Հայաստանի Երաժշտական Ընկերութիւն

Հայաստանի Երաժշտական Ընկերութիւն, երաժշտական ընկերութիւն մըն է Երեւանի մէջ, որ հիմնադրուած է 1958 թուականին։ Կը միաւորուի հանրապետութեան երգչախմբային արուեստի գործիչներուն (երգահաններ, խմբավարներ, երգիչներ) եւ ինքնագործ ու մասնագիտական երգչախումբերու անդամներուն։

Հայաստանի Երաժշտական Ընկերութիւն
Հայաստանի Երաժշտական Ընկերութիւն

Հիմնուասծ է 1958 թուականին։ Գերագոյն ղեկավար մարմինը համագումարն է (առաջինը՝ 1962 թուականին), գործադիրը՝ վարչութեան նախագահութիւնը։ Կը նպաստէ սովետահայ խմբերգային արուեստի մասսայականացման, երգչախումբերու կազմակերպման ու կատարելագործման, դպրոցներու մէջ երգեցողութեան դասաւանդման բարելաւման, կը կազմակերպէ երգի տօներ, ստեղծագործական եւ կատարողական մրցոյթներ եւ այլն։ Կը միաւորէ 7 մտարուեստ, 64 ինքնագործ եւ 300 մանկական երգչախումբ։

Բաժանմունքներ ունի Լենինականի, Կիրովականի, էջմիածնի, Դիլիջանի եւ այլ վայրերու մէջ։ Ընկերութեան կից կը գործեն մանկական երգչախումբ, երաժշտական արուեստանոց եւ հայ խմբերգային արուեստի տունը, Երեւանի մէջ։

1986 թուականին ունէր 12․300 անդամ։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Կազմակերպուած է Երեւանի մէջ, 1987 թուականին՝ Հայաստանի երգչախմբային ընկերութեան հիման վրայ, որ հիմնադրուած էր 1958 թուականին եւ կը միաւորէր հանրապետութեան երգչախմբային արուեստի գործիչներուն, կ'օժանդակէր երգչախումբերու ստեղծման ու կատարելագործման, խմբերգային գրականութեան բազմացման, սեմինարներու, երգի տօներու, մրցոյթներու իրականացման։ 1996 թուականէն երգչախմբային ընկերութիւնը վերանուանուած է երաժշտականի։

Նախագահներ եւ Անդամներ

Խմբագրել

Երգչախմբային ընկերութեան հիմնադիրներէն էին՝

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Բաժանմունքներ ունեցած է Կիւմրիի, Վանաձորի, Դիլիջանի, Կապանի, Արմաւիրի, Վաղարշապատի, Արտաշատի, Եղէգնաձորի, ինչպէս եւ ձեւաւորներ՝ հանրապետութեան այլ քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ։ Կ'ընդգրկէ 68 ինքնագործ, 7 մասնագէտ (այդ թիւին մէջ՝ Արամ Տէր-Յովհաննիսեանի անուան երգչախումբը) եւ բազմաթիւ մանկական երգչախումբեր։ Երեւանի եւ բաժանմունքներուն մէջ ընկերութեան կից կը գործեն մանկական երգչախումբ-արուեստանոցներ, Երեւանի մէջ՝ Խմբերգային Արուեստի Տունը[1]։ Հայաստանի երաժշտական ընկերութիւնը կ'ընդլայնէ երգչախմբային ընկերութեան գործունէութիւնը, միաւորելով հանրապետութեան երաժշտական մշակոյթի գործիչներուն՝ մասնագէտ երաժիշտներու, մանկավարժներու, գեղարուեստական ինքնագործունէութեան մասնակիցներու։ Ան կը նպաստէ երաժշտալուսաւորչական աշխատանքներու կազմակերպման եւ ատոր ձեւերու կատարելագործման, ժողովրդական լայն զանգուածներու գեղագիտական դաստիարակման։ Հայաստանի երաժշտական ընկերութեան 7 բաժանմունքներու գործունէութեան հասարակական կարգով ընդգրկուած են հանրապետութեան մասնագէտ երաժիշտները։

Հայաստանի երաժշտական ընկերութիւնը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ Սայեաթ-Նովա փողոցի համար 15 վրայ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել