Հայկազն Գ. Ղազարեան

Հայկազն Գ. Ղազարեան (20 Մայիս 1892, Սեբաստիա - 21 Սեպտեմբեր 1972), իրաւաբան, խմբագիր եւ թարգմանիչ։

Հայկազն Գ. Ղազարեան
Ծնած է 20 Մայիս 1892
Ծննդավայր Սեբաստիա
Մահացած է 21 Սեպտեմբեր 1972
Կրօնք Քրիստոնեայ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Հայկազն Գ. Ղազարեան ծնած է Սեբաստիա։ Տեղւոյն ազգային Արամեան վարժարանը աւարտելէ ետք, կը հետեւի ֆրանսական Գոլէժ տէ Քառանթ Մարթիրի դասըն­թացքներուն։ Ապա կը հետեւի Կ. Պոլսոյ պետական համալսարանի իրաւաբանական եւ օտար լեզուներու ճիւղերուն, զորս կ՚աւարտէ 1914 թուականին, ու կը մտնէ Պահեստի Սպայից Վարժարանը։ Որպէս մարզիչ կը պաշտօնավարէ Էտիրնէի մէջ։ Զինադադարէն ետք, երեք տարի կը ծառայէ անգլիական ծովային հրամանատարութեան կեդրոնին մէջ, որ այդ ատեն կը գտնուէր թրքական ծովային նախարարութեան շէնքին մէջ։ Այստեղ Ղազարեան առիթը կ՚ունենայ ծանօթանալու թրքական շարք մը փաստաթուղթերու, որոնք կը վերաբերէին հայերու հալածանքին, հայ սպաներու եւ զինուորնե­րու տարագրութեան եւ սպանութեան, անոնց ընտանիքներուն տա­րագրութեան, թուրք զինուորականերու կողմէ հայոց տուներու գրաւման, եւլն., ինչպէս նաեւ միջ֊նախարարական շրջաբերականներու։

Անցնելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, քանի մը տարի Նիւ Եորքի մէջ աշխատելէ ետք կը փոխադրուի Պոսթըն, ուր մօտաւորապէս 30 տարի կ'աշխատի «Հայրենիք»ի մէջ, նախ՝ որպէս խմբագրական մարմնի անդամ, ապա՝ վարչական ժողովի։ Երիտասարդ թուրքերու քաղաքական գործունէութեան մա­սին ունեցած խոր ծանօթութիւնը, ինչպէս նաեւ իր տրամադրութեան տակ գտնուող բազմաթիւ փաստաթուղթերը մեծապէս նպաստած են Հայկազն Գ. Ղազարեանի՝ զինուած իրաւաբանական ու­սումով եւ բազմաթիւ լեզուներու ծանօթութեամբ, ձեռնարկելու Երիտասարդ Թուրքերու հայասպան քաղաքականութիւնը փաստերու լոյսին տակ քօղազերծելու աշխատանքին։ Տարիներու ընթացքին այս ուղղութեամբ գրած անոր ուսումնասիրութիւնները ամփոփուսօ են «Ցեղասպան թուրքը» (Պէյրութ, 1968) խորագրով հատորին մէջ։

Հայկազն Գ. Ղազարեան մահացած է Սեպտեմբեր 21, 1972ին։

Աղբիւրներ

Խմբագրել