Կրէկ Պենտեան
Կրէկ Պենտեան (անգլերէն՝ Gregg Bendian, 13 Յուլիս 1963, Ինկըլուուտ, Պերկըն Քաունթի, Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկահայ երաժիշտ, ճազահար:
Կրէկ Պենտեան | |
---|---|
Ծնած է | 13 Յուլիս 1963 (61 տարեկան) |
Ծննդավայր | Ինկըլուուտ, Պերկըն Քաունթի, Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Տեսակ | Ճազ |
Մասնագիտութիւն | Ժազի երաժիշտ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԿրէկ երբ եօթ տարեկան էր, ընտանիքը՝ մինչեւ Թինէք (Նիւ Ճըրզի) տեղափոխուիլը, կ՛ապրէր Ֆէյր Վիու (Նիւ Ճըրզի): Ան հասակ նետած է երաժշտասէր ընտանիքի մը մէջ, ուր շարունակ երաժշտութիւն կը հնչէր: Ծնողները, Մարթին եւ Փաթրիսիա, լաւ ունկնդրողներ էին. հետեւաբար ան մանուկ հասակէն կը խորանայ երաժշտութեան մէջ։ Ան կը լսէ Ֆրենք Սինաթրա, Չայքովսկի մինչեւ Մայլզ Տէյվիս եւ Պիթըլզը[1]:
Պենտեան ընտանիքին Թինէք տեղափոխուիլը մեծ դեր կ՛ունենայ Կրէկի ապագայ երաժշտական զարգացման ուղիին մէջ. ուր կար դպրոցական գերազանց համակարգ եւ լաւապէս մշակուած արուեստի ծրագիրներ:[1]:
Երաժշտական կեանք եւ Ցեղասպանութիւն
ԽմբագրելՊենտեան 1984-էն կը սկսած իր անձնական երաժշտութիւնը ներկայացնել “Կրէկ Պենտեան ծրագիր“ անունով: Ան կը նուագէ անուանի երաժիշտներու հետ՝ Նելս Քլայն, Փաթրիք Պրիւս Մեթընի, Սթիւ Հանթըր եւ Կերի Լուքաս եւ ուրիշներ[2]:
Կրէկ Պենտեանի 1996-ին լոյս կ'ընծայէ ձայնասկաւառակ մը, որ կը կրէ “Կրէկ Պենտեան ծրագիր“ անունը: Կրկնորդը կ՛ընդգրկէ վեց ստեղծագործութիւն, որուն երրորդ երաժշտական կտորը կը կրէ “Աֆթըր Չոմաքլու ուազ է տեզըրդ“ (“After Chomaklou was a desert“, Threnody to the Victims of The Armenian Genocide)[3], «Չոմախլուն անապատ դառնալէ ետք» (Ողբ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն) «թաղումի երգ» խորագիրը:
Կրէկ Պենտեանի վերոյիշեալ երաժշտութիւնը, ազատ ճազի ոճով յօրինուած մշակում մըն է: Կրէկի կը բացատրէ, որ “Աֆթըր Չոմքալու ուազ է տեզըրդ“ գործը, գործիքաւորուած երաժշտութեան կտոր մըն է, որ ձայնի եւ ձայնանիշներով պատկեր մը կը գծէ: Ան կ՛աւելցնէ, թէ իր մեծ հօր անունը Գրիգոր Պենտեան է, որ տարագրուած էր իր ծննդավայրէն` Չոմախլուէն[4]:
Հայկական Երաժշտութիւններ
ԽմբագրելԿրէկի հայկական ներշնչումով երաժշտութիւններն են.
- «Սասունցի Դաւիթ. արիւն»
- «Հայրենիք»
- «Սփիւռք»