Համբաւաբեր
Համբաւաբեր, Կովկասի հայոց բարեգործական ընկերութեան հասարակական-գրական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1915-1917 թուականներուն, Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիր՝ Ս. Յարութիւնեան։ Անդրադարձած է Արեւմտեան Հայաստանի սոցիալ-տնտեսական իրավիճակին, հայութեան ծանր կացութեան։ «Արտաքին տեսութիւն», «Համաշխարհային պատերազմ» բաժինները լուսաբանած են միջազգային իրադարձութիւնները, տպագրած լուրեր ռազմաճակատներէն։ Գրական բաժնին մէջ տեղ գտած են հայ դասականներու գործեր, Մանուկ Աբեղեանի, Լէոյի, Մ. Մատէնճեանի եւ այլոց պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւններ։ Հրատարակած է նաեւ ընկերութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւններ, կեդրոնական խորհուրդի եւ մասնաճիւղերու հաշուէտուութիւններ։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։ |