներառել ռուսական բանակին։

Հակամարտութեան ժամանակ Հայկական ազգային լիպերալ շարժումը կը ղեկավարէին Հայ Ֆիտայիները։ Այս զինուած խմբաւորումները կ՝ենթարկուէին իրենց անուանի զօրապետերուն շուրջ, որոնցմէ են՝ Սեբաստացի Մուրատը։ Անոնց յաճախ կ՛անուանէին հայկական պարտիզանական ջոկատներ։ Վանէն մինչեւ Երզնկա գիծը վերահսկողութեան կ՝ենթարկուէր ֆիտայիներու կողմէ։

Հայկական ազգային լիպերալ շարժումը Դեկտեմբեր 1917 թուականին հիմնեց զինուած ուժեր, որոնք կը գլխաւորէր գեներալ Թովմաս Նազարբեկեանը։ Դրաստամատ Կանաեանը նշանակուեցաւ քաղաքացիական կոմիսար։ Ռազմաճակատը ունէր երեք հիմնական գօտի՝ Մովսէս Սիլիկեանի, Անդրանիկ Օզանեանի եւ Միքայել Արեշեանի գլխաւորութեան։

Տարածաշրջանին մէջ կը գործէին նաեւ քրտական զինուած խմբաւորումներ։ Անոնք կը կռուէին օսմանցիներու եւ ռուսական զօրքերուն դէմ։

Լիոնել Դանստերվիլը նշանակուած էր միացեալ զօրքերու հրամանատար, որ կազմուած էր 1000 աւստրալիացի, բրիտանացի, գանատացի եւ զելանտացի յատուկ նշանակութեան զինուոր։

Ծանօագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Hinterhoff Eugene (1984)։ Persia: The Stepping Stone To India։ Marshall Cavendish Illustrated Encyclopedia of World War I 4։ New York: Marshall Cavendish Corporation։ էջեր 499–503։ ISBN 0-86307-181-3 
  2. Bobroff Ronald Park (2006)։ Roads to glory – Late Imperial Russia and the Turkish Straits։ London: I.B. Tauris։ էջ 131։ ISBN 1-84511-142-7 
  3. Kayaloff Jacques (1973)։ The Battle of Sardarabad։ Near and Middle East Monographs 10։ Paris: Mouton։ էջ 73։ ISBN 3-11-169459-3 
  4. Nansen Fridtjof (1976)։ Armenia and the Near East։ Middle East in the Twentieth Century։ New York: Da Capo Press։ էջ 310։ ISBN 0-306-70760-8