Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսեւմնասիրող հիմնադրամ
Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող կազմակերպութիւնը հիմնադրուեր է Աախենում (Գերմանիա) 1969 թուականին փրոֆեսէօր-դոկտոր Արմէն Հախնազարեանի կողմէ, իսկ որպէս ոչ հասութաբեր հասարակական կազմակերպութիւն գրանցուել է 1982 թուականին։ ԱՄՆ-ի մասնաճիւղը հիմնադրուեր է գալիֆորնիոյ մէջ 1996։ Հայաստանեան մասնաճիւղը հիմնադրուեր է 1998 թուականին եւ արձանագրուեր է որպսէհասարակական կազմակերպութիւն (2010 թ.-էն՝ հիմնադրամ)[1]:
Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսեւմնասիրող հիմնադրամ | |
---|---|
Տեսակ | ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն |
Հիմնադրուած | 1969 |
Գլխադասային գրասենեակ | Երեւան, Հայաստան |
Պաշտ. լեզու(ներ) | հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն |
Գլխաւոր քարտուղար | Սամուէլ Կարապետեան |
Հիմնադիր | Արմէն Հախնազարեան |
Կայքէջ | raa.am |
Մինչեւ 2020 թուականը, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանը եղեր է ՀՃՈՒ հիմնադրամի Երեւանեան մասնաճիւղի տնօրէնը։ Ներկայիս հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է Ժորա Մանուչարեանը, իսկ հայաստանեան գրասենեակի կառավարումը կ'իրականացուի Տնօրէններու խորհուրդի կողմէ։
Տնօրէններու խորհուրդ՝ գործադիր տնօրէն` Էմմա Աբրահամեան (Սամուէլ Կարապետեանի այրին), վարչական հարցերու եւ հրատարակութիւններու գծով Համատնօրէն՝ Րաֆֆի Քորթոշեան, ճարտարապետական գործունէութեան գծով համատնօրէն` Աշոտ Հակոբեան, համակարգչային եւ դեքնիքական հարցերու գծով համատնօրէն` Արմէն Գէորգեան[2]։
Ուսումնասիրութիւններ
ԽմբագրելՀայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող կազմակերպութիւնը կ'ուսումնասիրէ եւ կը վաւերագրէ Պատմական Հայաստանի մէջ գտնուող հայկական յուշարձանները։ Այս ուսումնասիրութիւններու իբր արդիւնք 2023-ի դրութեամբ ան ունի աւելի քան 650,000 թուայնացուած պատկերներ, միգրոֆիլմեր, յատակագիծեր եւ այլ փաստաթուղթերէ բաղկացած հարուստ արխիւ։ Կազմակերպութիւնը նաեւ կը զբաղուի Արցախի տարածքին մէջ գտնուող մշակութային ժառանգութեան վերանորոգմամբ եւ պահպանմամբ։ Սամուէլ Կարապետեանի ղեկավարութեամբ գործած Հայաստանեան մասնաճիւղը իրականացուցած է ուսումնասիրական գործունէութիւն, որու իբրեւ արդիւնք կը հրատարակուին գիրքեր, գրքոյկներ, «Վարձք» հանդէս, ինչպէս նաեւ կը պատրաստուի փաստավաւերագրական ֆիլմեր։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ "Վարձք, N 1, 2010, էջ 15-23" Archived 2021-09-10 at the Wayback Machine.,
- ↑ "Asbarez, April 13, 2020,