Համբարձում
Համբարձում (յուն․՝ Ανάληψις τοῦ Σωτήρος; լատ.՝ ascensio), քրիստոնէական տօն։
Համբարձում | |
---|---|
| |
Տեսակ | շարժական տօն, Պաշտօնական տօն եւ Քրիստոնեական տոն? |
Ենթադաս | Great Feasts of the Orthodox Church? |
Ամսաթիւ | Զատիկ + 39 օր[1] |
Շաբաթվա օր | Հինգշաբթի |
Կրօն | քրիստոնէութիւն |
Անուանուած է | Յիսուսի համաբարձումը |
Ի յիշատակ | Յիսուսի համաբարձումը |
Զատիկէն ճիշդ քառասուն օր ետք կը նշուի Համբարձման, կամ ինչպէս ոմանք կը կոչեն, վիճակի կամ կաթնապուրի տօնը: Անիկա Քրիստոսի յարութիւն առնելէն ետք երկրի վրայ քառասուն օր շրջելու եւ ապա երկինք համբառնալու պատկերացումն է քրիստոնէական տօնացոյցին մէջ: Համբարձումը շարժական տօն է, ամէն տարի տարբեր թուականի կը նշուի, սակայն անիկա միշտ կը զուգադիպի Հինգշաբթի օրուան, իսկ հանդիսութիւնները կը սկսին Չորեքշաբթի: Այդ Չորեքշաբթին կիները «Ծաղկամօր Կիրակի» կը պահէին, այսինքն՝ կարգ մը աշխատանքներէ կը խուսափէին ի պատիւ «Ծաղկամօր», որպէսզի ան իրենց երեխաներէն հեռու պահէ «ծաղիկ» ու «կարմրուկ» հիւանդութիւնները[2]։
Աստուածաշունչ մատեանին մէջ
ԽմբագրելՅիսուս Քրիստոս Իր հրաշափառ յարութենէն ետք, բազմաթիւ առիթներով կ'երեւի Իր աշակերտներուն, երբեմն առանձնաբար (Ղկ 24.13-35), երբեմն՝ հաւաքաբար (Ղկ 24.36-49): Անոնց հաւաքատեղին էր վերնատունը, ուր Քրիստոս Իր Վերջին Ընթրիքը կը կատարէ, հոն կը հաստատէ Ս. պատարագի խորհուրդը, ապա կ'ուղղուի դէպի Գեթսեմանի (Ձիթենեաց պարտէզը):
Աշակերտները դարձեալ կը հաւաքուին Վերնատան մէջ, Քրիստոս իրենց հետ էր, կրկին պիտի ուղղուէին Ձիթենեաց լեռ, այս անգամ աստուածաբար համբառնալու, եւ առաքեալները աստուածային կոչունքի հրաւէրը տարածելու համար:
Քրիստոս իր մեծագոյն պատուէրը կու տայ իր աշակետներուն՝ ազգերը իրեն աշակերտ դարձնելու եւ մկրտելու «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» (Մտ 28.19):
Հրաժեշտ կու տայ բոլորին, կ'օրհնէ իր աշակերտները եւ կ'ըսէ անոնց[3].
Իր խօսքը աւարտելէ ետք, երկինք կը համբառնայ, եւ ամպ մը ծածկելով զԱյն աշակերտներուն տեսողութենէն կը բաժնէ: Ապա երկու հրեշտակներ կ'երեւին, որոնք Տիրոջ ուղեկից էին ու կ'ըսեն.
Ո՛վ Գալիլեացիներ, ինչո՞ւ կեցեր երկինքը կը դիտէք: Այս Յիսուսը, որ երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս անոր երկինք երթալը տեսաք: - (Գրծ 1.11)
|
Համբարձումը Հայաստանի մէջ
ԽմբագրելՀայաստանի մէջ Համբարձումը վերածուած է ժողովրդական տօնակատարութեան. երիտասարդ տղաներն ու աղջիկները Համբարձման օրը կը հաւաքեն եօթ գոյնի ծաղիկ, կուժի մէջ կը լեցնեն եօթ աղբիւրի ջուր, իրենց նշանները դնելով ջուրի մէջ եւ Համբարձման գիշերը «աստղունք» կը դնեն, այսինքն՝ անոնք կը յանձնեն աստղերու խորհուրդին, որմէ ետք, ըստ այդ նշաններուն՝ կը կատարեն գուշակութիւններ։ Համբարձման Կիրակի օրը տօնականօրէն զարդարուած երիտասարդներն ու աղջիկները կը կազմակերպեն տօնախմբութիւններ՝ Համբարձման նուիրուած երգերու, պարերու (յատկապէս վերվերիներու՝ իբրեւ հասակի աճի հետ կապուած հմայական պարերու), խաղերու եւ մրցոյթներու զուգակցութեամբ։
Ծաղկամայրը, ըստ աւանդութեան, Վարվառէ անունով կոյս մըն է, որուն քրիստոնէութիւնը ընդունելուն պատճառով հետապնդեր է իր կռապաշտ հայրը, եւ ան Արեւմտեան Հայաստանէն փախչելով` եկեր ապաստաներ է Աշտարակի մօտ գտնուող Արայի լեռը: Հայրը զայն հետապնդեր է, եւ շրջանի հովիւները մատներ են Վարվառէի թաքստոցը: Յուսահատ Վարվառէն նահատակուելէ առաջ Աստուծմէ խնդրեր է, որ ծաղիկ ու կարմրուկ հիւանդութիւն ունեցող մանուկները իր անունով բուժուին: Աստուած կատարեր է անոր խնդրանքը, եւ Վարվառէին աղօթող մայրերուն զաւակները բուժուեր են այդ հիւանդութիւններէն:
Նոյն առիթով Վարվառէն անիծեր է իր տեղը մատնած հովիւները, վերջիններս եւ իրենց ոչխարները քարացեր են: Մինչեւ այսօր աշտարակցիները ցոյց կու տան այդ քարերը: Համբարձման չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը Արայի լերան շրջակայքի ժողովուրդը Ծաղկեվանք ուխտի կ'երթայ:
Ծաղկեվանքը կոյս Վարվառէի մահարձանը կը համարուի. Մամռոտ վանքին մէջ կայ աղբիւր մը, որ բուժիչ յատկութիւններ ունի. կ'ըսուի, թէ աղբիւրը սկիզբ առած է Վարվառէի արցունքներէն:
Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին Քրիստոսի Համբարձման տօնին օրը կը յիշատակէ նաեւ 1441-ին, Հայոց Կաթողիկոսական Աթոռը Սիսէն տեղափոխելու եւ Ս. Էջմիածինի մէջ վերահաստատելու պատմական դէպքը։
Կաթնապուրի Արարողութիւն
ԽմբագրելՀամբարձման օրը բոլոր տուներուն մէջ առտու կանուխ կաթնապուր կ'եփէին: Ոմանք կաթնապուրի կաթսային տակ վառող կրակին մէջ կ'այրէին եօթը աղօթքով հանգուցուած ձեռքի կապը:
Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ կաթնապուրը կ'եփէին խմբովի` արտերուն մէջ եւ քանի մը շերեփ կաթնապուր կը թափէին արտերուն շուրջը` բերքի առատութիւն ապահովելու եւ արտը կարկուտէն ու վնասակար միջատներէն պաշտպանելու համար:
Համբարձման օրուան կաթնապուրը մատաղ էր, անիկա կը բաժնուէր առնուազն եօթը տուն:
Կարգ մը ընտանիքներ Զատիկէն մինչեւ Համբարձում կաթնապուր չէին եփեր, որպէսզի կովերուն կաթը չպակսէր, իսկ Համբարձման օրը առաջին անգամ եփող կաթնապուրը յատուկ հանդիսութեամբ կ'ուտուէր:
Վիճակի Արարողութիւն
ԽմբագրելԱնցեալին վիճակի արարողութիւնը կը կատարուէր բացօթեայ, դաշտերուն մէջ: Աղջիկները կը բազմէին խոտերուն վրայ, իրենց մէջտեղը կը զետեղէին վիճակի փարչը, հարսի հագուստով անչափահաս աղջնակը կը նստեցնէին փարչին քով` երեսը քողով ծածկուած: Իբրեւ անարատ եւ միամիտ երեխայ` ան էր, որ իւրաքանչիւր բախտագուշակ քառեակ երգէն ետք պիտի հանէր նշանները փարչին մէջէն:
Աղջիկներուն խումբը առաջին երգը կը նուիրէր վիճակի փարչին.
Վիճակ, վիճակ ծաղկավիճակ,
Շալէ շապիկ, նախշուն կոճակ: Եկան տարան տիրոջ դուռը, Ճակտին զարկին կարմիր նուռը, Ջան, ծաղիկ, Համբարձում…: |
Ասկէ ետք կը սկսէր հարիւրաւոր քառեակներու երգը, իսկ բազմութիւնը դրական վիճակ ինկած նշանի տիրոջ ուրախութիւն կը բաժնէր եւ կը մխիթարէր բացասական վիճակ ինկած նշանի տիրոջ.
Աղջի, մանէ՛ մանածդ,
Գնա՛ քաղէ՛ ցանածդ, Այսօր վիճակի տօնն է, Կը գտնես քո սիրածդ: |
Վիճակի արարողութիւնը վերջ գտնելէ ետք փարչին ջուրը կը թափէին արտերը: Շիրակի շրջանին մէջ հիւանդներուն տէրերը այս ջուրէն տուն կը տանէին եւ իրենց հիւանդին գլխուն կը քսէին, որպէսզի վերջինս շուտ առողջանայ եւ կազդուրուի:
Երեկոյեան, տունդարձի երգը կը հաստատէր տօնին աւարտը եւ կը սկսէին աշխատանքով յագեցած օրերը:
Վիճակի Արուսը
ԽմբագրելՎիճակի Արուսը համարուած էր Համբարձման տօնի խորհրդանիշ տիկնիկը: Բացի վիճակի փարչէն գիւղի աղջիկները կը պատրաստէին նաեւ վիճակի տիկնիկը` Արուսը եւ զայն կ'ամրացնէին փարչին գլխուն:
«Վիճակի Արուս»ը պատրաստելու համար երիտասարդուհիները կը վերցնէին ճիպոտ մը, վերի մասին կը հաստատէին փայտ մը` ստանալու համար խաչաձեւ յարմարանք մը, որուն կը հագցնէին կանացի հագուստը: Տիկնիկը կ'ունենար ճակատնոց, ոսկեշար մանեակ, կուրծքին` ճոխ զարդեր:
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Փիեթրօ Փերուժինիօ 1496-1500
-
Ռամպրանթ Վան Ռայն, 1636
-
Ռոսարի Պազիլիքա, ԺԹ. դար
-
Անտրէ Ռուպլոֆ, 1408
-
Մակեդոնական սրբապատկեր
-
Տրոկօ Սաքրամենթարի, շուրջ 850
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Calendarium Romanum: Ex decreto Sacrosancti Œcumenici Concilii Vaticani II instauratum auctoritate Pauli PP. VI promulgatum. Editio typica — Civitas Vaticana: Typis Polyglottis Vaticanis, 1969. — է. 20.
- ↑ Համբարձում
- ↑ Քրիստոսի Համբարձումը
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։ |