Գրիգոր Աւետեան (20 Յունուար 1870(1870-01-20)[1], Ռաշթ, Իրան[1] - 15 Մայիս 1946(1946-05-15)[1], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]), հայ ժողովրդական դերասան (երգիծական)։

Գրիգոր Աւետեան
Ծնած է 20 Յունուար 1870(1870-01-20)[1]
Ծննդավայր Ռաշթ, Իրան[1]
Մահացած է 15 Մայիս 1946(1946-05-15)[1] (76 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Բաքվի ռեալական ուսումնարան?[1]
Մասնագիտութիւն դերասան

Ծնած՝ Պարսկաստանի Ռաշտ քաղաքին մէջ։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Շուշիի՝ Պարոնեանի կրթական հաստատութեան մէջ, իսկ յետոյ Պաքուի Ռէալական ուսումնարանին մէջ։ 1889-ին Մոսկուա գացած է հաշուապահութիւն ուսանելոււ համար, սակայն զուգընթացաբար սկսած է հետեւիլ նաեւ տրամաթիքական դասընթացքներու։ 1890-ին Պաքու երթալով կը սկսի ծառայել՝ մասնաւոր գրասենեակներու մէջ։ Առաջին անգամ բեմ բարձրացած է աշակերտ եղած ժամանակ 1887-ին՝ Վարդանանց պատերազմին ողբերգութեան մէջ, Փարամոնի դերով։ իբրեւեւ սիրողական կը սկսի շարունակաբար մասնակցիլ ներկայացումներու։

1892-ին արդէն իբրեւեւ՝ դերասան, Սաֆրազեան ամուսիններուն հետ Շուշի կ՛երթայ, իսկ նոյն տարուան Սեպտեմբերին կը հրաւիրուի Տփխիս (Թիֆլիս)։ Խաղցած է ինչպէս Կովկասեան, այնպէս ալ Ռուսիոյ հայաբնակ քաղաքներուն մէջ եւ շարունակ գլխաւոր խումբերու հետ դերասանած[2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել