Հայաստանի Քրիստոնէացումը
Մինչեւ 226 թուական, պարսկական եւ հայկական գահերուն վրայ կ'իշխէին Պարթեւ Արշակունիները։ 226-ին, օգտուելով Պարթեւական արքայատոհմին թուլութենէն, Պարսիկ Սասանեան տոհմը տիրացաւ Պարսկաստանի գահին, մինչ Հայաստանի մէջ կը շարունակուէր իշխել Պարթեւական ծագումով Հայ Արշակունիներու տոհմը։
Այս պայմաններուն մէջ խզում եւ թշնամութիւն յառաջացաւ երկու երկիրներուն միջեւ։ Այս կացութիւնը պատճառը դարձաւ նաեւ, որ հայերը հակին դէպի Հռոմ՝ Արեւելքի մէջ Իրանի դարաւոր թշնամին ու մրցակիցը։ Քաղաքական այս կեցուածքին հետեւանքով, ամբողջ Գ. դարու տեւողութեան, հայերը պարտաւորուեցան պայքար մղել Սասանեան պարսիկներուն դէմ, որոնց նպատակն էր ո՛չ միայն նուաճել, այլ նաեւ՝ ամբողջ Արեւելքը։
Այսուհանդերձ, երկար պատերազմներ չկրցան ընկճել հայերու դիմադրական ուժը։ Ուստի, ճարահատ՝ պարսիկները դիմեցին նենք միջոցի. անոնք դաւադրաբար սպաննեցին հայոց Խոսրով Բ. թագաւորը, որուն մանուկ որդին՝ Տրդատ հայ նախարարներուն կողմէ տարուեցաւ Հռոմ։ Հայկական աւանդութեան համաձայն, արքայասպանն էր Անակ Պարթեւ։
Գ. դարու վերջերուն, Արեւելքի մէջ հռոմէական եւ պարսկական ուժերուն միջեւ կռիւները անդադար կը շարունակուին։ 287-էն սկսեալ, հռոմէացիներու կողքին այս ճակատումներուն կը մասնակցի նաեւ հայոց Տրդատ Գ. Արքան: 297-ին, պարսկական բանակները, Ներսեհ Արքայից Արքայի գլխաւորութեամբ, կը մտնեն Հայաստան, ուրկէ թագաւորը կը փախչի, անգամ մը եւս ապաստանելու համար Հռոմ։ Իրենց կարգին, հռոմէացիները պատերազմական գործողութիւնները կը փոխադրեն Հայաստան՝ օգտուելու համար անոր բնական դիրքէն եւ մանաւանդ հայ նախարարներու օժանդակութենէն։ Նոյն տարին, սակայն, հռոմէական եւ հայկական խառն բանակները կը յաջողին պարտութեան մատնել պարսիկները եւ վիրաւորել անոնց թագաւորը։
Մծբինի Դաշնագիրը
ԽմբագրելԻր կրած ջախջախիչ պարտութենէն անմիջապէս ետք, Ներսեհ Արքան հաշտութիւն խնդրեց։ 298-ին Հռոմի եւ Պարսկաստանի միջեւ կնքուեցաւ Մծբինի դաշնագիրը, որ պարսիկներուն համար ծանր պայմաններ կը պարունակէր։ Անոնք Հռոմին ձգեցին Միջագետքը, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի ու Վրաստանի հովանաւորութիւնը եւ Հայաստանի վերադարձուցին գրաւուած հողամասերը։
Մծբինի դաշնագիրը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր Հայաստանի համար։ Շուրջ տասը տարիներու անկայուն թագաւորութենէ մը ետք, Տրդատ Գ. կը վերահաստատուէր հայկական գահին վրայ, պաշտպան ունենալով հզօր Հռոմը։ Կ'ամրանար նաեւ Արշակունիներու իշխանութիւնը, որ Սասանեաններու երեւան գալէն ի վեր մնայուն վտանգի մէջ կը գտնուէր։
Ճակատագրական այս օրերուն, հայ ժողովուրդը բավտաւորութիւնը ունեցաւ իբրեւ առաջնորդ ունենալու ո՛չ միայն Տրդատ թագաւորը, այլ նաեւ Արտաւազդ Մամիկոնեանի նման քաջ եւ հայասէր սպարապետ մը։ Անոնք ամրապնդեցին եւ զօրացուցին Հայաստանն ու անոր անկախութիւնը։
Այս դաշնագրէն ետք, Հայաստանի քաղաքականութիւնը աւելի եւս հակեցաւ դէպի Արեւմուտք՝ Հռոմէական Կայսրութիւն: Քաղաքական այս դիմափոխութեան բնականաբար հետեւեցաւ մշակութային նոր ուղղութիւն մը. հետզհետէ ձերբազատուելով իրանեան ազդեցութենէ, Հայաստան աւելի մօտեցաւ Արեւմտեան մշակոյթին, որուն արդէն ծանօթ էր դարերէ ի վեր։
Տրդատ Գ. եւ Հայաստանի Քրիստոնէութեան Դարձը
ԽմբագրելՀայկական մատենագրութիւնը մեզի փոխանցած է աւանդութիւն մը, որուն համաձայն, Խոսրով թագաւորը սպաննող Անակ Պարթեւի որդին Գրիգոր մտած էր Տրդատ Գ.-ի ծառայութեան մէջ։ Ան քրիստոնեայ էր եւ յունական բարձր կրդութիւն ստացած էր։
Երիզա աւանին մէջ, կրօնական հանդիսութեան մը ընթացքին, թագաւորը կը հրամայէ Գրիգորին զոհ մատուցանել Անահիտ դիցուհիի բագինին։ Բացայայտելով իր քրիստոնէութիւնը, Գրիգոր կը մերժէ ենդարկուիլ, հակառակ սպառնալիքնէրուն եւ նոյնիսկ չարչարանքներուն։ Այս միջոցին թագաւորին կը յայտնուի, թէ Գրիգոր որդին է արքայասպան Անակին։ Զայրացած Տրդատ կը հրամայէ որ Գրիգորը նետեն Արտաշատի բերդին Խոր Վիրապը, ուր, դարձեալ աւանդութեան համաձայն, Գրիգոր կենդանի կը մնայ 13 տարի, շնորհիւ բարեպաշտ կնոջ մը, որ ամէն օր նկանակ մը կը նետէ իրեն։ Հրիփսիմեանց կոյսերու նահատակութիւնը եւս կապուած է այս աւանդութեան։ Հռոմէական կայսրութեան մէջ քրիստոնէութեան դէմ շղթայաազէրծուած հալածանքնեէրէն փաղչելով, Հայաստան կու գան խումբ մը կոյսեր, գլխաւորութեամբ Գայիանէի։ Խումբին մէջ կը գտնուէր Հրիփսիմէն, որուն գեղեցկութեան համբաւը կը հասնի Տրդատին։ Տրդատ պալատ բերել տալով զայն՝ կ’որոշէ կանանոցին մէջ պահել։ Հրիփսիմէն կը մերժէ համակերպիլ հեթանոս արքայի կամքին եւ երկար դիմադրելէ ետք՝ կը յաջողի փախչիլ իր ընկերուհիներուն մօտ։ Սակայն շուտով, անոր ետեւէն կը հասնի դահճապետը, որ կը սպաննէ զայն՝ իր 36 ընկերուհիներով։ Յաջորդ օրը, երկու այլ կոյսերու հետ կը նահատակուի նաեւ Գայիանէն։ Այս դէպքերէն ետք, Տրդատ կը հիւանդանայ եւ զինք բուժելու բոլոր փորձերը կը մնան ապարդիւն։
Այս միջոցին, Տրդատին քոյրը՝ Խոսրովիդուխտ երազին մէջ կը տեսնէ հրեշտակ մը, որ իրեն կը հաղորդէ, թէ Գրիգոր տակաւին ողջ է եւ միայն ինք կրնայ բուժել արքան։ Գրիգոր դուրն կը բերուի Խոր Վիրապէն. ան նախ նահատակ կոյսերուն անթաղ մարմինները կ’ամբոբէ շիրիմներու մէջ եւ ապա կը բժշկէ թագաւորը։ Տրդատ կ’ընդունի Քրիստոնէութիւնը եւ զայն պետական կրօն կը հռչակէ 301-ին։
Նոր Կրօնքը Եւ Հայերը
ԽմբագրելՄատենագիրները հայոց քրիստոնէութեան դարձը կը կապեն հրաշքի եւ Աստուածային միջամտութեան։ Անհրաժեշտ է հիշել սակայն, որ Քրիստոնէութիւնը արդէն բաւական տարածուած էր Հայաստանի մէջ, սկսեալ Թադէոս եւ Բարդողիմէոս առաքեալներէն, մանաւանդ Բ. եւ Գ. դարերուն։ Թէեւ հալածուած, սակայն նոր քրիստոնեաները գաղտնօրէն կարողացած էին մեծ թիւով կրօնակիցներ շահիլ եւ կը ներկայացնէին նկատառելի ուժ։ Հայկական աւանդութեան մէջ պահուած է այդ դարերու Արտազի եւ Սիւնիքի եպիսկոպոսական աթոռներուն յիշատակութիւնը։ Կարեւոր օտար աղբիւրներ եւս կը հաստատեն անոնց գոյութիւնը։ Հաւանական է նաեւ, որ Տրդատ որոշած է զօրավիգ կանգնիլ քրիստոնեաներուն, Հայաստանը ձերբազատելու համար պարսկական ազդեցութենէն, որ շատ մեծ էր կրօնական գետնի վրայ։ Տրդատի այս կողմնորոշումին մէջ կրնայ կարեւոր դեր ունեցած ըլլալ արքունի քարտուղար Գրիգորը։
Հայաստան Եւ Հռոմ
ԽմբագրելԹէեւ Հռոմէական Կայսրութեան մէջ քրիստոնեաները սկսած էին գետին շահիլ, այսուհանդերձ հեթանոսութիւնը կը մնար պետական կրօն, մինչ կը հալածուէր քրիստոնէութիւնը։ Հետեւաբար, Տրդատին ու հայերուն քրիստոնէութեան դարձը պատճառ եղաւ, որ գէթ ժամանակի մը համար նեղութիւն յառաջանայ Հռոմի եւ Հայաստանի միջեւ։ Ասոր հետեւանքով է, որ 311-ին Սուրիոյ հռոմէացի կառավարիչը, որ յայտնի թշնամի մըն էր քրիստոնեաներուն, իր բանակով քալեց Հայաստանի դէմ։ Հայերու քաջութեամբ պաշտպանեցին իրենց հայրենիքն ու կրօնքը եւ պարտութեան մատնեցին հռոմէացիները։
Երկու տարի ետք, Միլանոյի հրովարտակով (313 թ.) Հռոմի մէջ եւս քրիստոնեութիւնը ազատ եւ հեթանոսութեան հաւասար կրօնք հռչակուեցաւ, հետեւաբար Հայաստանի եւ Հռոմի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները վերահաստատուեցան աւելի եւս սերտանալով։
Պայքար Հեթանոսութեան Եւ Քրիստոնէութեան Միջեւ
ԽմբագրելՆոր կրօնքը ընդունելէ ետք, Տրդատ որոշեց զայն պարտադրել ամբողջ երկրին։ Հաւանական է, որ ժողովուրդը դեռ պատրաստ չէր այսպիսի մեծ փոփոխութեան։ Քրմական դասը շատ զօրաւոր էր, հարուստ եւ ազդեցիկ, ուստի երկու կողմերուն միջեւ բուռն կռիւներ նախատեսելի էին։ Տրդատ, իրեն զօրաւիգ ունենալով Գրիգորը, իր բանակով յարձակեցաւ եւ կործանեց հեթանոսական կրօնքի կոթողները, զորս կատաղի կերպով կը պաշտպանէին քուրմերը։
Քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս Հայաստանին պարտադրուեցաւ արքային կողմէ, սակայն ժողովուրդը անհաղորդ կը մնար նոր կրօնքի վարդապետութեան, մինչդեռ հեթանոսութինը, իր դարերու կեանքով, մաս կը կազմէր անոր բարքերուն եւ կեանքին։ Այս պատճառով ալ, երկար ատեն քրմական դասը կարգ մը շրջաններու մէջ կարողացաւ պահել ժողովուրդին համակրանքը եւ վայելել անոր պաշտպանութիւնն ու օժանդակութիւնը։
Երբ կացութիւնը բարելաւուեցաւ, Տրդատի կարգադրութեամբ եւ հայ իշխաններու փափաքով, Գրիգոր մեկնեցաւ Կեսարիա՝ Հայաստանի եպիսկոպոսապետ (կաթողիկոս) ձեռնադրուելու համար տեղւոյն Ղեւոնդիոս հայրապետէն։
Վերադարձի ճամբուն վրայ, Գրիգոր իրեն ընկերակցող նախարարական զօրքով գնաց Աշտիշատ, ուր քանդեց Անահիտի, Աստղիկի եւ Վահագնի նուիրուած մեհեանները։ Քուրմերը բուռն կերպով ընդդիմացան մանաւանդ Տարօնի մէջ, որ հեթանոսական կարեւոր կեդրոն մըն էր։ Քուրմերը տեղի տուին գերազանց ուժին դիմաց։ ԻՆչպէս ամէն տեղ, հոս եւս Գրիգոր քանդել տուաւ տաճարներն ու արձանները եւ կանգնեցուց եկեղեցիներ։ Ապա, Բագրեւանդ գաւառի Բագաւան աւանին մէջ, Արածանիի ափին Գրիգոր մկրտեց Տրդատ թագաւորը, Աշխէն թագուհին, իշխաններն ու բազմամբոխ ժողովուրդը։
Կրօնական այս պայքարին ընթացքին քանդուեցան հայ ժողովուրդի հին քաղաքականութեան պատկանող բոլոր կոթողները։ Հայաստանէն ջնջելու համար հեթանոսութիւնը յիշեցնող ամէն հետք, քրիստոնէութիւնը անխընայ կերպով անհետացուց նիւթական բոլոր յիշատակարանները։ Այս պատճառով է, որ շատ քիչ բան գիտենք նախաքրիստոնէական շրջանի Հայաստանի ու հայութեան պատմութեան, բայց մանաւանդ՝ ընկերային, վարչական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մասին։
Քրիստոնէութեան Կազմակերպումը
ԽմբագրելՔրիստոնէութեան հաստատումը Հայաստանի մէջ մեծ դժուարութիւններով իրագործուեցաւ։ Քրմութիւնը դարերէ ի վեր հաստատուն արմատներ արձակած էր երկրին մէջ եւ իր ընդարձակ կալուածներուն շնորհիւ դարձած էր հարուստ հաստատութիւն մը եւ քաղաքական կզօր ազդակ մը։ Ընկճելու համար այս ուժը, Գրիգոր պէտք ունեցաւ պետական աջակցութեան, նոյնիսկ՝ բանակին։ Քուրմերը, որոնք չէին կրնար պայքարը անվերջ շարունակել, հետզհետէ տեղի տուին։ Անոնց մէկ մասը մտաւ նոր կրօնքի ծառայութեան մէջ՝ դառնալով նոր եկեղեցւոյ քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ։ Գրիգոր յատուկ դպրոցներ հաստատեց քուրմերու զաւակները դաստիարակելու համար։ Նոր կրօնքի ուսուցման եւ տարածման համար սակայն, ան պէտք ունէր շատ աւելի մէծ թիւով եկեղեցականներու. ասոր համար, Կեսարիայէն եւ Սեբաստիայէն ան իր հետ բերաւ բազմաթիւ յոյն կրօնաւորներ։ Այլ կրօնաւորներ եւս բերուեցան Ասորքիէն։
Հայաստան բաժնուած էր 15 նահանգներու եւ բազմաթիւ գաւառներու։ Այլ գաւառները կազմեցին եկեղեցական թեմեր։ Թեմակալ եպիսկոպոսին ենթակայ էին քահանաներն ու երէցները։ Այս բոլորին գլուխը կանգնած էր կաթողիկոսը, որուն պաշտօնը ժառանգական էր։
Հայ եկեղեցին ժառանգեց նախկին քրմական դասին հարստութիւնն ու կալուածները, իրաւունքներն ու առանձնաշնորհումները։ Ընդարձակ հողեր ստացան կաթողիկոսը, թեմակալ եպիսկոպոսները, վանահայրերը եւ միւս ըկեղըցականները։ Եկեղեցապատկան կալուածները յայտարարուեցան ապահարկ, այսինքն անոնցմէ տուրք չէր գանձուէր։ Աւելին, ամբողջ երկրի բնակչութենէն եկեղեցին կը ստանար որոշ հարկեր, ինչպէս ամբողջ բերքին մէկ տասներորդը՝ տասանորդը։
Ուրեմն, Դ. դարու Հայաստանի մէջ քրիստոնեայ եկեղեցին օժտուած էր արդէն լայնածաւալ եւ ամուր կազմակերպութեամբ։ Անիկա ունէր հսկայ կարելիութիւններ, որոնք հետզհետէ աւելի եւս զարգացան։ Կաթողիկոսութիւնը աւելի հարուստ էր եւ հեղինակաւոր՝ քան որեւէ մեծ նախարարութիւն։ Արքունիքի կողքին, անիկա երկրին երկրորդ մեծ ուժը կը ներկայացնէր։
Մեծն Տրդատի եւ Գրիգոր Լուսաւորիչի Գործը
ԽմբագրելՏրդատ Գ.-ի երկար գահակալութիւնը մեծ բախտաւորութիւն մը եղաւ Հայաստանի համար, որ անոր օրով ապրեցաւ իր փառքի եւ տնտեսական հարստութեան գագաթնակէտը։ Անոր գահակալութեան ժամանակ է, որ տեղի ունեցաւ մեր պատմութեան ամէնէն յատկանշական յեղաշրջումներէն մէկը, որով հայ ժողովուրդը ապահովեց նոր մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան մը բացուելու լայն կարելիութիւններ։
Քաղաքական ու ռազմական գետնի վրայ, Տրդատ Գ. քաջութեամբ պայքարեցաւ Հայաստանի ազատագրման համար։ Ան դարձաւ հաւատարիմ եւ ուժեղ դաշնակիցը Հռոմի։
Ներքին ճակատի վրայ եւս ան յաջողեցաւ նախարարական տուներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւնները հանդարտեցնել եւ նախարարները հնազանդ պահել կեդրոնական իշխանութեան։ Ան նաեւ զօրացուց հայկական բանակին պարծանքը ներկայացնող Այրուձին։
Օգտուելով Հռոմի եւ Պարսկաստանի միջեւ 298-ին կնքուած Մծբինի դաշնագիրէն, Տրդատ ձեռնարկեց շինարարական լայնածաւալ աշխատանքներու։ Ան գեղեցկացուց Գառնիի ամրոցը եւ վերաշինեց նախկին մայրաքաղաք Արտաշատը։ Զարգացնելով քաղաքները, ան նաեւ զարկ տուաւ արհեստներուն եւ առեւտուրին։
Տրդատ Մեղի մտերիմ գործակիցը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ, որ կեանքին վերջին օրերուն քաշուեցաւ Սեպուհ լեռ, ուր ապրեցաւ իբրեւ մենակեաց։ Ան իրեն յաջորդ նշանակեց իր կրտսեր որդին՝ Արիստակեսը։
Գրիգոր Լուսաւորիչ վախճանեցաւ 325-ին, իս 330-ին ալ Մեծն Տրդատ։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայոց Պատմութիւն, Հայաստան ու Հայութիւնը Գ.-ԺԳ. Դարերուն, Ա. Տպագրութիւն, Պէյրութ, 2009: