Հայկ Նագգաշեան
Հայկ Նագգաշեան, (1926, Պէյրութ - 3 Մայիս 2016, Մոնթրէալ, Գանատա), նախակրթութիւնը ստացած է նոյն քաղաքին՝ իսկ երկրորդական ուսումը Կիպրոսի Մելքոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ։
Հայկ Նագգաշեան | |
---|---|
Ծնած է | 1926 |
Ծննդավայր | Պէյրութ |
Մահացած է | 3 Մայիս 2016- |
Ազգութիւն | հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Աշխատավայր | օգնական խմբագիր, վարչական գործակատար |
Ամուսին | Սօսի Թորոսեան-Նագգաշեան |
1946-1948 պաշտօնավարած է Ամմանի ազգային վարժարանին մէջ, միաժամանակ Պէյրութի հանդիսանալով 1948-1951 կը ստանձնէ Հ.Բ.Ը. Միութեան առաջին Կրէթական յանձնախումբին քարտուղարութիւնը, միեւնոյն ատեն պաշտօնավարելով իբրեւ օգնական խմրագիր՝ «Զարթօնք» օրաթերթին, եւ իբրեւ վարչական գործակատար՝ «Անի» ամսագրին։
1951-1958 կը պաշտօնավարէ Ատիս Ապապայի հայոց վարժարանին մէջ։ Ապա կը ստանցնէ գերմանական դեղորայքի եւ քիմիական նիւթերու աշխարհահռչակ «Պայեր» ընկերութեան շրջուն ներկայացուցիչի պաշտօնը, իր այդ հանգամանով շրջելով ամբողջ Եթովպիան եւ արեւելեան ափրիկէի զանազան շրջանները։ Ան կը հանդիսանայ Եթովպահայ գաղութի մտաւորական առաջնորդներէն մէկը, ստանձնելով Արարատ Միութեան ատենապետութիւնը եւ Ուսումնական Խորհուրդին ատենադպրութիւնը։ Քանի մը գրասէր գործակիցներու օգնութեամբ հիմնած ու խմբագրած է «Փիւնիկ» խմորատիպ ամսագիրը, որ հրատարակուած է շուրջ երեք տարի։
1964-ին Հայկ Նագգաշեան կը վերադառնայ Պէյրութ, կը դառնայ առեւտրական գործակատար, միաժամանակ նուիրուելով գրական, ընկերային եւ քաղաքական գործունէութեան, վարելով պատասխանատու պաշտօններ։ Ան կ'աշխատակցի «Զարթօնք», «Արեւ», «Պայքար», «Նոր Օր» օրաթերթներուն եւ «Շիրակ» ամսագրին, իբր խմբագրական կազմին անդամ. կը վարէ նաեւ անոր վարչական տնօրէնութիւնը։
3 Մայիս 2016-ին, Մոնթրէալի մէջ իր մահկանացուն կը կնքէր 90-ամեայ գրող եւ հասարակական գործիչ Հայկ Նագգաշեան[1]:
Հրատարակութիւններ
ԽմբագրելՀրատարակուած են իր հետեւեալ հատորները Պէյրութի մէջ. Որսորդի Ուղիներով, պատմուածքներ (1979), Մարկերիթայի Առիւծները (1981), Անաւարտ Պատմութիւն (1984), Սրբազան Ծառին տակ (1985), Դէպի ինքնութիւն, ազգային-ընկերային խորքով վիպակ մը (1986) եւ Բնութեան Կանչը (1994):
Երեւանի մէջ հրատարակուած է Ափրիկեան Անտառներուն մէջ (1982):
1989-ի վերջաւորութեան, մտաւորական- նորավիպագիրը ակամայ կը հեռանայ Լիբանանէն եւ ընտանեօք կը փոխադրուին Մոնթրէալ, Գանատա։ Հ. նագգաշեան իր պատմուածքներուն մէջ կու տայ ափրիկեան կեանքէ իրական պատկերներ. յաճախ քստմնելի, բայց խինտ շահեկան։ իր ոճը տպաւորիչ է եւ զգացական։ Գիտէ հաճելի դարձնել իր պատմուածքները, գործածելով պարզ եւ քնքուշ լեզու մը[2]:
«Հայկ Նագգաշեան Գրական Գնահատանք» հիմնադրամ
ԽմբագրելՍփիւռքահայ արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Հայկ Նագգաշեանի ընտանիքը հիմնած է «Հայկ Նագգաշեան Գրական Գնահատանք» հիմնադրամը, արժեւորելու հայրենի թէ սփիւռքահայ գրողներու հայերէն նորատիպ գրական-գեղարուեստական երկերը[3]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Նագգաշեան՝ հայ գիրի ու գաղափարի աննահանջ մարտիկը[permanent dead link]
- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։
- ↑ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ[permanent dead link]