Հայ իրականութիւնը 1900-1920-ական տարիներուն

Հայ իրականութիւնը 1900-1920-ական տարիներուն , 1900 թուականէն մինչեւ 1915 ու 1920 թուականը, հայ ժողովուրդի գոյութեան պայմանները կ՛ունենան պատմական վերիվայրումներ։

  • Նախ՝ կը շարունակուին հալածանքները եւ ինքնապաշտպանական պայքարը։ Արեւմտահայութեան վրայ, մինչեւ 1908 թուականը, համիտեան վարչակարգը ծանր կը ճնշէ՝ աւելի քան երբեք։ Գրական գործեր կը ստեղծուին առաւելաբար արտասահման գտնուող տարագիր գրագէտներու կողմէ, որոնք կ՛արտայայտեն նոր ձգտումներ, կը ծնին նոր գարակնութիւն։

Արեւելահայութեան մօտ, ճնշումն ու պայքարը կ՛առնեն այլ ձեւեր, երբեմն՝ նոյնպէս տագնապալի։ Բայց ցարական վարչակարգի լարած բոլոր թակարդներէն՝ հայութիւնը դուրս կու գայ յաղթական։ Իբր հետեւանք՝ ազգային գիտակցութիւնը ու ուժը կը ծաւալին։

Այս տարիներու մշակութային կեանքը, հայութեան զոյգ թեւերուն մօտ, կը ներկայանայ ընդհանրապէս զուգահեռ ընթացքով։ Միշտ կապուած հայ իրականութեան, անիկա ընդհանրապէս կը ձգտի անդին անցնիլ «մեր կեանքը» արտայայտելու, անոր՝ անմիջականօրէն ծառայելու պարզ առաջդրանքէն։ Կը փորձէ զարգացնել մշակոյթի նոր ըմբռնեում. ստեղծոլ գրական ու գեղարուեստական նոր արտայայտամիջոցներ։

Դարու երկրորդ տասմնամեակը կը նշուի ճակատագրական դէպքերով։ Թուրքիոյ մէջ, իրարու կը հետեւին Օսմանեան Սահմանադրութիւնը, իր բերած կարճատեւ ազատութեան շրջանով, ապա յուսախաբութիւնը եւ ի վերջոյ համաշխարհային պատերազմի ճգնաժամը, տեղահանութիւնն ու հայութեան մեծ մասի ոչոնչացումը՝ ցեղասպանական «լուծումով»։

Արեւելահայութիւնը, նոր սեղմումներէ եւ ոստիկանական հալածանքներէ ետք, կ՛ենթարկուի սիրաշահումի քաղաքականութեան մը, կը տեսնէ Արեւմտեան Հայաստանի մեծ մասի գրաւումը, ապա լքումն ու նահանջը, մինչեւ վերջին ժամու յաղթանակը Սարտարապատի մէջ . յետոյ՝ ազգային անկախութիւնը՝ յոյսերու աղբիւր, բայց նոյնպէս՝ կարճատեւ։

  • Երկրորդ՝ այս տասնամեակի մշակութային կեանքի նախ շատ խոստմնալի է։ Պոլիսէն մինչեւ վերածնող Արեւմտահայաստանի գաւառական կեդրոնները, Թիֆլիսէն ու Պաքուէն մինչեւ Կովկասեան Հայաստանի գաւառները, մշակոյթ ու գեղրաուեստներ նոր թափ կը ստանան։ Մամուլ եւ կրթական հաստատութիւններ կը հիմնուին, կ՛ընդլայնին։ Գրարական նոր գործեր կը ծնին, թատրոնը թափ կ՛առնէ։

Բայց քանի մը տարի անց՝ պատերազմը պիտի կասեցնէ այդ կենսունակութիւնը։ Անիկա շուտով, ու հայութեան երկու մայր հատուածներուն համար՝ յաջորդաբար, առաջին գիծի վրայ պիտի բերէ վերապրումի խնդիրներ. պիտի դառնայ իսկական գոյամարտ։

Աղբիւր

Խմբագրել
  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 127: