Հայկական Ժողովրդական Թատրոն

Ժողովրդական թատրոնը ձեւաւորուած է հնագոյն ժամանակներուն՝ տօնակատարութիւններու ընթացքին կազմակերպուած խաղերու, հարսանեկան, թաղման եւ այլ ծիսակատարութիւններու տարրերու վերամարմնաւորման հիմքին վրայ։

Կապը մշակութային այլ ճիւղերու հետ

Խմբագրել

Հայկական ժողովրդական թատրոնը կապուած է երաժշտութեան, երգարուեստի, պարարուեստի ու բանաւոր ստեղծագործութեան հետ։ Հնագոյն թատերականացուած պարերգային գործողութիւններուն ընթացքին զարգացած է խօսքի, պարի, թատրերգական եւ երաժշտական արուեստներու համադրումը, որ հայկական ժողովրդական թատրոնին մէջ պահպանուած է մինչեւ 20-րդ դար։ Թատերականացուած ներկայացումներն ու ծէսերը՝ գիւղ, հրապարակներուն եւ եկեղեցիներու բակերուն մէջ, նաեւ շարք մը երաժշտական խաղեր նախկին թատերականացուած գործողութիւններու մնացորդներ են։

Ժողովրդական թատրոնը տարբեր միջոցառումներու ժամանակ

Խմբագրել

Տարբեր շրջաններու մէջ հարսանիքներու ընթացքին ներկայացուցած են գեղարուեստական թատերական գործողութիւններ («Ղադի», «Ուղտ եւ գող», նաեւ հարսանեկան ծիսական պարեր ու երգեր, տիկնիկային ներկայացումներ եւ այլն)։ Բարեկենդանի օրերուն ներկայացուած է ղարագեօզ (ստուերներու տիկնիկային թատրոն, ներկայացում, որ հայկական միջավայրին մէջ տարածուած է 19-րդ դարուն)։ Բարեկենդանի դիմակահանդէսները ուղեկցուած են երգով ու պարով, մրցումներով, ձիարշաւներով, ըմբշամարտերով եւ այլն։

Լարախաղացութիւնը՝ ժողովրդական թատրոնի ձեւ

Խմբագրել

Ժողովրդական թատրոնի ձեւերէն է նաեւ լարախաղացութիւնը, որ մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը պահպանած է իր պաշտամունքային իմաստը։ Ժողովրդական թատրոնին մէջ կը տարբերակուին դերասաններու եւ տիկնիկներու թատրոնը։

Ժողովրդական թատրոնը մասնագիտական չէ

Խմբագրել

Լայն առումով ժողովրդական թատրոնը մասնագիտական չէ, սակայն բոլոր ժողովուրդներն ալ ունեցած են այդ գործի մասնագէտները՝ միմոսներ, գուսաններ, կատակագուսաններ, ծաղրածուներ, դերասան-տիկնիկավարներ, որոնք խումբերով հանդէս եկած են քաղաքներու ու գիւղերու մէջ, ներկայացուցած են բեմականացումներ՝ հիմնուած բանահիւսսական թեմաներու վրայ։

Ժողովրդական թատրոնը՝ թատերական գեղարուեստական ինքնագործունէութեան բարձրագոյն ձեւ

Խմբագրել

Ժողովրդական թատրոնը նաեւ թատերական գեղարուեստական ստեղծագործութեան զարգացած ձեւն է, որուն գործերը կը ստեղծեն եւ կը կատարեն ոչ մասնագէտները՝ սիրողները, որոնք հանդէս կու գան միասին (խմբակ, արուեստանոց, ժողովրդական թատրոն) կամ առանձին (երգիչ, ասմունքող, պարող, նուագող, լարախաղաց եւ այլն)։

Ժողովրդական թատրոնի զարգացման նպաստող մշակութային գործիչներ

Խմբագրել

Հայկական ժողովրդական թատրոնի զարգացման նպաստած են թատրոնի եւ երաժշտութեան առաջադէմ գործիչները՝ դերասաններ Պօղոս Արաքսեան, Հովհաննէս Աբէլեան, Արմէն Արմէնեան, Ամօ Խարազեան, Օվի Սեւումեան, Գրիգոր Աւետեան, երաժիշտ-յօրինողներ Քրիստափոր Կարա-Մուրզա, Կոմիտաս, Անտոն Մայիլեան եւ ուրիշներ, որոնց կազմակերպած սիրողական ներկայացումներն ու ղեկավարած երգչախումբերը հասած են կատարողական բարձր մակարդակի։

Ժողովրդական թատրոններու ստեղծումը տարբեր վայրերու մէջ

Խմբագրել

1959-ին ժողովրդական թատրոններ ստեղծուած են Դիլիջանի, Էջմիածինի, Արթիկի, Ալավերդիի, 1960-1961-ականներուն՝ Տաշիրի, Արմաւիրի, Վեդիի, Աշտարակի, Սպիտակի, 1962-ին՝ Գորիսի, Հրազդանի, Տաւուշի, 1963-ին՝ Երեւանի N 11 մշակոյթի տան, 1964-ին՝ Իջեւանի, Եղեգնաձորի, Մեղրիի, Վանաձորի, 1969-ին՝ Նոյեմբերեանի, 1971-ին՝ Վայքի եւ այլուր։ Ժողովրդական թատրոններու միութեան փառատօներուն մասնակցած են Հայաստանի բազմաթիւ թատերախումբեր։ Շարք մը ժողովրդական թատրոններուն կից ստեղծուած են արուեստանոցներ, ուր ուսուցանած են դերասանի վարպետութիւն, բեմական խօսք, շարժում, դիմահարդարման արուեստ եւ այլն։ Ժողովրդական թատրոններուն ներկայիս կը փոխարինեն մարզային թատրոնները (Ալավերդի, Արթիկի եւ այլն), որոնք կը ձգտին պահպանել հայկական թատրոնին լաւագոյն աւանդոյթները։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։