Հայկանուշ Մարք (աւազանի անունով՝ Հայկանուշ Թոփուզեան, գրական Մարք կեղծանունը կ՛առնէ հօր անունէն՝ Մարգար, 14 Փետրուար 1884[1], Կ.Պոլիս - 7 Մարտ 1966, Պոլիս) հրապարակագիր, յօդուածագիր, բանաստեղծ, արձակագիր։

Հայկանուշ Մարք
Ծննդեան անուն Հայկանուշ Թոփուզեան
Ծնած է 14 Փետրուար 1885(1885-02-14)
Ծննդավայր Այասփաշա, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 7 Մարտ 1966(1966-03-07) (81 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Թուրքիա
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ուսումնավայր Էսայեան Վարժարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, հանրային գործիչ, հրապարակախօս, բանաստեղծուհի, արձակագիր
Աշխատավայր Ծաղիկ
Արշալոյս
Ամուսին Վահան Թօշիկեան

Կենսագրթութիւն

Խմբագրել

Ուսումը կը ստանայ Եսայեան վարժարանի մէջ՝ աշակերտելով Զապէլ Ասատուրին։ Աւարտելէ ետք, կրթութիւնը կը շարունակէ մասնաւոր դասերով․ ուսուցիչ կ՛ունենայ գրաբարի գիտակ Յակոբ Գուրգէնը․ ան մեծ դեր կը խաղայ Հայկանուշին մայրենի լեզուի իւրացման եւ ճաշակի կատարելագործման գործին:

Հրապարակագիրը

Խմբագրել

Դեռ երիտասարդ՝ կը նետուի ազգային հանրային գործունէութեան ասպարէզ․ նաեւ կը նուիրուի գրականութեան։

Լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէ կիներուն մօտ, որովհետեւ իր արձակ էջերն եւ քերթուածները, մէկ կողմէն՝ կ՛արտայայտեն կնոջական իր ներաշխարհը, իսկ միւս կողմէն կ՛արծածեն եւ կը պաշտպանեն քսաներորդ դարասկիզբի հայ իրականութեան մէջ կնոջական իրաւունքները[2]։

Կնոջական թերթ հրատարակող առաջին կին գրողը եղած է: Հրատարակած է «Ծաղիկ», «Արշալոյս» եւ «Արձագանգ» թերթերը[1]: 20 տարեկանին կ՛արժանանայ «Մասիս»[3] թերթի 2-րդ գրական մրցանակին։ 1905-ին կը նշանուի Վահան Թոշիկեանին հետ։ Նոյն տարին կը հրատարակէ «Ծաղիկ» հանդէսը․ լոյս կը տեսնէ միայն երեք տարի (1905-1907), բայց անմիջապէս ընթերցող կը գրաւէ եւ հայ կնոջական շարժման գլխաւոր բեմը կը դառնայ։

1907 թ. Հայկանուշ Մարքն ու Վահան Թոշիկեանը կ՛ամուսնանան եւ կը մեկնին Իզմիր, ուր վերջինս հրաւիրուած է խմբագրելու «Արշալոյս» եւ «Արձագանք» թերթերը[4]: Այս թերթերուն Մարքը կ՛աշխատակցի ու կը վարէ կնոջական բաժինը:

1909-ին, զոյգը Պոլիս կը վերադառնայ։ Կը գործակցի Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան[5]․ հիմնադիրն է Սիպիլը (Զապէլ Ասատուր) եւ նպատակն է Պոլսոյ եւ գաւառներու մէջ դպրոցներ բանալ աղջիկներու համար։ Սիպիլ այս բառերով կը ներկայացնէ զայն ընկերութեան անդամներուն․- «Ահա տարր մը, որուն այդքան պէտք ունինք»։ Կը զբաղի նաեւ ստանձնելով ատենադպիրի պաշտօններ այլ կազմակերպութիւններու մէջ։[6]

 
Հայ Կին գրական հանդէսը՝ 1919-1932

1919թ․ կը հրատարակէ «Հայ կին» [7] հանդէսը։ Թղթակիցներ ունէր նաեւ Փարիզ ու Միացեալ Նահանգներ։ Լոյս կը տեսնէ մինչեւ 1932թ։ Դուստրին (աղջիկ զաւակ) մահէն ետք, մի քանի տարի չի կարողանար աշխատիլ նոյն եռանդով։ 1936-ին կ՛աշխատակցի ամուսնոյն «Նոր լուր» թերթին ու կը վարէ կնոջական բաժինը։ Միաժամանակ, իր յօդուածները, արձակ էջերը այլ թերթերէ ու հանդէսներէ կը հրատարակուին։

Հրատարակութիւններ եւ ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել

Հայկանուշ Մարքի գրական ստեղծագործութիւնները՝ արձակ բանաստեղծութիւններ ու պատմուածքներ, հաւաքուած ու առանձին հատորով լոյս կը տեսնեն «Ծուլութեան պահերէս» գիրքին մէջ։ Իսկ ինքնակենսագրականը կը ներկայանայ յուշագրութեամբ՝ «Ծփանքներ կեանքէս» խորագրով հատորին մէջ։ Իր գրութիւններուն մէջ, լեզուն մաքուր, յստակ եւ հաճելի ոճով է։

Գրական գործունէութեան յիսնամեակ

Խմբագրել

1954-ին, Պոլսոյ մէջ, մեծ շուքով կը տօնուի Հայկանուշ Մարքի գրական գործունէութեան յիսնամեակը։ Այդ առիթով կը հրատարակուի իր բանաստեղծական եւ հրապարակագրական գործերէն ծաղկաքաղ մը՝ «Հայկանուշ Մարք-կեանքն ու գործը» խորագրին տակ։

Կեանքին վերջալոյսը

Խմբագրել

Առողջական վիճակը կը վատթարանայ ու Մարք կը տեղափոխուի Պոլսոյ Ազգային հիւանդանոցը[8]։ Հայ կնոջական շարժումը ժողովրդականացնող եւ իր յստակ ու հաճելի գրելաոճով ժողովրդականութիւն ձեռքբերած Հ․ Մարքը կը մահանայ 1966-ին Մարտ 7-ին․ «Կիներու Օր»ուան նախօրեակին։ Զուգադիպութի՞ւն․․․։

Սեփական ճոխ գրադարանն ու բոլոր իրեղէնները կը կտակէ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքին։

Նմուշներ իր գրութիւններէն

Խմբագրել
  • Հատուած մը «Հայ Կին» հանդէսի խմբագրականէն - անոր կտակած պատգամէն -

«Մեր յետեւում թողնում ենք մի արահետ, որը թէեւ տօնական կամ փայլուն ոչինչ ունի, բայց արահետ է, որին առանց ամաչելու ենք նայում, գիւղի մի նեղ արահետ, որով անցել ենք՝ կատարելով մեր պարտականութիւնները իբրեւ կին, իբրեւ ամուսին եւ իբրեւ մայր: Հիմա նոր ուղի պիտի հարթենք, այն պիտի քաղաքի լուրջ ճանապարհ լինի, աւելի լայն, աւելի ուղիղ, աւելի ձիգ դէպի նպատակը: Այդ ճամբի վրայ պ¬տի կրենք մեր պատասխանատուութիւնը, պիտի ստեղծենք մեր իրաւունքները, պիտի դարբնենք մեր գործը` ամէնեւին չհեռացնելով մեզ մեր կանացի բնազդներից, մեր տնից: Այն պիտի տանի մեզ մի բարձունք, ուր մղում են մեզ մեր սեռի, մեր ազգի, մեր հայրենիքի վերածննդի ջղապի իղձերը»։

  • Իր բանաստեղծութիւններէն՝

Ինչպէ՞ս

Ինչպէ՞ս սիրեմ զքեզ, սիրելիս

Որ սէրս ելլայ միշտ տեւական ու տարբեր,

Ինչպէ՞ս սիրեմ զքեզ, իմ հոգիս,

Ոը նմանը չըրած ըլլան ուրիշներ …։

Ինչպէ՞ս, ըսէ՛, երազեմ քեզ որ յոգնած

Չծանրանան աչքերս արթուն ու ցած

Ձայներն չվրդովեն հանգիստ - խուն

Եըբ մտնեմ քուն ։

Ինչպէ՞ս գգուեմ զքեզ սէրովս րոլոր,

Որ նախանձին սիւքերը, ծիլերն ալ ոլոր ,

Ինչպէ՞ս կազմեմ տարրերը սիրոյս կրակին

Որ հոն բոլոր իղձերս ալ բորբոքին:

Ինչպէ՞ս ըսեմ թէ չաստուած մ՛ես դուն կամ անկէ

Աւելի վեր,

Հոգի մը վառ կրակէ,

Անձնուէր…

Ինչպէ՞ս սակայն ինչպէ՞ս սիրեմ քեզ, անոյշ սիրական

Որ սա խենդ սերս ըլլայ յաւէտ տեւական։

«Լոյս» 1904, թ. 19

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Ամէնուն Տարեգիրքը Կարօ Գէոիգեան, 1967-1968, էջ 575,

Տես նաեւ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել