Հայկական Աստղագիտութիւն
Հայկական աստղագիտութիւն, ըստ պատմական ու հնագիտական տուեալներու՝ մ. թ. ա. Ա. հազարամեակի կէսերէն հայկական լեռնաշխարհին մէջ օգտուած են լուսնային, ապա՝ արեգակնային օրացոյցէն։ Դեռ վաղ միջնադարուն հայերէն թարգմանուած են յոյն գիտնականներու աստղագիտական բնոյթի աշխատութիւններ, իսկ մոլորակներու հայկական անուանումները (Փայլածու, Լուսաստղ կամ Լուսաբեր, Հրատ, Լուսնթագ, Երեւակ) գրեթէ ճշգրտօրէն կը համընկնին անոնց հին յունական (մինչեւ մ. թ. ա. VI-IV դարերուն գործածուած) իմաստային անուանումներուն։
Աստղագիտութեան ձեւաւորումը Հայաստանի մէջ
ԽմբագրելԱստղագիտութիւնը՝ որպէս գիտութիւն, Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած է VII դարերուն, Անանիա Շիրակացիի տիեզերագիտական ու տոմարագիտական աշխատութիւններով։ Ընդունելով երկիրի գնդաձեւութիւնը, Շիրակացի գտած է, որ արեւը կրնայ լուսաւորել երկրի երկու կողմերը օրուան տարբեր ժամերուն եւ երբ երկրի մէկ կողմը ցերեկ է՝ միւսը գիշեր։ Ծիր Կաթինին վերագրած է աստղային բնոյթ։ Աստղագիտութեան եւ տոմարագիտութեան հարցերը XI դարուն լրջօրէն քննարկած է Յովհաննէս Սարկաւագը «Պատճէն տոմարի» աշխատութեան մեջ, ուր տուած է տոմարագիտութեան հարցերու լրիւ շարադրանքը եւ հայկական օրացոյցը համեմատած՝ այլ ժողովուրդներու օրացոյցներուն հետ։ Միջին դարերուն Հայաստանի վանական բարձրագոյն դպրոցներուն մէջ (Գլաձոր, Տաթեւ) դասաւանդուած են «Տիեզերագիտութիւն» եւ «Տոմարագիտութիւն» առարկաները։
Մխիթարեաններու ներդրումը
ԽմբագրելԱստղագիտական գիտելիքներու տարածման գործին մէջ զգալի ներդրում ունեցած են Սբ. Ղազար կղզիի (Վենետիկ) Մխիթարեան միաբանութեան հրատները։ Մասնաւորապէս, Մխիթար Սեբաստացիի «Բառգիրք հայկազեան լեզուի» (1749) գիրքին մէջ, որպէս ներդիր, զետեղուած է «Աստղալից երկինք» հայկական առաջին աստղագիտական տպագիր քարտէսը։ XIX դարու կէսերուն Սուրբ Ղազարի մէջ Մխիթարեանները հիմնադրած են աստղադիտարան, ուր 17 սմ տրամագիծով աստղադիտակով կատարուած են դիտումներ։ Այդ դիտումներու եւ անոնց հետազօտութիւններու արդիւնքները, նաեւ աստղագիտական բնոյթի այլ յօդուածներ տեղ գտած են Մխիթարեաններու՝ 1843-էն հրատարակուող «Բազմավէպ» հանդէսին մէջ։
Աստղադիտարաններու ստեղծում
ԽմբագրելՅատկապէս ուշագրաւ են Կենդանակերպի լոյսի, երկնային մարմիններու շրջապտոյտի եւ աստղերու առկայծումներու վերաբերեալ Խորէն Սինանեանի աշխատանքները։ 1894-ին ան յայտնաբերած է Ճուբիթըրի 6-րդ արբանեակը, սակայն Վատիկանի աստղադիտարանի յանձնաժողովը այդ փաստը չէ հաստատած եւ չէ գրանցած անոր անունով։ Մխիթարեաններու աստղագիտական բնոյթի աշխատանքներէն է նաեւ Հ. Բարսեղեանի «Գիսաւորք» աշխատութիւնը, ուր, յայտնի պատկերացումներէն զատ, շարադրուած են արեւաբիծերու եւ գիսաւորներու սեփական դիտումներու արդիւնքները։ XX դարու հայկական առաջին աստղագիտական հիմնարկը՝ Երեւանի աստղադիտարանը, սկսած է գործել 1933-ին՝ ԵՊՀ-ին մէջ։ Այնտեղ տեղադրուած 22 սմ տրամագիծ ունեցող աստղադիտակով իրականացուած են ուղղակի եւ լուսանկարչական դիտումներ, զբաղուած փոփոխական աստղերու, արեգակի աշխուժութեամբ եւ այլ հարցերով։ ՀԽՍՀ ԳԱ հիմնադրումէն (1943) ետք ԵՊՀ-ի մէջ բացուած է աստղաֆիզիկայի ամպիոն (1945), այնուհետեւ ստեղծուած է ԳԱ Բիւրականի աստղադիտարանը (1946)։ Առաջին դիտումները Բիւրականի մէջ կատարուած են բաց երկինքի տակ տեղակայուած փոքր աստղադիտակներով, իսկ արդիւնքները մշակուած են Երեւանի աստղադիտարանին մէջ։ Բիւրականի աստղադիտարանի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է 1956-ին, եւ հետազօտական աշխատանքները շարունակուած են Բիւրականի մէջ։ Աստղադիտարանին մէջ տեղակայուած առաջին, շատ համեստ չափերու աստղադիտակները (Շմիդտի՝ 20 սմ, եւ Կասեգրենի 40 սմ տրամագիծերով դիտակներ, 12 սմ տրամագիծով աստղագրիչ) օգտագործուած են աստղասփիւռներու, փոփոխական աստղերու եւ այլ օբյեկտներու հետազօտման համար։ 1954-ին շահագործման ենթարկուած են 53 սմ տրամագիծով Շմիդտի դասի դիտակը, իսկ 1960-ին՝ նոյն դասի 1 մ տրամագիծով մուտքի բացուածքով եւ նոյն չափի օբյեկտիւ 3 պրիզմաներով աստղադիտակը (խոշորագոյններէն է աշխարհի մէջ)։ Այդ դիտակներու շնորհիւ Բիւրականի աստղադիտարանը ԽՍՀՄ-ի մէջ առաջինն է, որ սկսած է այլ կալաքթիքաներու զանգուածային դիտումները։ 1976-ին Բիւրականի մէջ սկսած է գործել Եւրոպայի խոշորագոյն՝ 2,6 մ տրամագիծով դասական աստղադիտակը, որ հնարաւորութիւն տուած է կատարելու առանձին աստղերու եւ գալակտիկաներու լուսաչափ, եւ լուսապատկերային մանրամասն հետազոտութիւններ։ Աշխատանքներու առաջին շարքը կալաքթիքայի մէջ կլանող նիւթի բաշխման ու ֆիզիքական յատկութիւններու ուսումնասիրութիւնն էր։ Յատկապէս կարեւոր էր Ծիր Կաթինի պայծառութեան ֆլուկտուացիաներու տեսութեան ստեղծումը միջաստղային կլանող նիւթի ամպաձեւ կառուցուածքի պատկերացման հիման վրայ (Վիքթոր Համբարձումեան), որուն հետ հնարաւոր եղաւ որոշել կլանող ամպերու միջին բնութագրերը (չափեր, կլանման ունակութիւն, տարածք, խտութիւն)։ Այդ ուսումնասիրութիւնը հնարաւորութիւն տուած է գտնելու կալաքթիքայի կառուցուածքը ու տարբեր դասերու աստղերու տարածութիւնը, բաշխումը եւ դարձած է աստղասփիւռներու յայտնագործման ելակէտ (Վ. Համբարձումեան)։ Աստղասփիւռներու յայտնագործումն ու անոնց եղափոխական բնոյթի բացայայտումը յեղաշրջած են աստղառաջացման պատկերացումները եւ կանխորոշել աստղադիտարանի յետագայ գիտական ուսումնասիրութիւններու ուղղութիւնները։ Եզրակացութիւններէն առաջինը՝ այն է, որ անկայունութեան դրսեւորումները չափազանց կարեւոր են տիեզերական մարմիններուեղափոխութեան հարցերուն մէջ, դարձած է Բիւրականի աստղադիտարանի գիտական հաւատամքը եւ հնարաւորութիւն տուած է ստանալու կարեւոր գիտական արդիւնքներ։ Միւս կարեւոր եզրակացութիւնը այն է, որ աստղասփիւռներու անդամ աստղերու տարիքը չի կրնար գերազանցել 107 տարին, որ մօտ 1000 անգամ փոքր է կալաքթիքայի աստղերու մեծամասնութեան (օրինակ՝ Արեգակի) տարիքէն։ Այդ եզրակացութիւնը կը հետեւի աստղասփիւռներու տինամիք անկայունութեան տեսական հետազօտութեան արդիւնքներէն, որ ապացուցուած է անոնց ընդարձակման դիտող, տուեալներով (Բենիամին Մարգարեան, Լիւդվիգ Միրզոյեան)։
Աստղասփիւռներու կառուցուածքային առանձնայատկութիւններու հետազօտմամբ յայտնաբերուած է նաեւ Օրիոնի սեղանակերպ բագմաստղերու նոր դաս, որոնք անկայունութեամբ կը գերազանցեն մայր աստղասփիւռը եւ կը քայքայեն զայն 106 տարուայ ընթացքին (ՎիքթոՀամբարձումեան)։ Այս արդիւնքները առաջին վկայութիւններն էին այն բանին, որ կալաքթիքայի մէջ աստղառաջացումը կը շարունակուի նաեւ մեր ժամանակներուն եւ կը կրէ խմբային բնոյթ։ Փաստօրէն տիեզերքի որեւէ վերջաւոր ծաւալին մէջ (օր.՝ կալաքթիքայի մէջ) գոյութիւն ունին մինչեւ տուեալ ծաւալի համար առաւելագոյն սահմանային տարիքը ունեցող բոլոր տարիքի աստղեր։ Սեղանակերպ կառուցուածքներ յայտնաբերուած են ո՛չ միայն աստղային բնակչութեան, այլեւ մութ գլոբուլներու շրջանին մէջ եւս։ Յայտնաբերուած հարիւրաւոր գլոբուլային համակարգերը նոյնպէս տինամիք անկայուն են (Արմէն Գիւլբուդաղեան)։