Հայկ Գրիգորի Աւետիսեան, (1 Մայիս, 1956 Երեւան), հայ ազգագրագէտ, հնագէտ: Պատմական գիտութիւններու բժիշկ (2002), մասնագէտ (2003)։

Հայկ Աւետիսեան
Ծնած է 1 Մայիս 1956(1956-05-01) (68 տարեկան)
Ծննդեան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Գործատու Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան Հիմնարկ
Երեւանի Պետական Համալսարան
Կրթութիւն Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան Բաժանմունք
Կոչում փրոֆէսոր
Տիրապետած լեզուներ հայերէն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

1973-ին աւարտած է Երեւանի թիւ 118 միջնակարգ դպրոցը, 1983-ին՝ Երևանի Պետական Համալսարանի պատմութեան հիմնարկը։ Այնուհետեւ ընդունուած է ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան հիմնարկի հեռակայ ընկերութիւնը։ 1985-էն դասախօսած է Երևանի Պետական Համալսարանի պատմութեան հիմնարկին մէջ։ 1989-ին պատրաստած է թեկնածուական, 2003-ին՝ տոքթորական ատենախօսութիւն։ 1995-2003 թուականներուն եղած է ԵՊՀ գիտքարտուղար, 2004-2009 թուականներուն՝ ԵՊՀ Պատմութեան հիմնարկի ատենապէտ։ 2009-էն Երեւանի Պետական Համալսարանի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնի վարիչն է։

Հայկ Աւետիսեան գործուն մասնակցութիւն ունեցած է Թալինի, Օշականի, Արէնիի պեղումներուն, ղեկավարած է Արագածի, Արամուսի, Այգեշատի հնագիտական արշաւախումբերը:

Հայկ Աւետիսեան հեղինակ է Հայաստանի եւ Առաջաւոր Ասիոյ մ. թ ա. առաջին հազարամեակի կէսի մշակոյթին նուիրուած հրապարակումներուն: Այս հետազօտութիւններուն մէջ ան հմտօրէն համադրելով հնագիտական եւ պատմագիտական նիւթը, հանգած է շարք մը կարեւորագոյն հետեւութիւններու:

Պարգեւներ

Խմբագրել

Ֆրիտյոֆ Նանսէնի ոսկեայ յուշամետալ, 2006

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Երեւանի պետական համալսարանի 90-ամեայ պատմութեան հիմնարկը, խումբ. Է. Գ. Մինասեան, Երեւան, 2009։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել