Հայկանոյշ Մառք (), հայ գրագիտուհի։

Հայկանոյշ Մառք

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած եւ մահացած է Իսթանպուլ։ Յաճախած է Այասբաշայի վարպետ-տուտու վարժանոցը, Սէօրերու եւ էսայեան վարժարանները։ Ոսուցչագործած է Ազգային Հիւանդանոց եւ Նիկողոսեան Աղջկանց բարձրագոյն վարժարաններուն մէջ։ Աշխատակցած է Իսթանպուլահայ եւ Զմիւռնիայ մամուլին, բանաստեղծութիւններով, պատմուածքներով, նորավէպերով, դիմաստուերներով եւ թարգմանութիւններով։ Իր ամուսնոյն՝ գրագէտ Վահան Թոշիկեանի հետ հիմնած եւ խմբագրած է «Ծաղիկ Կանանց» յատուկ կնոջական թերթը (1905-08), եւ ապա մաս կազմած է «Լոյս Կանանց Յատուկ» շաբաթաթերթի խմբագրական կազմին (1907-11)։ 1919-33 թուականներուն կը հրատարակէ եւ կը խմբագրէ «Հայ Կին» կնոջական կիսամեայ հանդէսը։ Ամուսնոյն հրատարակած Նոր լուրի մէջ կը հաստատէ եւ կը խմբագրէ կնոջական էջ մը։ Ունի անտիպ թարգմանութիւններ Միւսէյէ, Հիւկոյէ, Բրիւտոմէ, ժերալտիէ եւ Թրիկվէէ։

Հրատարակուած Գործեր

Խմբագրել
  • Ծուլութեան պահերէս (բանաստեղծութիւն) - Իսթանպուլ– 1921։
  • Զապէլ Ասատուր (Սիպիլ). Կեանքն Ու Գործունէութիւնը (բանախօսութիւն) - Իսթանպուլ, 1949։
  • Զարուհի Գալէմքեարեան (Կեանքն Ու Գործունէութիւնը) (բանախօսութիւն) - Իսթանպուլ, 1950։
  • Յիսնամեայ Յոբելեանի Տիկնանց Յանձնախումբի խմբագրութեամբ, Հայկանոյշ Մաոք «Կեանքն Ու Գործը» (մամուլի մէջ ցրուած էջերէ հատընտիր) - Իսթանպուլ, 1954։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել