Համբարձում Աշճեան
Աշճեան Համբարձումեան (1862, Մարաշ - 1938), Վերապատուելի, ուսուցիչ։
Համբարձում Աշճեան | |
---|---|
Ծնած է | 1862 |
Ծննդավայր | Մարաշ |
Մահացած է | 1938 |
ան ծնած 1862-ին Մարաշի մէջ, ուսած Աւետարանականներու նախակրթարանը եւ ատեն մը դերձակութիւն սորվելէ ետք՝ կը մտնէ 1879-ին Այնթապի Գոլէճը ուրկէ շրջանաւարտ կ’ելլէ 1884-ին: Երկու տարի կ’ուսացնէ Մարաշի Աւետարանականաց ջարժարանին մէջ 1886-1889 ուսանող է Մարաշի Աստուածարանական ճեմարանին: Տարի մը քարոզիչ Ատանա 4 տարի ուսուցիչ Մարաշի Կ. Թ. Աղջկանց Գոլէճին՝ մինչեւ 1894:
1894-1896 կը դառնայ ուսանող Եէյլի Աստուածաբանական վարժարանին, Նիւ Հէյվըն (Միացեալ Նահանգներ): 1899 Յունուար 26-ին ձեռնադրուելով կը մեկնի Այնթապ իբրեւ հովիւ Ալայպէյի եկեղեցիին, 1900 Օգոստոս 7-ին կ’ամուսնանայ Օր. Եսթեր Հալէպեանի հետ, 1901-ին հովիւ Այնթապի Գայաճըգ եկեղեցիին, 1906-ին ուսուցիչ Այնթապի Գոլէճին, 1907-ին հովիւ Ատանայի Աւետ. Եկեղեցիին: 1909-ին Կիլիկիոյ Ջարդին առթիւ քաջաբար կը պաշտպանէ Հայոց անմեղութիւնը: 1914-ին Գոնիա կը հրաւիրուի Ճէնանեան Գոլէճը դասախօսելու եւ ժողովուրդին քարոզելու: Ընդհանուր պատերազմի եւ տեղահանութեան շրջանին երկիցս կ’աքսորուի, վեց անգամ կը բանտարկուի:
1922 Նոյեմբեր 16-ին Գոնիայի 700 որբերով եւ 100 պաշտօնեաներով ու սպասաւորներով կը մեկնի Պէյրութ, ուր կը պաշտօնավարէ Րիլիֆի Մամըլթէյնի որբանոցին մէջ եւ կը քարոզէ վրանաքաղազին մէջ։ 1926-ին սկիզբը՝ հովիւ Լոս Անճէլըսի Մասիս Հայ Աւետ. Եկեղեցիին եւ 1929 Յունուար 5էն սկսեալ Շիգակոյի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին, ուր Դեկտ. 1932-ին կը տօնուի ծննդեան 75-րդ եւ քարոզչութեան 40-րդ տարեդարձի յորելեանը: 1934-ին առողջական պատճառներով կը հրաժարի ու բնակութիւնը կը հաստատէ Լոս Անճէլըսի մէջ Վեր. Աշճեան 1936-ին լոյս կ’ընծայէ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆ եօթանասնամեակի Տօնակատարութեան գրքոյկը (87 էջ), որմէ կ’իմանանք թէ «Կիլիկիոյ 1909-ի կոտորածին եւ 1915-ի Հայկական ընդհ. Տեղահանութեանց միջոցին Գոնիայի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն պատմութիւնը» գրի առած է: Հեղինակի կոչ կ’ընէ որ Թէֆլէեան եղբայրներու նման առատաձեռն անհատներ օգնեն, որպէսզի այս գործը հրապարակ ելլէ:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Ա․, էջ 187: